ԳլխաւորԽմբագրական

Թրամփ ՄԱԿ-նիշը

 

«Հայրենիք» – Պոսթըն
Խմբագրական

“There is no such thing as the United Nations”.
«Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւն անունով բան մը գոյութիւն չունի»։
Ճան Պոլթըն (Հանրապետական, իրաւաբան, դիւանագէտ, խորհրդատու եւ քաղաքական մեկնաբան)

Կարճ ու կտրուկ. անխոհեմ հաստատում մըն է Պոլթընի ըրածը, սակայն նկատի ունենալով իր նկարագիրն ու մեծ հարցականներ կրող վաստակը, կարելի է տարբեր վերլուծումներու եւ եզրակացութիւններու յանգիլ, կանգ առնելով նման հաստատումի մը յետին նպատակներուն վրայ: Ժամանակ մը նախագահ Թրամփի կամակատար-ուղեկիցը յետոյ անոր հովանիէն հեռացաւ, մինչեւ իսկ պահ մը կալանքի տակ առնուեցաւ…: Այս «ամուսնալուծումէն» առաջ, 2018-2019 տարիներուն, ան նախագահին ազգային անվտանգութեան հարցերու խորհրդականն էր, իսկ աւելի առաջ, 2005-2006 տարիներուն, ծառայած է իբրեւ ՄԱԿ-ի մօտ Միացեալ Նահանգներու 25-րդ դեսպան։ Այսօր, շատ չի յիշուիր հայր Պուշի (նախագահ) հետ անոր գործակցութիւնը եւ Իրաքի վրայ յարձակման նախագիծին (ու յերիւրանքներու) մշակման մէջ դերակատարութիւնը` Նո՛յնքան տխրահռչակ Տիք Չէյնիի կողքին…
Պոլթըն իր հաշուարկուած դիտանկիւնէն եւ տարօրինակ մտածելակերպով կատարած է այդ հաստատումը ։ Սակայն եթէ կարկինը լայն բանանք եւ աշխարհի անցուդարձերուն հետեւինք, շատեր կրնան մտածել, որ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւն անունով բան մը գոյութիւն չունի իսկապէս։
Տարեկան դրութեամբ կազմակերպուած ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի այս տարուան նստաշրջանի բացման հանդիսութեան պահուն, նախագահ Թրամփի գրեթէ մէկ ժամ տեւողութեամբ երկար ու դատարկ ճառը ապացոյց մը եղաւ, որ իր երբեմնի բարեկամ եւ գործակից, իսկ այժմ լուսանցքի վրայ նետուած Պոլթընի վերոյիշեալ հաստատումը դժբախտաբար ճիշդ է։
Թրամփ կը կարծէր, թէ Սպիտակ Տան մէջ կը գտնուէր եւ իր դիմաց նստողները քոնկրէսականներն ու ծերակուտականներն էին։ Մինչդեռ, Աշխարհի չորս ծագերէն եկած 193 երկիրներու ներկայացուցիչներ ստիպուած եղան «ունկնդրել» իր ձաբռտուքները, ընտրարշաւը յիշեցնող անմակարդակ եւ շինծու խօսքերն ու անյարիր յերիւրանքները: Զարմանալիօրէն, քանի մը անգամ ծափողջոյններ ալ լսուեցան, իբրեւ թէ յարգելու համար հիւրընկալ երկրի նախագահը: Անշուշտ կարելի չէ ստուգել, թէ ծափերը… վճարովի՞ էին։
Թրամփ խօսեցա՜ւ ու խօսեցաւ: Նիւթե՞րը՝ «you name it» («ինչ որ կ’ուզես»), պիտի եզրակացնէր համբերութեամբ հետեւողը. քաղաքական անցուդարձեր, խաղաղութեան դաշինքներ, տնտեսական իրավիճակ, կենսոլորտ, ապօրինի գաղթականներ, թմրեցուցիչի վաճառականութիւն, Ռուսիոյ մասին նշումներ եւ ․․․նոյնիսկ արհեստական բանականութիւն (Artificial Inteligence)։
Թրամփ բազմիցս նիւթէն շեղեցաւ եւ միշտ ու միշտ ամերիկեան քաղաքական բեմի իր մրցակիցներուն մասին անտեղի արտայայտութիւններ արձակեց, ներքին հարցեր արծարծելով։ Նիւթ մը՝ որ հեռաւոր Անկոլայի, Փարակուայի կամ Սէյշելեան կղզիներու (եւ այլոց) ներկայացուցիչներուն համար հետաքրքրական եւ այժմէական չէր, ո՛չ մէկ շահեկանութիւն ունէր։
Ան յոխորտաց, որ ութ ամիս առաջ (վեր)ստանձնած է իր պաշտօնը եւ 7 ամիսներու ընթացքին, կրցած է աւարտին հասցնել 7 պատերազմեր։ Ուրեմն, իր տրամաբանութեամբ, ամիսը մէկ պատերազմ պիտի դադրի։ Հայորդիին համար, միակ յուսադրիչ կէտը այն էր, որ ան անգամուան մը համար չսխալեցաւ, եւ Հայաստան (Armenia) արտասանեց, Ալպանիա ըսելու փոխարէն։
Պաղեստինի մասին խօսելով, ան կեղծիքին ընդմէջէն իսկական դիմագիծը ներկայացուց, այդ ալ՝ առանց գիտակցելու։ Ան հեգնական ոճով արտայայտուեցաւ Պաղեստինը ճանչնալու եւրոպական կարգ մը երկիրներու որոշումին մասին։ Այլ հարց՝ որ Պաղեստինը իր համեմատաբար աւելի կայուն գոյութեան ժամանակ չճանչցուեցաւ, իսկ այժմ՝ երբ Կազան գրեթէ հիմնայատակ կործանած է ու բնակչութեան անխնայ ջարդը կը շարունակուի անսանձ, իսկ Արեւմտեան Ափն ալ հետզհետէ կը «կրծուի» բռնի ուժով բնակութիւն հաստատող ծայրայեղական հրեաներու կողմէ․․․: Ծանօթ ըլլալով Թրամփի «տրամաբանութեան», զարմանալի չէ, թէ ան ինչո՞ւ Կազան չունէր «պատերազմներ դադրեցուցի»ի ցանկին վրայ:
Ամէնայն ինքնավստահութեամբ, Թրամփ բոլոր գաղթականները դասեց թմրեցուցիչի վաճառականի եւ ոճրագործի ցանկին, ո՛չ մէկ խոր վերլուծում կատարելով, թէ ի՞նչ են իսկական դրդապատճառները։ Կենսոլորտն ալ, իր կարգին, խամաճիկի վերածուեցաւ: Բանական ու տրամաբանութիւն ունեցող մարդուն համար, սքանչելի «գիւտ» էր Թրամփի ըսածը, թէ՝ ժամանակին ջերմաստիճանը կը նուազէր, իսկ հիմա ալ կը բարձրանայ։ Այս մարդն ալ ամենագէտ կը կարծէ ինքզինք, որովհետեւ օր մը առաջ, այս կամ այն դեղը գործածելու-չգործածելու հրահանգներ արձակեց իր ժողովուրդին, կողքին ունենալով իրեն չափ «իմաստո՜ւն» առողջապահութեան նախարարը:
Հպանցիկ անկարկութիւն ընելով Նոպելեան մրցանակին տիրանալու իր ախորժակներուն՝ Թրամփ քուրջի կտորի վերածեց ՄԱԿ-ը, նոյնիսկ իբրեւ կառուցողական կազմակերպութիւն, մանաւանդ, որ մեկնարկի պահուն, անոր շարժուն աստիճանները չգործեցին, ո՛չ ալ հեռարձակները։
Չմտնենք այն լաբիւրիդոսին մէջ, թէ ինչո՞ւ, որո՞նց անմարդկային արարքներուն եւ ճնշումներուն հետեւանքով ՄԱԿ-ը մեծ նահանջ արձանագրած է իր սկզբնական առաքելութենէն, իսկ մարդկութիւնը արդար սպասում ունի, որ ան, իր բոլոր ենթակառոյցներով, վերականգնի իբրեւ միջազգային այն հեղինակութիւնն ու բեմը, որ սահմանուած էր իր արարման իսկ օրերուն, Սան Ֆրանսիսքոյի առաջին հաւաքին: Այլ խօսքով, կարելի չէ համաձայնիլ Թրամփի մը կամ Պոլթընի մը դատողութիւններուն, որովհետեւ իրենց նմաններուն «իրագործումներն» են որ անատամ եւ անկարող կառոյցի վիճակին մատնած են այս կազմակերպութիւնը:
Այս առթիւ կարելի է յիշել միեւնոյն Պոլթընի մէկ այլ խօսքը եւ համաձայն ըլլալ անոր. –
«Անյուսալիօրէն, Նոպէլեան խաղաղութեան մրցանակը քաղաքականացուած է։ Կը կարծեմ, որ անիկա ինքզինք արժեզրկած է»։
ՄԱԿ-ը անկարող է, իսկ Թրամփ ՄԱԿ-նիշը՝ ահաւոր։

 

Advertisement Subscribe Today

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button