ԹՈՒՐՔ-ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԱԿԱՆ ԳՈՐԾՕՆԸ

«Հայրենիք» – Պոսթըն
Խմբագրական
Շատեր կը շարունակեն գովաբանել եւ գոհունակութեամբ հաստատել, թէ Թուրքիա կրցած է պահել չեզոք կեցուածք մը եւ հեռու կը մնայ Միջին Արեւելքի մէջ ստեղծուած ներկայ յորձանուտէն։ Արդեօք, անոնք խաբուա՞ծ են Էրտողանի զգացական եւ փաղաքշական խօսքերէն, թէ․ «Անգարա մտահոգ է Ա․Մ․Ն․-ի եւ Իսրայէլի յարձակումներէն՝ մեր հարեւան Իրանի նկատմամբ…» եւ այդ գծով ալ համոզուած են, որ Թուրքիա կը փորձէ լրջօրէն լուծել հարցը երկխօսութեամբ եւ բանակցութիւններով։
Այսպէս անգամ մը եւս, Թուրքիան կը փորձէ միջնորդի դեր խաղալ՝ հաղորդակցելով Ամերիկայի, Իրանի, Եւրոպական երկիրներու եւ շրջանային պետութիւններու հետ՝ բանակցութիւնները առաջ մղելու նպատակով։ Էրտողանի կողքին, բարձրաստիճան այլ ղեկավարներ ալ կը քննադատեն Իրանի դէմ կատարուած յարձակումները եւ նախընտրութիւնը տալով դիւանագիտութեան, կոչ կ՛ընեն բանակցութիւններու՝ հակամարտութիւնը վերջացնելու համար։
Այսուամենայնիւ, Էրտողան քաջատեղեակ է, որ Ատանայէն քանի մը մղոն հարաւ՝ Ինճիրլիքի ռազմական օդակայանն ու Մալաթիոյ հարաւը գտնուող Քիւրեճիքի ռատարային կայանը մաս կը կազմեն ՆԱԹՕ-ի հրթիռային պաշտպանութեան համակարգին եւ այս օրերուն բազմազբաղ են իրենց գործունէութեամբ։ Դեռ աւելին, Թուրքիոյ օդուժին պատկանող Էֆ-16 հալածիչ-ռմբաձիգներ կայք հաստատած են Կիպրոսի հիւսիսային շրջանի գրաւեալ մասի ռազմական օդակայանին մէջ՝ աջակցելու համար ՆԱԹՕ-ի օդային պաշտպանութեան։
Բարդ է Թուրքիոյ դերը Ամերիկա – Իրան պատերազմին։ Անգարան ուղղակիօրէն չի կռուիր, սակայն ռազմավարական առումով կարեւոր է իր աշխարհագրական դիրքին, ՆԱԹՕ-ի անդամակցութեան եւ երկու կողմերուն հետ ունեցած քաղաքական կապերուն պատճառով։
Թեհրանի համար, դեռ թարմ են Դեկտեմբեր 2025-ին Սուրիոյ մէջ պատահած յեղաշրջումը, որուն պատճառով փուլ եկաւ իր հովանիին տակ գտնուող Պաշշար Ալ Ասատի վարչակարգը։ Յեղաշրջում մը, որուն կարեւորագոյն դերակատարը՝ Անգարան էր։
Զարմանալի չէ, որ Թուրքիան պատրաստակամութիւն ունենայ Իրանի տարածքին ռազմական գործողութիւն իրականացնելու, անշուշտ միայն ու միայն վարչակարգի անկման պարագային, որպէսզի ստեղծէ արգելափակման գօտի, նման այն գօտիներուն, որոնք հաստատած է հիւսիսային Սուրիոյ (փաստացիօրէն Անգարա կը հսկէ հիւսիսային շրջանը) եւ Իրաքի մէջ, որպէս պաշտպանութիւն յատկապէս քիւրտերուն դէմ։ Այլապէս, միջամուխ չըլլալով, ստեղծուած իրավիճակը կրնայ կրնայ ընկալուիլ որպէս սպառնալիք՝ Թուրքիոյ ազգային շահերուն։
Առ այժմ, պատերազմը Թուրքիոյ վրայ կ’ազդէ զանազան ոլորտներէ ներս։ Առաջին հերթին, նշենք, թէ Թուրքիան Իրանի հետ ունի շուրջ 330 մղոն (534 քիլոմեթր) երկարութիւն ունեցող սահման, որ կրնայ նկատուիլ մեծ թիւով փախստականներու յոյսի ճամբան, արդէն իսկ Սուրիայէն գաղթած եւ դեռ հոն ալ բնակութիւն հաստատուած «անտուն»-ներուն թիւը կրկին բազմացնելով։ Արդէն իսկ որոշ իրանցիներ սկսած են անցնիլ Թուրքիոյ սահմանը։ Երկիրը արդէն կը դիմագրաւէ միլիոնաւոր փախստականներու ներկայութիւնը եւ այսպէս Իրանի մէջ տիրող անկայունութեան պարագային, նոր ալիք մը կրնայ յառաջանալ։ Շատ աւելի խառնիճաղանչ կացութիւն մը ստեղծուած պիտի ըլլայ, երբ Արեւմուտքին կողմէ, փորձ կատարուի իրանեան քրտական խմբաւորումներ զինելու Թեհրանի ներկայ վարչակարգին դէմ։ Այդ մէկը կրնայ խնդիրներ ստեղծել Թուրքիոյ համար, որ հազիւ ձերբազատած, կրկին պայքարի քրտական զինեալ շարժումներու դէմ։
Պատերազմը նաեւ կը վնասէ Թուրքիոյ տնտեսութեան՝ նաւթի գիներու բարձրացման եւ շրջանային անկայունութեան պատճառով։
Կայ մետալին միւս կողմը։ Իրանը շրջանի մեծ ուժանիւթի արտադրողներէն ըլլալով, սահմանափակուած են արդէն արտահանումները, որուն պատճառով Թուրքիան կրնայ դառնալ աւելի կարեւոր ուժանիւթի անցումային կեդրոն Միջին Արեւելքի, Կեդրոնական Ասիոյ եւ Եւրոպայի միջեւ եւ հետեւաբար մեծ ազդեցութիւն ունենալ շրջանի ուժանիւթի ուղիներուն վրայ։
Նման անորոշ կացութեան լոյսին տակ, Թուրքիան իր կողքին ունենալով ռազմավարական դաշնակից Ատրպէյճանը պիտի փորձէ ընդլայնել իր ազդեցութիւնը Հարաւային Կովկասի մէջ, բան մը որ Անգարա երկար ժամանակաշրջանէ ի վեր կը ձգտի իր քաղաքական եւ տնտեսական ազդեցութիւնը տարածել Կովկասէն դէպի Կեդրոնական Ասիա։
Եւ դեռ աւելին, Իրանի մէջ շօշափելի թիւ կը հաշուէ ծագումով ատրպէյճանցիներու թիւը, որ կը գնահատուի շուրջ 15–20 միլիոնի։ Պաքու կրնայ այդ համայնքը ոգեւորել եւ դեռ քայլ մըն ալ անդին երթալ, պատրուակ ունենալով 5 Մարտին, Նախիջեւանի միջազգային օդակայանին ռմբակոծումը իրանեան անօդաչու սարքով։
TRIPP-ը («Թրամփի Միջազգային Խաղաղութեան եւ Բարգաւաճման Ուղին») կամ Զանգեզուրի միջանցքը ցայտուն օրինակն է համաթուրանական ճանապարհի ստեղծման։ Թեհրան շարունակ դէմ հանդիսացած էր այս միջանցքի ստեղծման։ Այս բոլոր զարգացումները կրնան Հայաստանի համար ստեղծել աւելի բարդ ռազմավարական միջավայր։ Այսինքն յաւելեալ ճնշում Հայաստանի հարաւային սահմանին վրայ, Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի ազդեցութեան աճ եւ առեւտրական ուղիներու սահմանափակում։
Հակառակ այս բոլորին, դեռ ՔՊ-ական վարչակարգը կը կրկնէ «խաղաղութեան խաչմերուկ» յանկերգը։

