
Դաւիթ Պոյաճեան
Ծ․Խ․- Այս յօդուածը գրուած է Հոկտեմբեր 6-ին անգլերէն լեզուով։ Գերհետաքրքրական եւ այժմէական ըլլալով, լոյս կ՛ընծայենք հայերէն թարգմանութիւնը։
Ամերիկացի նախագահներ սովորաբար ծնրադրելով ընդառաջած են թրքական պահանջներու։
Սակայն Ամերիկայի նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփի Թուրքիոյ մէջ կատարած գործարարական ներդրումները, թրքականով աղարտուած անոր գործընկերները եւ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի շահերուն համար անոր կատարած վիրաւորական զիջումները, անոր համար ստեղծած են նեղացուցիչ եւ արտակարգ կերպով վատ համբաւ մը։
Այդ համբաւը Թրամփի հանրապետական, ժողովրդավարական եւ Արդարադատութեան մարզի թշնամիներուն յաւելեալ «կեր» կրնայ տրամադրել, յատկապէս նկատի ունենալով այն իրողութիւնը, որ Թուրքիա կը շարունակէ մնալ ՆԱԹՕ-ի անառակ մէկ անդամը եւ միջազգային ահաբեկչութեան զօրակիցը։
Ստորեւ ներկայացուածը պարզապէս կոտորակ մըն է, քաղուած Թրամփ-թրքական տխրահռչակ վէպէն։
ՈՐՈՇ ՉԱՓՈՎ ՇԱՀԵՐՈՒ ԲԱԽՈՒՄ
2015-ին Թրամփ հաստատեց հետեւեալը. «Որոշ չափով շահերու բախման հարց ունիմ, Թուրքիոյ վերաբերեալ»։
Իսկապէս ալ, 2012-էն ի վեր, Պոլսոյ մէջ գտնուող «Թրամփի Աշտարակներ» համալիրը, անոր 10 միլիոն տոլարի շահ ապահոված է։
Մեհմեթ Ալի Եալչընտաղ Թրամփի թուրք գործընկերն է այդ յանդուգն նախաձեռնութեան մէջ։ 2018-էն սկսեալ ան նախագահած է Թուրքիա-Ամերիկա Առեւտրական խորհուրդը (ԹԱԱԽ), որ ուղղակիօրէն կապուած է թրքական կառավարութեան։ Ան նաեւ ծանօթ էր իբրեւ միջնորդ մը՝ Էրտողանի կասկածելի փեսային՝ Պերաթ Ալպայրաքի եւ Թրամփի փեսային՝ Ճերըտ Քուշների միջեւ։
2020-ին, Եալչընտաղի յղած նամակները Թրամփի երկրագործութեան, առեւտրական եւ ուժանիւթի քարտուղարներուն, լոպիինկ կատարեցին Թուրքիոյ հետ գործարարութեան յաւելեալ գործակցութեան ի խնդիր։ Եալչընտաղ յստակ կերպով ե-նամակները յղեց նաեւ Թրամփի, ըստ երեւոյթին (եւ անպատշաճ կերպով) բարձրացնելու իրենց գոծարարական եւ առեւտրական գործընկերութիւնը։
2013-2020-ի վերջերը, Ուաշինկթընի «Մըրքըրի հանրային կապեր» հաստատութիւնը ծառայեց իբրեւ Թուրքիա-Ամերիկա Առեւտրական խորհուրդի արձանագրուած թուրք արտաքին գործակատարը։
Թրամփի նախագահական պաշտօնակալութենէն ետք «Մըրքըրի հանրային կապեր» հաստատութիւնը աշխատանքի կոչեց հաղորդակցութեան իր տնօրէնը՝ Պրայըն Լանզա, եւ զայն արձանագրեց իբրեւ թուրք գործակատար։ «Պալարտ Գործընկերներ» հանրային կապերու եւ լոպիինկի հաստատութիւնը, որուն կը նախագահէր Թրամփի գլխաւոր հանգանակողներէն Պայըն Պալարտ, նաեւ կարճ ժամանակ մը ետք վերածուեցաւ թուրք գործակատարի մը։
ՏԱՆԸԼՏ ԿՐՏՍԵՐԻ ՅԵՏ-ԳՈՀԱԲԱՆԱԿԱՆ ՎԱԶՔԸ՝ ԴԷՊԻ ԹՈՒՐՔԻԱ
Իր հօր՝ Տանըլտ Թրամփի ընտրութենէն անմիջապէս ետք, անոր զաւակը՝ Տանըլտ Թրամփ կրտսեր, որսի նպատակով մեկնեցաւ Անթալիա։
Անանուն գործարար Եալչընտաղի ընկերակցութեամբ, կ’ենթադրուի, թէ Թրամփ կրտսեր կրցած է երկու վայրի այծեր որսալ։
Դէպի ճնշող երկիր մը կատարուած այս պտոյտը, որ անձնական հաճոյքի նպատակով էր, լուսարձակի տակ առած է Թուրքիոյ հանդէպ Թրամփ ընտանիքին բարոյական տկարութիւնը։
ԷՐՏՈՂԱՆԻ ԳՈՐԾԱԾ ԽՈՒԼԻԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՄԱՅՐԱՔԱՂԱՔԻՆ ՄԷՋ
16 Մայիս 2017-ին, Էրտողան հրահանգեց իր թիկնապահները՝ յարձակելու Ուաշինկթընի մէջ Թուրքիոյ դեսպանին բնակարանին դիմաց հաւաքուած խաղաղ ցուցարարներուն վրայ։ Նախքան այս հրահանգը տալը Էրտողան հանդիպում մը ունեցած էր Թրամփի հետ։
Ամերիկացի ցուցարարներուն մեծամասնութիւնը ոտնահարուած էին եւ արիւնլուայ վիճակի մատնուած։ Ոմանք նոյնիսկ փոխադրուած էին հիւանդանոց։ Վիրաւորուած էր նաեւ ոստիկան մը։
Ամերիկայի Ներկայացուցիչներու Տունը միաձայնութեամբ հետաքննութիւն պահանջեց Էրտողանի թիկնապահներուն դէմ։
Հակառակ Ներկայացուցիչներու Տան այս կեցուածքին, Թրամփ մնաց ամօթալի լռութեան մը մէջ։
Նոյն տարուան Օգոստոսին, Ամերիկայի Դատական իշխանութիւնները ամբաստանեցին Էրտողանի վայրագ թիկնապահներուն մէկ տասնեակը, բայց եւ այնպէս անոնք Էրտողանի հրահանգով արդէն իսկ վերադարձած էին Թուրքիա։
Գայթակղեցուցիչ արարքով մը սակայն, 2018-ին Դատական իշխանութիւնները թիկնապահներուն դէմ արձակուած այդ ամբաստանութիւնները ջնջեցին, Ամերիկայի արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսընի Անգարա այցելութենէն օր մը առաջ։
Էրտողանն ու անոր վայրագ թիկնապահները յաղթանակ արձանագրեցին։ Ամերիկացիները պարտուեցան։
ԹՐԱՄՓ, ՃԻՈՒԼԻԱՆԻ ԵՒ ԶԱՐՐԱՊ – ՀԱԼՔ ԴՐԱՄԱՏՈՒՆԸ
Նախագահ Թրամփ արտօնեց Նիւ Եորքի նախկին քաղաքապետ Ռուտի Ճիուլիանիին՝ Թուրքիոյ շահերուն ի նպաստ լոպիինկ կատարելու, նոյնիսկ եթէ անիկա ամերիկեան շահերուն դէմ էր։
Ճիուլիանի, որ երկար ժամանակի համար Թրամփի փոխանորդը եղած է, անոր գործընկերն էր «Կրինպըրկ Թրորիկ» իրաւաբանական հաստատութեան մէջ, 2016-2018։ Ան արձանագրուած թրքական գործակատար մըն էր 2017-2020։
Թրամփ Ճիուլիանին աշխատանքի հրաւիրեց, իբրեւ համացանցային գործառնութեանց ապահովութեան խորհրդատու, 2017-ի նախագահական իր պաշտօնակալութենէն քիչ առաջ։
2016-ին, Ամերիկայի Կեդրոնական դրամատունը Ռեզա Զարրապը ամբաստանեց Թուրքիոյ Հալք դրամատան ընդմէջէն Իրանի դէմ պարտադրուած ամերիկեան պատժամիջոցները խախտելու յանցանքով։
Զարրապ՝ թուրք-իրանցի-ատրպէյճանցի քաղաքացի մը, հսկայական հարստութիւն դիզած անձնաւորութիւն մըն է, որ Հալք դրամատան մեծամասնութեան բաժնետէրն է։ Ան մտերիմ է Էրտողանի, եւ հետապնդուած թիրախ մը՝ Ամերիկայի արդարադատութեան նախարարութեան ու Դատական իշխանութիւններուն մաս կազմող դատաւորներուն կողմէ։
Փետրուար 2017-ին, Էրտողանի հետ հանդիպումի մը ընթացքին Ճիուլիանի ներկայացուց Զարրապը։
Թրամփի կողմէ նշանակուած՝ ինքնավստահ Ճիուլիանի որոշ ժամանակի մը համար պաշտպանեց Զարրապը, մինչ նոյնինքն Թրամփի դատական իշխանութիւնը կը հետապնդէր այդ սրիկան, հարուած հասցնելով շահերու բախման։ Այս բոլորով հանդերձ, Թրամփ արտօնեց Ճիուլիանիի «յառաջընթաց»-ը շարունակել։
2017-ի սկիզբը, Ճիուլիանի ճնշում բանեցուց Դատական իշխանութիւններուն վրայ «որոշ համաձայնութիւն» մը գոյացնելու Թուրքիոյ հետ՝ Զարրապը ազատ արձակելու նպատակով։
11 Մարտ 2017-ին, Թրամփ խորհրդաւոր պայմաններու մէջ վտարեց Մենհեթընի Աւագ դատախազ Փրիթ Պարարան, որ կը հետապնդէր Զարրապը։
20 Յունիս 2020-ին Ամերիկայի նախագահը պաշտօնէ արձակեց նաեւ Պարարայի փոխանորդ Ճեֆրի Պըրմէնը, որ ենթադրաբար կը շարունակէր Հալք դրամատան թղթածրարի հետապնդումը։
Թրամփ արտաքին գործոց նախարար Թիլըրսընէն պահանջեց ճնշում բանեցնել դատական իշխանութեան վրայ, որպէսզի Զարրապի թղթածրարը փակուի։ Թիլըրսըն իրաւացիօրէն մերժեց նախագահին պահանջը։ Կ’ըսուի, թէ Էրտողանի հրամանով Թրամփ նաեւ Ընդհանուր դատախազ Պիլ Պարէն եւ Դատական իշխանութիւններէն պահանջած է մեղմ եւ վարուելակերպ ցուցաբերել Հալք դրամատան հանդէպ։
Թուրքիոյ շահերը յաղթեցին Ամերիկայի շահերուն։
ԹՐԱՄՓԻ ՈՒՇԱՑԱԾ ՊԱՏԺԱՄԻՋՈՑՆԵՐԸ
2017 Օգոստոսին Իրանի, Հիւսիսային Քորէայի եւ Ռուսիոյ դէմ ամերիկեան Քոնկրէսին պարտադրած պատժամիջոցները՝ Ամերիկայէն պահանջեցին պատժել նաեւ այն օտար գոյակցութիւնները, որոնք Ռուսիոյ պաշտպանութեան ճարտարարուեստի մարզին հետ գործարարութիւն կը կատարեն։
Հետեւաբար Ռուսիայէն «Էս-400» հրթիռներ գնող Թուրքիան բացայայտ օրինազանցութիւն գործող երկիր մըն էր այս իմաստով։
Հակառակ այս իրողութեան Թրամփ անամօթաբար անտեսեց Քոնկրէսին կողմէ իբրեւ օրէնք պարտադրուած պատժամիջոցը, մինչեւ 2020 Դեկտեմբեր, երբ քոնկրէսական ճնշումը անհամաչափ բարձրացաւ։
Նկատի ունենալով, որ «Էս-400» հրթիռները կրնան լրտեսել ամերիկեան «Էֆ-35» կործանիչներու արհեստագիտութեան դէմ, Փենթակոնը պնդեց, որ Թուրքիա զերծ կացուցուի «Էֆ-35»-ի ծրագիրէն։
Այսուհանդերձ, միայն 2019-ին, եւ Թուրքիոյ կողմէ «Էս-400» գնելու մասին մնայուն կերպով պատճառաբանութիւններ հայթայթելէ ետք է, որ Թրամփ խափանեց Թուրքիան՝ «Էֆ-35» ունենալէ։
ՄԱՅՔԸԼ ՖԼԻՆԻ ԹՐՔԱԿԱՆ ԱՐԿԱԾԱԽՆԴՐՈՒԹԻՒՆԸ
Հանգստեան կոչուած հազարապետ-զօրավար Մայքըլ Ֆլին, որ Պաշտպանութեան գաղտնի սպասարկութեան նախկին տնօրէնն էր, եղած է Թրամփի նախագահական ընտրարշաւի խորհրդատուն, ինչպէս նաեւ անոր քաղաքացիական անվտանգութեան առաջին խորհրդատուն։
Ֆլին խորհրդատուի իր պաշտօնը վարեց միայն 22 օրուան համար, որովհետեւ ան 2016 Դեկտեմբերին Ամերիկայի փոխնախագահ Մայք Փենսը խաբեց՝ Ռուսիոյ դեսպան Սերգէյ Քիսլիաքի հետ իր ունեցած զրոյցին վերաբերեալ։
15 Յուլիս 2016-ին, Ֆլին հրապարակային կերպով զօրակցեցաւ Էրտողանի դէմ կատարուած յեղաշրջումի փորձին։
8 Նոյեմբերին սակայն, Թրամփի ընտրութեան օրը, Ուաշինկթընի «Տը Հիլ» պաշտօնական կայքին վրայ տեղադրուած Ֆլինի յօդուածը անոր կեցուածքներուն առումով ետդարձ մը կատարեց։ Այդ յօդուածով Ֆլին պաշտպանեց Էրտողանը եւ դէմ արտայայտուեցաւ Թուրքիայէն աքսորուած եւ Փենսիլվենիա հաստատուած իսլամական կրօնական ղեկավար Ֆեթհիւլլա Կիւլենի դէմ։ Կիւլեն Էրտողանի կողմէ մեղադրուած էր իր դէմ յեղաշրջումը կազմակերպելու յանցանքով։
Ի՞նչու այս ետդարձը։
Հաւանաբար որովհետեւ «Ֆլին ինթել կրուփ»-ը, որ Ֆլինի կողմէ հիմնուած լոպիիստական խմբաւորում մըն է, այդ ամրան եւ աշնան աւելի քան 500.000 տոլարի գումար մը ստացած էր Թուրքիա-Ամերիկա Առեւտրական Խորհուրդի նախագահ Քամիլ Էքիմ Ալփթեքինէն, իսկ Ֆլինի «Ինովօ Պի. Վի.» հաստատութիւնը, որ ուղղակիօրէն կապուած է թրքական կառավարութեան, դարձեալ ստացած էր նոյնքան գումար, որպէսզի աշխատէր թրքական շահեր ապահովելու եւ Կիւլենի շահերը հարուածելու նպատակով։
Ճնշումի ազդեցութեան տակ, 2017 Մարտին Ֆլին արձանագրուեցաւ իբրեւ թուրք գործակատար։ Ի վերջոյ Ամերիկայի Դատական իշխանութիւնները յետս կոչեցին Ֆլինի դէմ ամբաստանութիւնները, որոնք կը վերաբերէին ռուս դեսպան Քիսլիաքի հետ անոր զրոյցին։
Թրամփ Ֆլինի ներում շնորհեց 2020-ին։
Արդեօ՞ք Թրամփ Ֆլինը քաղաքացիական անվտանգութեան իր խորհրդատուն նշանակած էր Թուրքիա-Ամերիկա Առեւտրական խորհուրդին, Ալփթեքինի եւ Թուրքիոյ հետ անոր գործընկերութեան պատճառով։
Իրականութիւն մը, որ մեզի չի զարմացներ։
ԹՐԱՄՓ ՀԱՍՏԱՏԵՑ ԴՈԿՏ. ՄԵՀՄԵԹ ՃԵՆԿԻԶ ՕԶԻ ԹԵԿՆԱԾՈՒԹԻՒՆԸ
Դոկտ. Մեհմեթ Օզ պատկերասփիւռի յայտագիրներու հանրածանօթ հաղորդավար մըն է, որ նաեւ Ծերակոյտի ընտրութիւններուն համար Փենսիլվենիա նահանգի հանրապետական թեկնածուն է։
Օզ պահպանողական չէ։ Լաւագոյն պարագային ան չափաւորական է, նոյնիսկ ազատական՝ վիժումի, զէնք ունենալու եւ միասեռականներու հարցերուն վերաբերեալ։
Հետաքրքրական կերպով սակայն, անցեալ Ապրիլին Թրամփ Օզի թեկնածութիւնը հաստատեց իր հանրապետական եւ պահպանողական առաջնակարգ հակառակորդներուն՝ Քեթի Պարնեթի եւ Տէյվիտ ՄըքՔորմիքի դէմ։
Նախապէս Թրամփ Ծերակոյտի ընտրութեան համար հաստատած էր Շին Փարնելի թեկնածութիւնը։ Փարնելի թեկնածութիւնը զանց առնուելէ ետք էր միայն, որ Օզ իբրեւ մրցակից կրցաւ մազ կազմել այս ընտրութեան, 22 Նոյեմբեր 2021-ին։
Օզ Ամերիկա ծնած թուրք մըն է, որ թրքական բանակին մէջ զինուորական իր ծառայութիւնը կատարած է եւ մասնակցած 2018-ի Թուրքիոյ ընտրութիւններուն։
Անոր ընտրարաշաւին մասին հրապարակուած նիւթական տեղեկագիրէն զանց առնուած է իր տիրակցութիւնը Նիւ Ճըրզիի Ֆերվիու շրջանին մէջ բնակարանային համալիրի մը, որ կը պատկանի երկու հակադարձ թուրք ազգայնականներու։
Թրամփի իշխանութեան արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ յայտնեց, որ Օզ պէտք է բացատրութիւն տայ թրքական կառավարութեան հետ իր յարաբերութեան չափին ու խորքին մասին։
Թրամփ շեշտեց, որ Օզի թեկնածութիւնը նկատի ունենալով աւելի հաւանական պիտի դարձնէ իր ընտրուելու կարելիութիւնը։ Ըստ երեւոյթին Մելանիա Թրամփ իր կարգին Օզը համակրելի կը գտնէ։
Այնուամենայնիւ, տեղին է հարց տալ, որ արդեօք Օզի թրքական ենթահողը Թրամփին զօրակցութեան ազդակներէ՞ն կը նկատուի։ Կրնա՞յ ըլլալ, որ Թրամփի թրքական ցանցը՝ ներառեալ Էրտողանը, համոզուած են զայն՝ հաստատելու Օզի թեկնածութիւնը։
ԹՐԱՄՓ ԴԱՒԱՃԱՆԱԾ Է ՀԱԿԱ-ՏԱՀԷՇ ԳՈՐԾԸՆԿԵՐՆԵՐԸ
Իբրեւ Ամերիկայի դաշնակիցները՝ Սուրիական ժողովրդավարական ուժերը, որոնք 70.000 զինուոր կը հաշուէին, ունեցած են մարդկային վնասներ, եւ անոնցմէ 11.000 զինուոր զոհուած է Տահէշի դէմ բախումներու ընթացքին։ Սուրիական ժողովրդավարական ուժերը, հիմնականին մէջ կը բաղկանան քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներէն, իսկ մնացեալը՝ հակա-Տահէշական սուրիական խառն միլիսներ են։
Էրտողան կը հաստատէ, թէ Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատները ուղղակիօրէն առնչուած են Քրտական Աշխատաւորական կուսակցութեան, որ Ամերիկայի կողմէ ահաբեկչական կազմակերպութիւն նկատուած է։ Մինչդեռ Թուրքիա հաստատ կերպով կը մնայ միջազգային ահաբեկչութիւնը քաջալերող երկիր։
6 Հոկտեմբեր 2019-ին, Թրամփ տեղեակ պահեց Էրտողանը, թէ ամերիկեան զօրամասերը պիտի նահանջեն Սուրիոյ հիւսիս-արեւելեան շրջանէն, որ կը գտնուէր Սուրիական Ժողովրդավարական ուժերուն հակակշիռին տակ։ Երեք օր ետք Թրամփ կանաչ լոյս տուաւ Թուրքիոյ այդ շրջանը գրաւելու։
Թրամփի այս որոշումը Սուրիական ժողովրդավարական ուժերուն կողմէ նկատուեցաւ կռնակէն հարուած մը։ Ամերիկայի Ներկայացուցիչներու Տունը անմիջապէս գումարեց նիստ մը, ուր 354 թեր եւ 60 դէմ քուէներով սաստեց Թուրքիոյ վարչակազմը։
Թրամփ քիւրտերը դաւաճանելու իր քայլը արդարացուց ըսելով, որ անոնք Բ. Աշխարհամարտին եւ Նորմանտիի ընթացքին իրենց չեն օժանդակած։ Պատմական առումով Թրամփի յայտարարութիւնը հակասական ու անհեթեթ էր։ Իսկապէս սակայն Բ. Աշխարհամարտին Թուրքիա նացիամէտ էր։
Միւս կողմէ, Թրամփ աւելցուց, որ իրենք քիւրտերը համակրելի կը գտնեն։ Հակառակ անոր որ 2017-ին, ան յայտարարած էր, թէ ինք քիւրտերը բնաւ համակրելի չի գտներ։
Թուրքիոյ յարձակումին պատճառով սպաննուեցան Սուրիական ժողովրդավարական ուժերու հարիւրաւոր անդամներ եւ բռնագաղթի ենթարկուեցան 160.000 քաղաքայիններ, ներառեալ՝ քիւրտեր ու քրիստոնեաներ։
Սուրիական ժողովրդավարական ուժերուն բանտերուն մէջ կը գտնուէին Տահէշի հազարաւոր անդամներ։ Անոնցմէ հարիւրաւորներ կամ աւելի փախուստ տուին իրենց արգելարաններէն Թուրքիոյ յարձակումին պատճառով։
Հակա-Տահէշական նախագահական նախկին պատուիրակ Պրեթ ՄըքԿըրք յայտնեց, որ թրքամէտ ուժերու յարձակումին ընթացքին գործուած են պատերազմական ոճիրներ։
Հանգստեան կոչուած ամերիկացի զօրավար Ճոզեֆ Վոթել զգուշացուց, որ Սուրիական ժողովրդավարական ուժերը լքելու Թրամփի կեցուածքը քանդած է Ամերիկայի ապագան՝ վստահելիութեան առումով։
Հակառակ յարձակումին եւ 2017-ին Ուաշինկթընի դէմ Էրտողանի գործած խուլիկանութեան, Թրամփ 13 Նոյեմբեր 2019-ին հիւրընկալեց այդ թուրք մենատէրը։
«Ես Ամերիկայի նախագահին մեծագոյն երկրպագուներէն եմ», ըսաւ Էրտողան։
Այո՛, եւ փոխադարձաբար Ամերիկայի կորուստին մեծագոյն երկրպագուներէն։
ՃԻՇԴ ԲԱՆԸ ԿԱՏԱՐԵՑԷ՛Ք
Անշուշտ աւելի ընդարձակ հարցը Ամերիկայի արտաքին գործոց նախարարութիւնն է եւ արտաքին քաղաքականութիւնը, որ երկար ժամանակէ ի վեր կ’արտօնէ, որ Թուրքիա խաբէ ու կրտէ զայն։
Եթէ Թրամփ դարձեալ փափաքի մասնակցիլ նախագահական ընտրութեան եւ կամ շարունակէ հանրութեան երեւելի հարթակի վրայ մնալ, ապա ան պէտք է հրաժարի թրքական իր ներդրումներէն, թրքականով պղծուած մտերիմներէն եւ թրքական սեւեռումներէն։
Միայն այդ մօտեցումը կրնայ լաւագոյնս ծառայել Թրամփի եւ Ամերիկայի շահերուն։