Թող մեր Շունչը Արձագանգէ «Կը Յիշե՛նք» Եւ Մեր Գործը Ցոլարձակէ «Վրէ՛ժ»

Այսօր հաւաքուած ենք վերակենդանացնելու հայու ոգին։ Յիշելու մեր նահատակները եւ վառ պահելու յեղափոխութեան կայծը։Սումկայթի ջարդը գիտակցաբար տեղի ունեցաւ։ Այո՛, ազերին ատելութեան մէջ կատարեց։ Այո՛, ազերին մեր քրիստոնեայ ըլլալուն պատճառով կատարեց։ Այո՛, ազերին բնաջնջումի միտքով կատարեց։
Եւ այո՛, մեզի փորձեցին ջարդել որովհետեւ հայուն ոգին չկրցան մարել։
1988-ին, արցախեան շարժումը պարզ կայծով սկսաւ եւ մեծ կրակի ձեւափոխուեցաւ։ Հայորդին, տարիներով ապրելով առանց սեփական երկրի, առանց ունենալու արեւ, կանգնած էր վայրագ թշնամիներուն դէմ, չհարցնելով այլ պարտադրելով, որ Արցախը մեր հայրենիքի մէկ դրախտային անկիւնը, կը պատկանի իր ժողովուրդին։
Կը պատկանի այն հայերուն, որոնք տեսած են իր անկումը եւ նորոգումը։ Որ սիրած են հողը։ Որ սերունդէ սերունդ պահպանած է, թէ՛ սուրով, թէ՛ գրիչով, թէ՛ կեանքով։
Սումկայթը սկիզբն էր արցախեան ազատագրումին։ Յիշեցում էր հայ ազգին, որթուրքը եւ իր ազերի եղբայրը միայն կը խօսին զենքի լեզուն։
Որ թուրքը եւ իր ազերի եղբայրը չեն տեսներ հայը իբր դրացի, այլ՝ թշնամի։
Որ թուրքը եւ իր ազերի եղբայրը արժանի չէ, որ դառնան հայուն դաշնակիցը։
Մենք կը յիշենք մեր պատմութիւնը, որովհետեւ դասեր պիտի ըլլան ապագային համար։
Աղտոտ ու պաղ արիւնով կատարուաց 1988-ի ջարդը, թող միշտ դաս ըլլայ մեր հայ ազգին։
Մենք կը սգա՛նք մեր նահատակներուն կեանքերը, մենք կը յիշե՛նք անմեղ հայ հոգիները որոնք զոհը դարձան ազերիներու սադրանքներուն:
Մի՛շտ վեր պահել հայրենիքի յարատեւութիւնը։
Այս պայքարը, այս սրբազան կռիւը, մեզի կը պատկանի։
Ինչպէ՜ս հայու ձեռքով ծնաւ անկախութեան շարժում, ինչպէ՜ս հայու ձեռքով կերտուեցաւ արցախեան ազատութիւն։
Նոյնը կրնայ կրկնուիլ հայու ձեռքով։
Թող մեր շունչը արձագանգէ «Կը յիշե՛նք» եւ մեր գործը ցոլարձակէ «Վրէ՛ժ»։
Վրէժին վերջնական ճամբան անկոտրում հայրենիքն է։ Թող մենք բոլորս հո՛ն հանդիպինք ընկերներ։
Այս է մեր պայքարը եւ անկասկած այս պիտի ըլլայ մեր յա՛ղթանակը։

