
Թորոնթոյի Հ.Օ.Մ.-ի Ամէնօրեայ վարժարանի 38րդ տարեշրջանը սկսաւ քիչ մը տարբեր մթնոլորտով: Արդարեւ՝ Երեքշաբթի Սեպտեմբեր 6ի, առաւօտեան ժամը 9:00ին, Թորոնթոյի Հ.Օ.Մ.-ի Պապայեան Մանկապարտէզի, Գոլոլեան Նախակրթարանի եւ Երկրորդական Վարժարանի Կոկոն դասարանէն մինչեւ 12րդ կարգի 550էն աւելի աշակերտները, իրենց ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ, ուղղուեցան Սբ. Աստուածածին Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցի, միասնաբար նշելու 38րդ Վերամուտը, ուր պաշտօնական արարողութեան ներկայ գտնուեցան Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տէր Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան, Ս. Աստուածածին Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Հայր Գեղարդ Ծայրագոյն Վարդապետ Քիւսպէկեան, Ծխատէր Քահանայ՝ Տէր Կոմիտաս Վարդապետ Աւագ Քահանայ Փանոսեան, Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Հայր Եղիայ Ծայրագոյն Վարդապետ Գիրէջեան, Թեմիս հոգեւոր հայրեր, Հ.Յ.Դ. Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ՝ Նորայր Պէրպէրեան, շրջանի Հ.Յ.Դ. «Սողոմոն Թէհլիրեան» Կոմիտէի ներկայացուցիչ՝ Յակոբ Ճանպազեան, Վարժարանի տնօրէն՝ Դոկտ. Արմէն Մարտիրոսեան, Կրթական Մարմինի ատենապետ՝ Սեւակ Քիւփէլեան, Նախկին կրթական մարմիններու անդամներ, ինչպէս նաեւ Հ.Օ.Մ.-ի, Համազգայինի, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի, Հայ Երէցներու Ընկերակցութեան եւ Սբ. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ներկայացուցիչներ ու ծնողներ: Ներկայ էր նաեւ «Նոր Հայ Հորիզոն» հեռուստաժամի կազմը, որ նկարահանեց արարողութիւնը:
Գանատայի եւ Հայաստանի միաձայն երգեցողութեամբ, բացուեցաւ արարողութիւնը:
Վարժարանի Կրթական Մարմինի խօսքը փոխանցեց Սեւակ Քիւփէլեան, որ ողջունեց աշակերտներու, ուսուցիչներու եւ ծնողներու գալուստը, եւ 2016-2017 ուսումնական 38րդ տարեշրջանը պաշտօնապէս բացուած յայտարարեց: Ան յայտնեց որ վարժարանը տարուէ տարի վերելքի մէջ է, բան մը՝ որ կը պարտի անցեալի եւ ներկայ տնօրէններուն, ուսուցիչներուն, քարտուղարական կազմերուն եւ կրթական մարմիններուն, որոնք ճիգ չխնայեցին ու չեն խնայեր որ վարժարանը յաջողի ջամբել Գերազանց Ուսում, Տիպար Նկարագիր եւ Ազգային ու Հայկական Գիտակցութիւն, դպրոցական ապահով միջավայրի մը մէջ: Ան խնդրեց աշակերտներէն եւ ուսուցիչներէն ըլլալ իրար հանդէպ պահանջատէր եւ ծնողներէն՝ ըլլալ պահանջատէր իրենց զաւակներէն, որպէսզի անոնք հասնին ուսումնական բարձր մակարդակի: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց վարժարանի բոլոր բարերարներուն եւ ազգային կազմակերպութիւններուն որոնք նիւթական եւ բարոյական աջակցութիւն բերած են վարժարանին:
Ապա խօսք առաւ Տնօրէն՝ Դոկտ. Արմէն Մարտիրոսեան, որ վերահաստատեց վարժարանի վճռակամութիւնը՝ իրակացնել Օնթարիոյի Կառավարութեան ուսումնական ծրագիրը եւ մեր սրբազան պարտականութիւնը՝ հայեցի Դատիարակութեան ջամբումը: Մարտիրոսեան վեր առաւ ծնողներուն դերը, դրուատեց մանաւանդ հայ ուսուցիչը եւ անոնց մաղթեց համբերութիւն, ուժ ու կորով: Խօսքը ուղելով աշակերտներուն, Մարտիրոսեան ըսաւ. «Այս օրուընէ սկսեալ, ձեզմէ կը սպասեմ խոստում՝ ճիգի եւ աշխատանքի խոստում, որ կարելի ըլլայ ձեր վերելքը դէպի կեանքի յաջողութիւնները»: Աւարտին Մարտիրոսեան շնորհակալական խօսքեր ուղղեց Հ.Յ.Դ. «Սողոմոն Թէհլիրեան» Կոմիտէութեան ինչպէս նաեւ վարժարանի բարերարներուն եւ համայն Թորոնթոհայութեան որոնք կը հաւատան դպրոցի առաքելութեան եւ անսակարկ նեցուկ կը կանգնին վարժարանին:
Հ.Յ.Դ. «Սողոմոն Թէհլիրեան» Կոմիտէութեան խօսքը փոխանցեց Կոմիտէի հերթապահ՝ Յակոբ Ճանպազեան, որ ըսաւ.-
Ձեր անգին արտօնութեամբ Սրբազան Հայր…
Նախ եւ առաջ բարի գալուստ կը մաղթեմ թեմիս ազգընտիր սրբազան առաջնորդ Տէր Բաբգէն Արք. Չարեանին, որ բացառիկ ճիգով մը մեզի հետ եղաւ, իր օրհնութիւններով եւ աղօթքներով առաջնորդելու վարժարանիս 2016-2017 ուսումնական տարեշրջանը:
Ի խորոց սրտի բարի գալուստ եւ բարի վերադարձ կը մաղթեմ ձեզի` թանկագին աշակերտ-աշակերտուհիներ: Այսօր բոլորիս ուրախութիւնը անսահման է, այսօր մեր վարժարանի պատերը դարձեալ կեանք եւ իմաստ կը ստանան ձեզմով, երկու ամիսներու թափուր մնացած մեր դպրոցի դասարանները դարձեալ կը լեցուին ձեր հայկական շունչովը սիրելի աշակերտներ: Այսօր ձեզմով հարստացած այս համալիրը կը դառնայ հաւաքական մեղուափեթակի, որուն մէջ պիտի պատրաստուի քաղցրահամ մեղր մեր ազգի եւ հայրենիքի յաւերժութեան համար։ Սրտանց մեր փափաքն է, որ դուք փարիք ձեր գիրքերուն եւ ուսումնական առաւելագոյն հիւթը ծծէք անոնցմէ, որպէսզի դառնաք մտային կարողութիւններով սպառազինուած եւ օժտուած իսկական արթուն պահակները մեր ազգին եւ հայրենիքին:
Սիրելի ներկաներ, տատանող քայլերով ու միայն 75 հայ փոքրիկներով սկսուած կրթական այս օճախը այսօր իր դռները կը բանայ 650 աշակերտներու սքանչելի փաղանգով մը, դառնալով հայկազնեան փարոս մը Թորոնթօ քաղաքին մէջ։ Այո, Հ.Օ.Մ.-ի Ամէնօրեայ Վարժարանը փարոս մը ըլլալէ անդին դարձաւ հայրենիքէն հեռու հայապահպանումի անառիկ բերդ մը, որուն պատերէն ներս եկան եւ պիտի գան սերունդներ, պիտի գան աւելի հայանալու, պիտի գան աւելի զօրացած եւ ամրապինդ ոգիով պահանջատէրը հանդիսանալու մեր արդար իրաւունքներուն։
Անցան 37 տարիներ եւ արդէն բոլորիս ճիգերով յաջողած Հ.Օ.Մ.-ի վարժարանը դարձած է հպարտութիւն պատճառող ազգապահպանման հզօր ամրոց մը։ Եւ այսօր հպարտութեամբ կը դիտենք կրթական այս օճախէն թեւ առած մեր աշակերտները, որոնք տեղական համալսարաններու մէջ գերազանց արդիւնքներով գնահատանքներու կ’արժանանան եւ կը հաստատեն մեր սկսած գործին իւրայատուկ եւ ազգօգուտ առաքելութիւնը։ Ու տակաւին, մեր վարժա-րանէն թեւ առած ուսանողներն ու աշակերտները անպայման ժամանակ կը գտնեն մասնակցելու մեր ազգային եւ գաղութային կեանքին, Հայ Կեդրոնի միութիւններուն եւ յանձնախումբերուն մէջ իրենց դրական ներդրումը բերելով։ Եւ աւելին, այսօր մեր վարժարանէն թեւ առած աշակերտները սպառազինուած բարձրագոյն վկայականներով` դարձած են մեր վարժարանի Կրթական Մարմինի նուիրաբերուող ժրաջան վարչական անդամները, դարձած՝ լաւագոյն ուսուցիչ-ուսուցչուհիները, ինչպէս նաեւ փոխտնօրէնը մեր նախակրթարանի բաժանմունքին: Այո, անոնք դարձած են Հ.Յ.Դ. «Ս. Թէհլիրեան» կոմիտէի եւ Հայ Կեդրոնի յարկին տակ գործող միութիւններու ազգային կառոյցներու վարչական անդամներն ու գործօն մղիչ ուժը. Փառք եւ պատիւ ձեզի, սիրելի՛ նուիրեալ շրջանաւարտներ: Ահա այս է Հ.Օ.Մ.-ի վարժարանի սրբազան առաքելութիւնը` մեր ազգին ու հայրենիքին ծառայելու չինջ եւ լաւագոյն եղանակը:
Այսօր պարտք կը զգանք գնահատանքի եւ շնորհակալութեան մեր սրտի խօսքը փոխանցելու 37 տարիներ մեր վարժարանը դէպի բարձունքներ առաջնորդող կրթական մարմիններուն, վարժարանի հայագիտութեան եւ ուսումնական վերելքին ծառայած կրթական մշակներուն, տնօրէններուն։ Գնահատանքի մասնայատուկ խօսք մանաւանդ մերօրեայ սիրելի տնօրէնին` Պր. Արմէն Մարտիրոսեանին, թանկագին ուսուցիչ–ուսուցչուհիներուն, որոնք վերանորոգ ծառայասիրութեամբ սպառազինուած` այսօր սրտանց եւ ուրախութեամբ կը դիմաւորեն մեր թանկագին աշակերտները անսակարկ նուիրումով, իրենց ուսերուն վերցնելով ամբողջական պատասխանատուութիւնը մեր նոր սերունդի մտային, հոգեկան, ֆիզիքական, հոգեւոր, ազգային եւ քաղաքական դաստիարակութեան։ Եւ վերջապէս, կը շնորհաւորենք ու շնորհակալութիւն կը յայտնենք ձեզի, սիրելի ծնողներ, որ ձեր զաւակները անգամ մը եւս կը յանձնէք եւ կը վստահիք Հ.Օ.Մ.-ի վարժարանի մեսրոպաշունչ կրթական օճախին: Սիրելի բարերարներ, մեծ եւ փոքր նուիրատուներ, առանց ձեր անսակարկ նուիրումին, նիւթական եւ բարոյական աջակցութեան, կարելի պիտի չըլլար մեսրոպակերտ այս փարոսը լուսաշող պահել։ 37-ամեայ յաջողութեան կենդանի ջահակիրները եղաք դուք եւ վստահաբար պիտի շարունակէք մնալ մեր վարժարանի գոյութիւնը ապահովող յառաջապահները։
Սիրելի ներկաներ, այսօր ունիմ քաղցր պարտականութիւնը եւ պատիւը առաջին անգամ ըլլալով յայտարարելու եւ ներկայացնելու մեր նորագոյն եւ պատուական բարերար՝ Տէր եւ Տիկին Վարուժան եւ Սիլվա Լաբոյեանները, որոնք իրենց ազգանուէր գիտակցութեամբ մեր հաւաքական ճիգերուն եւ ապագայ ծրագիրներուն համար կը ներդնեն 1 միլիոն տոլարի իշխանական գումար մը: Այո սիրելիներ, 1 միլիոն տոլարի իշխանական նուիրատուութիւն մը:
Սիրելիներ Վարուժան եւ Սիլվա, ազգային բարերարի աննախընթաց մէկ միլիոն տոլարի իշխանական ձեր նուիրատուութիւնը անակնկալ ու գեր-ողջունելի է Հ.Յ.Դ. «Ս. Թէհլիրեան» կոմիտէութեան, Հայ Կեդրոնի յարկին տակ գործող բոլոր միութիւններուն, հաստատութիւններուն, պատասխանատու մեր գործընկերներուն եւ համայն թորոնթոհայութեան կողմէ:
Սիրելի թորոնթոհայեր, այսօր պատիւը ունիմ նաեւ յայտարարելու, թէ Հ.Օ.Մ.-ի երկրորդական բաժանմունքը պիտի պսակուի արժանաւոր անունով մը` բանաձեւուած որպէս «Հ.Օ.Մ.-ի Լաբոյեան Երկրորդական Վարժարան» (ARS Lapoian High School): Սիրելի բարերարներ, ես վստահ եմ Ձեր անունով երկրորդականի անուանակոչումը նոր խանդ, նոր ծրագիրներու թռիչք եւ հպարտութիւն պիտի ներշնչէ թորոնթոհայութեան ընդհանրապէս եւ մասնաւորաբար դէպի յաւերժութիւն քալող բազմահարիւր մեր աւելի հայացած վարժարանի շրջանաւարտներու կեանքերուն մէջ։
Լուսաւորչակերտ այս կամարներուն տակ անգամ մը եւս Հ.Յ.Դ. «Ս. Թէհլիրեան» կոմիտէութեան, Հ.Օ.Մ.-ի վարժարանի եւ Հայ Կեդրոնի յարկին տակ գործող Միութիւններուն, կազմակերպութիւններուն եւ հաստատութիւններուն անունով շնորհակալութիւն եւ երախտագիտութիւն կը յայտնեմ ձեզի Վարուժան եւ Սիլվա, ապրիք առողջ եւ ձեր կեանքը պսակուի արեւշատ օրերու հետ միասին՝ սիրով եւ արատ յաջողութիւններով Ձեր վարձքը կատար, ապրիք հազար ապրիք:
Ապա, Ճանպազեան ներկայացուց վարժարանի նորագոյն եւ պատուական բարերար՝ Տէր եւ Տիկին Վարուժան եւ Սիլվա Լաբոյեանը, որոնք իրենց ազգանուէր գիտակցութեամբ կը նուիրեն մէկ միլիոն տոլար եւ այսպիսով Հ.Օ.Մ.-ի երկրորդական վարժարանը կը պսակուի «Հ.Օ.Մ.-ի Լաբոյեան Երկրորդական Վարժարան»:
Արարողութեան վերջին խօսքը Սրբազան Հօրն էր: Ան խօսքեր ուղղեց թէ՛ աշակերտներուն, թէ դաստիարակներուն, եւ թէ ծնողներուն:
Ան վեր առաւ ուսումի կարեւորութիւնը եւ պահանջեց հպարտ ըլլալ հայութեամբ, սիրել վարժարանն ու լեզուն: Խօսքը ուղղելով նախկին եւ ներկայի բարերարներուն, անոնց օրհնեց եւ մաղթեց արեւշատութիւն եւ բարեբեր օրեր:
Սրբազան Հօր Պահպանիչով փակուեցաւ Հ.Օ.Մ.-ի Պապայեան Մանկապարտէզի, Գոլոլեան Նախակրթարանի եւ Լաբոյեան Երկրորդական Վարժարանի 38րդ վերամուտի արարողութիւնը, որմէ ետք աշակերտները ուսուցիչներուն առաջնորդութեամբ ուղղուեցան իրենց դասարանները՝ յաջողութիւններով լեցուն ուսումնական նոր տարեշրջան մը սկսելու համար:
ԽԱԺԱԿ