ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՇՈՒՐՋ

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Ատրպէյճանցի իր պաշտօնակիցին՝ Ճէյհուն Պայրամովի հետ։ Թրքական լրատու աղբիւրներու համաձայն, Ֆիտան եւ Պայրամով քննարկած են թուրքեւատրպէյճանական յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանը յուզող տարբեր հարցեր եւ խնդիրներ։
Նշելի է, որ Անգարա իր օրակարգին վրայ կը պահէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագրի մը կնքումը՝ յաճախ վերյիշեցնելով, թէ այս համաձայնագրէն կախեալ է Հայաստանի հետ Թուրքիոյ սահմանին բացումը։
*
Պաշտօնապէս Անգարա պնդեց, որ քիւրտերը կը վտանգեն Սուրիոյ հողային ամբողջականութիւնը։
Պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Սուրիոյ քիւրտերը միաւորող Սուրիական Դեմոկրատական Ուժերուն գործողութիւնները կը հակասեն Դամասկոսի իշխանութիւններուն հետ այս տարի կնքուած համաձայնագրին կէտերուն եւ ոգիին, որոնց համաձայն քրտական կառոյցները պէտք է ներգրաւուին պետական հաստատութիւններուն մէջ։Նախարարութեան համաձայն, քիւրտերը համաձայնագրին գործադրութեան սկսած են հակառակիլ՝ Սուէյտայի դէպքերէն ետք, որոնց ընթացքին կառավարական ուժեր ծանր բախումներ ունեցան տիւրզիներու հետ։
Միւս կողմէ, արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան մեկնեցաւ Դամասկոս, ուր խորհրդակցութիւններ ունեցաւ Սուրիոյ ժամանակաւոր նախագահ Ահմէտ Շարաայի հետ։ Հաղորդուեցաւ, որ քննարկման առարկայ դարձած են այն սպառնալիքները, որոնց աշխարհագրական դիրքը Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններն են։ Ակնարկութիւնը յայտնապէս ուղղուած էր Սուրիոյ քիւրտերուն։ Հանդիպումէն ետք, Ֆիտան յայտարարեց, որ Թուրքիա պիտի շարունակէ կանգնիլ Սուրիոյ ժողովուրդին կողքին։
*
Սուրիոյ ներքին գործոց նախարար Անաս Խաթթապ Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Ալի Երլիքայայի եւ փոխ նախագահ Ճեւտեթ Եըլմազի հետ խօսակցութիւններ ունեցաւ՝ Սուրիա – Թուրքիա ապահովական մարզի համագործակցութեան եւ Թուրքիա ապաստանած սուրիացիներու Սուրիա վերադարձին կապուած հարցերու շուրջ։
Եըլմազ յայտնեց, որ Խաթթապի վստահեցուցած է, թէ Թուրքիա պիտի նպաստէ Սուրիոյ ներքին կայունութեան հաստատման, տնտեսական զարգացման եւ ընկերային հարցերու լուծման։
*
Թուրքիոյ Զինուորական Գերագոյն Խորհուրդը հրամանատարական նոր նշանակումներ կատարեց։ Այսպէս՝ ցամաքային ուժերու հրամանատար նշանակուեցաւ զօրավար Սելճուք Պայրաքտարօղլու։
Խորհուրդը մէկ տարիով իրենց պաշտօններուն վրայ վերահաստատեց ծովուժի եւ օդուժի հրամանատարները՝ ծովակալ Էրճումենթ Թաթողլուն եւ զօրավար Զիա Ճեմալ Քատիօղլուն։
Միւս կողմէ, խորհուրդը աստիճաններու բարձրացում շնորհեց 32 զօրավարներու եւ ծովակալի մը, ինչպէս նաեւ տարիով մը երկարաձգեց 29 զօրավարներու եւ 478 գնդապետներու պաշտօնավարութիւնը։
*
Թուրքիոյ երկրագործութեան եւ անտառներու նախարարութիւնը ընթացք տուաւ համապարփակ ծրագրի մը, որուն նպատակն է շրջանցել եւ կանխարգիլել երկրին տարածքին գտնուող ութ լիճեր, որոնք անուշ ջուրի կարեւոր շտեմարաններ են։
Խօսքը կը վերաբերի Էպեր, Աքշեհիր, Պաֆա, Պէյշեհիր, Պուրտուր, Իզնիք, Սապանճա եւ Սեյֆէ լիճերուն, որոնք չորացման լուրջ վտանգ կը դիմագրաւեն՝ նկատի ունենալով, որ անոնց ջուրերուն մակարդակը զգալիօրէն նուազած է, ջուրին որակը փոխուած է եւ շրջակայ բնական կենսաբազմազանութիւնը անհետանալու ընթացքի մէջ է։
Մասնագէտներ զգուշացուցած են, որ եթէ կտրուկ միջոցներու չդիմուի, ապա Թուրքիա մինչեւ 2030 ջուրի շատ լուրջ տագնապի դէմ յանդիման պիտի կանգնի։

