Գլխաւոր
Թուրքիա-Ուզպեքիստան Եղբայրական Գործակցութիւնը

ԳԷՈՐԳ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ
Յատուկ «Հայրենիք»-ին
Թուրքիա-Ուզպեքիստան յարաբերութիւններու իրավիճակը պայմանւորուած է մշակութային, կրօնական, քաղաքական, ռազմական, տնտեսական եւ ազգային նկատառումներու, որովհետեւ երկու անկախ պետութիւններ ըլլալէ անդին Անգարա եւ Թաշքենթ թուրք պետութիւններ են եւ անդամ միջազգային թրքական խորհուրդին: 1991-ին, Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք հաստատուած այս յարաբերութիւնը նպաստած է յատկապէս Ուզպեքիստանը: Այս երկիրը յատկանշական է, որովհետեւ միակ սահմանակից երկիրն է Կեդրոնական Ասիոյ թրքական բոլոր հանրապետութիւններուն, այսինքն՝ Անգարայի մուտքն է դէպի Կեդրոնական Ասիոյ կամ Թուրքիստանի սիրտը: Թրքական պատմական Օղուզ եւ Քարլուք ցեղերէն մէջտեղ եկած թուրք եւ ուզպեք ժողովուրդները ունին երկար պատմութիւն:
1991-ին Ուզպեքիստանի առաջին նախագահ Իսլամ Քարիմով աշխատանքային այցելութեամբ մը ժամանեց Թուրքիա, զայն նկատելով բարձրագոյն կարեւորութեան կարգի պետութիւն: Այս այցելութիւնները մնացին կայուն եւ տեւական: 1998-ին, Ուզպեքիստանի նախագահը իր մասնակցութիւնը բերաւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադրութեան 75-ամեակի տօնակատարութիւններուն, որոնց ընթացքին ստորագրուեցաւ յաւիտենական եղբայրութեան եւ գործակցութեան համաձայնագիր։ Ասոր ընկերակցեցան գիտական, տնտեսական, ռազմական եւ նման 78 համաձայնագիրներ:
Տասնամեակներու ընթացքին տնտեսական գործակցութիւնը շարունակեց զարգանալ: Ներկայիս Թուրքիա 2.2 միլիառ տոլար արժողութիւն ունեցող իրեր կ՛արտածէ դէպի Ուզպեքիստան, մինչ Թաշքենթ 1.1 միլիառ տոլարի կ՛արտածէ դէպի Թուրքիա: Այսինքն, Ուզպեքիստանը առեւտրական իմաստով աւելի կարիքը ունի Թուրքիոյ քան հակառակը: Թուրքիա կը ներածէ այն նիւթերը, որոնք արդէն իսկ ինք ընդհանրապէս ունի, ինչպէս պտուղ, բամպակ եւ կարգ մը հանքային մետաղներ: Միւս կողմէ, Ուզպեքիստան կը ներածէ հիւլէական շարժակներ, ելեկտրական գործիքներ եւ դեղորայք: Այս պատկերը աւելի եւս կ՛ամրապնդէ Թուրքիոյ կարեւորութիւնը այս պետութեան համար: Աւելին. շուրջ 1300 թրքական ընկերութիւններ ներկայիս կը գործեն ամբողջ Ուզպեքիստանի տարածքին: Ընդհանուր 3.3 միլիառ տոլար արժողութեամբ առեւտրական այս գործակցութիւնը նախատեսուած է, որ յաջորդաբար 5 եւ 10 միլիառ տոլարի բարձրանայ հետագայ տարիներուն ընթացքին:
Ռազմական իմաստով, երկու պետութիւններուն միջեւ գործակցութիւնը յատկապէս բարձրացաւ 2020-ին ստորագրուած ռազմական գործակցութեան համաձայնագիրին արդիւնքով, որմէ տարի մը ետք միացեալ զօրավարժութիւններու տեղի ունեցան Ուզպեքիստանի, Թուրքիոյ եւ Փաքիստանի միջեւ: 2022-ին ընդարձակուեցաւ ռազմական գործակցութիւնը եւ 2026-ին ունեցաւ նոր ծրագիր, որ կ՛ընդգրկէ տեղեկութիւններու փոխանակում եւ համադրում, ռազմական դեղորայքի պատրաստութիւն, ռազմական բժիշկներու մարզումներ եւ ռազմական հիւանդանոցներու մասնագիտացած կազմակերպում եւ կառավարում: Ուզպեքիստանի պաշտպանութեան նախարարը այս մասին ակնարկեց, որ Թաշքենթի համար Անգարայէն փորձառութիւն եւ զօրակցութիւն ստանալը մեծ առաւելութիւն է:
20 Յունուար 2026-ին, ակնյայտ դարձաւ աւելի շեշտակի կերպով, որ այս գործակցութիւնը տակաւին իր սկիզբն է, որովհետեւ Անգարայի մէջ տեղի ունեցաւ 4+4 տեսակցութիւնը, որուն ներկայ գտնուեցան Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան, արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան, պաշտպանութեան նախարար Եաշար Կիւլէր, ներքին գործոց նախարար Ալի Երիլաքայա եւ «ՄԻԹ»-ի տնօրէն Իպրահիմ Քալըն: Միւս կողմէ, ներկայ գտնուեցան Ուզպեքիստանի արտաքին գործոց, պաշտպանութեան, ներքին գործոց եւ հետախուզութեան պետը: Տեսակցութենէն ետք որեւէ յայտարարութիւններ տեղի չունեցան, այլ մէկ բան յստակ էր, որ գործակցութեան նոր ձեւաչափ կը ճշդուի:
Այս տեսակցութենէն ինն օր ետք Անգարա այցելեց Ուզպեքիստանի նախագահ Շաուքաթ Միրզիյոյեւ: Տեսակցութենէն ետք կատարուած յայտարարութիւնը ճշդեց խաղին օրէնքը ոչ միայն ներկային համար, ոչ միայն Կեդրոնական Ասիոյ համար, այլեւ՝ ամբողջ Թուրքիստանի համար: Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան ըսաւ. «Աստուծոյ կամքով, թրքական աշխարհը իր հետքը պիտի ձգէ այս դարաշրջանին վրայ այնքան ատեն, որ մեր սրտերը կողք կողքի կեցած ենք»: Աւելցնելով, Էրտողան Կեդրոնական Ասիոյ մէջ Թաշքենդի դերը որակեց իբրեւ «այդ տարածաշրջանի համարկման գործընթացին մէջ յառաջատար դեր խաղացող ուժ»:
Նման յայտարարութիւններու նպատակը յստակ է: Թուրքիա նախ եւ առաջ կ՛ամրապնդէ ինքզինք իբրեւ թրքական աշխարհի ղեկավարը, ինչ որ բնական է, որովհետեւ Անգարա ամէն առումով գլխաւոր ուժն է: Երկրորդ, Էրտողան, Կեդրոնական Ասիոյ մնացեալ երկիրներուն եւս կոչ կ՛ուղղէ ընտրելու համարկման ճամբան ոչ միայն իբրեւ տնտեսական, ռազմական եւ դիւանագիտական մակարդակներով, այլեւ՝ ազգային քաղաքական մակարդակով, անշուշտ Անգարայի հովանիին ներքեւ:
Այս պետութիւնները արդէն իսկ սկսած են ընդառաջել զանազան ծրագիրներու: Օրինակի համար, թրքական Խորհուրդ կազմակերպութիւնը ունեցաւ ուժանիւթի նախարարներու հերթական հանդիպում դարձեալ Անգարայի մէջ, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Ատրպէյճան, Ղազախստան, Թուրքմենիստան, Ուզպեքիստան, Հունգարիա, Խրխըզիստան եւ Հիւսիսային Կիպրոսի թրքական հանրապետութիւնը: Այս տեսակցութիւնը նախագահեց Թուրքիոյ ուժանիւթի նախարար Ալփարսլան Պայրաքտար: Միաժամանակ, Հունգարիոյ վարչապետ Վիքթոր Օրպան ըսած էր, որ Թուրքիոյ նախագահը իր բաժնեկցած էր մեծ տեսլականը, կապուած «Թրքական Դարաշրջան»-ի մասին:
Վերջապէս, ինչպէս միշտ, նաեւ այս պարագային, Թուրքիոյ համար կարեւոր է մշակութային կապը: Տակաւին 2025-ին, Ուզպեքիստանի մայրաքաղաք Թաշքենթի մէջ բացումը կատարուեցաւ Թուրք պետութիւններու միջազգային համալսարանին, որ իր տեսակին մէջ առաջինն է եւ կրնայ դուռ բանալ յաւելեալ նման նախաձեռնութիւններու, թուրք այլ պետութիւններու մէջ: Այս համալսարանի հիմնադիրներէն է 253 տարուան պատմութիւն, 37,000 աշակերտ եւ 2300 ուսուցիչ ունեցող Պոլսոյ Թեքնիք Համալսարանը: Միաժամանակ, ներկայիս աւելի քան 2000 կրթանպաստները կը գործեն, որոնք առիթ կ՛ընծայեն ուզպեք քաղաքացիներու ուսում ստանալու Թուրքիոյ մէջ կամ տեղւոյն կրթական հաստատութիւններուն մէջ: «ԹԻՔԱ» եւ Եունուս Էմրէ Մշակութային կազմակերպութիւնը եւս իրենց ներկայութիւնը եւ գործունէութիւնը ունին Ուզպեքիստանի մէջ:
Աւարտին, մեր արծարծած կէտերը կը պարզեն բարձր մակարդակի գործակցութիւն Թուրքիոյ եւ Ուզպեքիստանի միջեւ, որուն հետեւանքները զգալի պիտի դառնան ամբողջ Կեդրոնական Ասիոյ, ընդհանուր տարածաշրջանի եւ միջազգային ընտանիքին համար եթէ Անգարա իրապէս, իր գործընկերներով եւ Թրքական Խորհուրդ միջազգային կազմակերպութեան հետ իրականացնէ այսպէս կոչուած «թրքական դարաշրջան» մը:

