ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՇՈՒՐՋ
Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ «թոյլ պիտի չտայ, որ մոռացութեան մատնուի հայերու կողմէ ատրպէյճանցիներու դէմ գործադրուած ցեղասպանութիւնը»։
Ատրպէյճանի իշխանութիւնները՝ նենգափոխելով պատմութիւնը, 31 Մարտը հռչակած են «ատրպէյճանցիներու ցեղասպանութեան օր», որուն առիթով ալ Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը իր հրապարակած յայտարարութեան մէջ նշած է, որ «պատմութեան մէջ սեւ բիծ մնացած այդ ողբերգական օրերուն, հայկական զինուած կազմաւորումները անգութ կերպով սպաննած են հազարաւոր անմեղ ատրպէյճանցիներ»։
Տեղին է նշել, որ օրեր առաջ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց պատմական անարդարութեան վերականգնումէն հրաժարելու մասին եւ իր այս ապազգային որոշումը բացատրեց խաղաղութեան հասնելու ձգտումով։
Սակայն, ահա թուրքերը եւ ատրպէյճանցիները ոչ միայն կը հետապնդեն պատմութեան խեղաթիւրումը, այլեւ հայութեան կ՛ուղղեն՝ «ցեղասպանութիւն» գործադրելու նոր մեղադրանքներ։
***
Թուրքիոյ հաղորդակցութեան պետական վարչութիւնը փոխըմբռնման յուշագիր մը ստորագրեց Ատրպէյճանի լրատու աղբիւրներու զարգացման գործակալութեան հետ՝ Պոլսոյ մէջ կայացած Հաղորդակցութեան Միջազգային Ռազմավարական Վեհաժողովին ծիրին մէջ։
Յուշագիրը կ՛ամրապնդէ թուրքեւատրպէյճանական գործակցութիւնը՝ թուային եւ ընկերային հաղորդակցութեան միջոցներու, լսատեսողական աղբիւրներու, ռազմավարական հաղորդակցութեան եւ աղէտներու տնօրինման մարզերուն մէջ։ Կողմերը նաեւ պիտի ստեղծեն մնայուն յանձնախումբեր եւ աշխատանքի միացեալ յանձնաժողովներ՝ Թուրքեւատրպէյճանական լրատու միջոցներու հարթակին ծիրին մէջ։
***
Իրանի դէմ շղթայազերծուած պատերազմը նոր հարուածներ հասցուց թուրք ներդրողներու, որոնք կը զբաղին թանկագին մետաղներու առուծախով։
Ըստ թրքական հիմնադրամի տեղաբաշխման ելեկտրոնային հարթակին, Թուրքիոյ մէջ թանկագին մետաղներու սակերը Իրանի դէմ պատերազմական գործողութիւններուն սկսումէն ի վեր, 11,2 առ հարիւրի անկում մը արձանագրած են։ Այս իրողութեան ցայտուն օրինակ մըն է ոսկիին սակը, որ մէկ ամսուան մէջ 22 առ հարիւրի անկում մը արձանագրած է, թուրք ներդրողները խուճապի մատնելով։
***
Ուսումնասիրութիւններու թրքական Ասալ ընկերութիւնը ընկերային հարցախոյզ մը կատարած է՝ Թուրքիոյ նախագահական ընտրութիւններուն մասին, թէ ,ո՞վ պէտք է ըլլայ նախագահական թեկնածուն։
Հարցախոյզին մասնակցողներուն 37.9 առ հարիւրը պատասխանած է, թէ գործող նախագահ Ռեճէփ Էրտողանն է յարմարագոյն թեկնածուն։ Երկրորդ դիրքի վրայ կը գտնուի ընդդիմադիր Հանրապետական Ժողովուրդին կուսակցութեան անդամ, Անգարայի քաղաքապետ Մանսուր Եաւաշ՝ 22.6 առ հարիւրով, իսկ երրորդ դիրքի վրայ՝ Պոլսոյ նախկին քաղաքապետ, ներկայիս բանտարկուած Էքրեմ Իմամօղլու՝ 16.2 առ հարիւրով։
Տեղին է նշել, որ Թուրքիոյ նախագահական ընտրութիւնները պիտի կայանան 2028-ին։
***
Թուրքիոյ Հիւսիսարեւմտեան Պուրսա նահանգի Նիլուֆեր քաղաքի քաղաքապետ Մուսթաֆա Պոզպէյ կալանաւորուեցաւ՝ փտածութեան եւ կաշառքի գործով, որ բացուած է Պոլսոյ ընդհանուր դատախազութեան կողմէ։ Նշանակալից է, որ Պոզպէյ եւս ընդդիմադիր Հանրապետական Ժողովուրդին կուսակցութեան անդամ է, ինչպէս Պոլսոյ քաղաքապետ Էքրեմ Իմամօղլուն եւ այլ քաղաքապետներ, որոնք նաեւ ձերբակալուած են նոյն գործին ծիրին մէջ։
Պոզպէյի կալանաւորումէն ժամեր ետք, ոստիկաններ խուժեցին Ուշաք քաղաքի քաղաքապետ Օզքան Եալըմի բնակարանը, ուր զայն կալանաւորեցին։ Անգարայի իշխանութիւնները ներկայիս բուռն հալածանք շղթայազերծած ընդդիմադիր քաղաքապետներու դէմ, որոնք անդամ են Հանրապետական Ժողովուրդին կուսակցութեան։ Արդէն իսկ ձերբակալուած եւ բանտարկութեան դատապարտուած են Պոլսոյ քաղաքապետը եւ այլ քաղաքներու ղեկավարներ։ Կաշառք ստանալու գործին ծիրը ընդլայնուած է՝ տարածուելով տարբեր նահանգներու մէջ գտնուող մեծ թիւով քաղաքներ, որոնց բոլորին քաղաքապետները ընդդիմադիր կուսակցութեան անդամ են։
***
Իտալիոյ ծովուժի սպայակոյտի պետ, ծովակալ Ճիուզեփփէ Պերուտի Պերկոթօ յայտնեց, որ կը սերտեն թրքական Պայրաքտար Թի. Պի. 3 տիպի անօդաչու սարք գնելու ծրագիրը, որպէսզի զինեն «Քավուր» օդանաւակիրը։
Իտալացի ծովակալին համաձայն, Իտալիոյ ծովուժը թրքական անօդաչու սարքերով սկսած է հետաքրքրուիլ՝ «Պայքար» ընկերութեան արտադրութեան կարելիութիւններուն ցուցադրութենէն ետք։ Պերկոթօ յայտնեց, որ Պայրաքտար անօդաչու սարքերուն գնումը կրնայ կատարուիլ՝ իտալական զէնքի «Լէոնարտօ» ընկերութեան հետ համագործակցաբար։
***
Թրքական ոստիկանութեան եւ Եւրոփոլի գործակցութեամբ, եւրոպական վեց երկիրներու մէջ կատարուած գործողութիւններու իբրեւ արդիւնք՝ կարելի եղաւ տարբաղադրել թմրեցուցիչի մաքսանենգութեամբ եւ դրամ լուալով զբաղող թրքական «Պէյպաշին» կազմակերպութեան ելեւմտական ենթակառոյցը։
«Պէյպաշին» կազմակերպութիւնը ծխախոտի մաքսանենգութենէն գոյացած մեծ գումարներ կը լուար եւրոպական մայրաքաղաքներու մէջ։ Կազմակերպութեան ղեկավար Հիւսէին Պէյպաշին ներկայիս ցկեանս բանտարկուած է Նետըրլէնտերու մէջ։
«Պէյպաշին»-ի դէմ գործողութիւնները համատեղօրէն կատարուեցան Իտալիոյ, Լեհաստանի, Անգլիոյ, Ֆրանսայի, Անգլիոյ եւ Զուիցերիոյ մէջ։
***
Համաշխարհային դրամատունը վաւերացուց Թուրքիոյ 2 միլիառ տոլարի փոխատուութիւն տալու դիմումը ՝ Պոլսոյ մէջ երկաթուղիի մեծ ծրագրի գործադրութեան համար։
Պոլսոյ մէջ պիտի կառուցուի 127 քիլոմեթր երկարութեամբ երկաթուղի մը, որ քաղաքին ասիական եւ եւրոպական բաժինները իրարու պիտի կապէ։ Այս երկաթուղին, որ կը շրջանցէ Պոլսոյ կեդրոնական շրջանները, պիտի ունենայ տարեկան 33 միլիոն ուղեւոր եւ 30 միլիոն թոն ապրանք փոխադրելու կարողութիւնը։
Մօտաւորապէս կէս բաժինը փապուղիներէ անցնող այս երկաթուղին իրարու պիտի միացնէ Կեպզէն, Սապիհա Կէօքճէն օդակայանը, Եաւուզ Սուլթան Սելիմ կամուրջը, Պոլսոյ օդակայանը եւ Հալքալին։
Պետական գանձատան եւ ելեւմուտքի նախարար Մեհմէտ Շիմշէք նշեց, որ երկաթուղիի ծրագիրը պիտի ստեղծէ աշխատանքի 99 հազար նոր տեղեր։

