ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՇՈՒՐՋ
Թրքական ընկերութեան մը կողմէ բանեցուող քարիւղատար նաւ մը, որ ռուսական քարիւղ կը փոխադրէր, Սեւ Ծովուն մէջ յարձակման թիրախ դարձաւ։ Քարիւղատար նաւուն վրայ կը ծածանէր Սիեռա Լէոնի դրօշը։
Փոխադրութեան եւ ենթակառոյցներու նախարար Ապտիւլքատիր Ուրալօղլու հաստատեց, որ նաւուն անձնակազմին 27 անդամները ողջ են։ Ան հաղորդեց, որ հարուածը հասցուած է նաւուն շարժակին՝ բացառելով անօդաչու սարքի գործածութիւնը։
Նաւը իր ուղեւորութիւնը սկսած էր ռուսական Նովորոսիսք նաւահանգիստէն եւ մէկ միլիոն տակառ ռուսական քարիւղով բեռնաւորուած էր։ Տեղին է նշել ,որ թրքական «Փերկամոն Տենիզճիլիք» ընկերութեան կողմէ բանեցուող քարիւղատար նաւը կը գտնուի Եւրոպական Միութեան եւ Անգլիոյ կողմէ հաստատուած պատժամիջոցներու տակ։
*
Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, որ Իրաք գտնուող թրքական զօրամասը, որ կը գործէր ՆԱԹՕ-ի հրամանատարութեան ներքեւ, երկրէն հեռացած է՝ ապահովական անկայուն իրավիճակին պատճառով։
Խորքին մէջ այս որոշումը տրուած է ՆԱԹՕ-ի հրամանատարութեան կողմէ, որ իր խաղաղարար ուժերը Իրաքէն հեռացուցած է՝ Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի կողմէ Իրանի դէմ շղթայազերծուած պատերազմական գործողութիւններուն պատճառով։
Պաշտպանութեան նախարարութեան համաձայն, թրքական օժանդակութիւն տրամադրուած է ՆԱԹՕ-ի խաղարար ուժերուն մէջ գործող այլ երկիրներու զօրամասերուն, որպէսզի Իրաքէն դուրս գան։
*
Թուրքիա վերջնականացուց Անգլիոյ հետ համաձայնութիւն մը, որուն հիմամբ նորոգութեան եւ գործարկման երկարաժամկէտ աջակցութիւն պիտի ստանայ՝ «Եուրոֆայթըր» օդանաւերուն համար։ Համաձայնութիւնը ստորագրուեցաւ պաշտպանութեան նախարարներ՝ Եաշար Կիւլէրի եւ Ճոն Հիլիի կողմէ։
Թուրքեւանգլիական այս համաձայնութիւնը կ՛իյնայ «Եուրոֆայթըր Թայֆուն» ծրագրին ծիրին մէջ։ Տեղին է նշել, որ Թուրքիա անցեալ տարի 10.7 միլիառ տոլարի համաձայնութիւն մը կնքեց Անգլիոյ հետ՝ գնելու համար «Եուրոֆայթըր Թայֆուն» տիպի 20 օդանաւեր։
Թուրքիա կը ջանայ իր օդուժը ամրացնել՝ զայն տարբեր տեսակի պատերազմական օդանաւերով օժտելով։ Անգարա նաեւ թափ տուած է թրքական «Քաան» ռմբաձիգներուն հինգերորդ սերունդին արտադրութեան։ Այս օդանաւերը թրքական օդուժին կողմէ պիտի սկսին գործածուիլ 2028-ին։
*
Քաթարի օդուժին պատկանող ուղղաթիռ մը ջախջախուեցաւ՝ սպաննելով թուրք զինուոր մը եւ թրքական զինական «Ասելսան» ընկերութեան երկու մասնագէտներ, հաղորդեց Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը, աւելցնելով, որ ուղղաթիռը վարժողական թռիչք կը կատարէր՝ թուրքեւքաթարեան միացեալ հրամանատարութեան ներքոյ։
Իր կարգին, քաթարեան պաշտօնական աղբիւր մը յայտնեց, որ նախնական գնահատականը այն է, թէ ուղղաթիռը ծովուն մէջ ջախջախուած է՝ մեքենական խանգարումի մը պատճառով։ Սակայն վերջնական եզրակացութիւնը պիտի բանաձեւուի՝ հետաքննութեան արդիւնքին հիման վրայ։
*
Թրքական «Ապտիւլ Համիտ Հան» պեղումներու նաւը առաջին անգամ ըլլալով սկսաւ հետախուզել հիւսիսարեւմտեան Քոճայլի նահանգին շրջանային ջուրերուն մէջ գտնուող ջրածուխի ընդծովեայ հանքերը։
Ուժանիւթի եւ բնական աղբիւրներու նախարարութիւնը հաղորդեց, որ հետախուզական աշխատանքները կը կատարուին շուրջ 3100 մեթր խորութեամբ գտնուող հանքերուն մէջ։
Թուրքիա վերջին տարիներուն աշխատանքի լծած է հետախուզական եւ պեղող նաւեր՝ Միջերկրականեան եւ Սեւ ծովերուն թրքական շրջանային ջուրերուն մէջ բնական կազի, քարիւղի եւ ջրածուխի հանքեր հետախուզելու եւ պեղելու համար։

