ԸՆ­ԿԵՐ­ՎԱՐ ԵՐԻ­ՏԱ­ՍԱՐ­ԴԱ­ԿԱՆ ՄԻ­ՋԱԶ­ԳԱ­ՅԻՆ ՄԻՈՒ­ԹԻՒՆԸ`ԸՆԴ­ԴԷՄ ՄԱՐԴ­ԿԱ­ՅԻՆ ԻՐԱ­ՒՈՒՆՔ­ՆԵ­ՐՈՒ ԵՒ­ՐՈ­ՊԱ­ԿԱՆ ԴԱ­ՏԱ­ՐԱ­ՆԻ ՎՃԻ­ՌԻՆ

0 0
Read Time:6 Minute, 25 Second

socialist2  ՔՈ­ՓԵՆ­ՀԱ­ԿԸՆ.- Վեր­ջերս, Դան­իոյ մայ­րա­քա­ղա­քին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Ըն­կեր­վար Երի­տա­սար­դա­կան Մի­ջազ­գա­յին Միու­թեան Հա­մաշ­խար­հա­յին հա­մա­գու­մա­րը: Հա­մա­գու­մա­րին կը մաս­նակ­ցէ­ին աւե­լի քան 150 պատ­գա­մա­ւոր­ներ:

Հա­մա­գու­մա­րի լի­ա­գու­մար նիս­տին ներ­կա­յաց­ուե­ցան քա­նի մը կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու կող­մէ ներ­կա­յաց­ուած բա­նա­ձե­ւեր: Մաս­նա­ւո­րա­պէս Հ.Յ.Դ. Երի­տա­սար­դա­կա­նը ներ­կա­յա­ցուց բա­նա­ձեւ` Ընդ­դէմ մարդ­կա­յին իրա­ւունք­նե­րու եւ­րո­պա­կան դա­տա­րա­նի դա­տավ­ճի­ռին` “Փե­րին­չե­քը ընդ­դէմ Զուի­ցեր­իոյգոր­ծին մէ­ջ խո­րա­գի­րով: Հա­մա­գու­մա­րը մի­ա­ձայ­նու­թեամբ ըն­դու­նեց բա­նա­ձե­ւը:

Հ.Յ.Դ. Երի­տա­սար­դա­կա­նը Ըն­կեր­վար Երի­տա­սար­դա­կա­նի Մի­ջազ­գա­յին Միու­թեան լի­ի­րաւ ան­դամ է: Հ.Յ.Դ. երի­տա­սար­դա­կա­նը հա­մա­գու­մա­րին մաս­նակ­ցե­ցաւ երեք հո­գի­նոց պատ­ուի­րա­կու­թեամբ` Ար­փի­նէ Մար­տի­րոս­եան` (Շուէտ), Սա­րի­նէ Աբ­րա­համ­եան` (Հո­լան­տա) եւ Կա­րա­պետ Շա­տոյ­եան` (Աւստր­իա):socialist3

Ըն­կեր­վար Երի­տա­սար­դա­կան Մի­ջազ­գա­յին Միու­թիւնը Ըն­կեր­վար մի­ջազ­գայ­նա­կա­նի ու­ղե­կից միու­թիւն է: Ըն­կեր­վա­րա­կան երի­տա­սարդ­նե­րու մի­ջազ­գա­յին միու­թեան կ՛ան­դա­մակ­ցին 143 ըն­կեր­վա­րա­կան, ըն­կեր­վար-ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան, աշ­խա­տա­ւո­րա­կան եւ ու­սա­նո­ղա­կան միու­թիւն­ներ` հա­րիւր եր­կիր­նե­րէ: Հա­մա­գու­մա­րը կազ­մա­կեր­պու­թեան բարձ­րա­գոյն ժո­ղովն է, որ տե­ղի կ՛ու­նե­նայ եր­կու տա­րին մէկ ան­գամ, կը քննէ շրջա­նա­ւարտ նա­խա­գա­հու­թեան նիւ­թա­բա­րո­յա­կան գոր­ծու­նէ­ու­թիւնը, կը ճշդէ ապա­գայ եր­կու տար­ուան գոր­ծու­նէ­ու­թեան ու­ղե­գի­ծը եւ կ՛ընտ­րէ նոր նա­խա­գա­հու­թիւն:

Ստո­րեւ, ամ­բող­ջու­թեամբ լոյս կ՛ըն­ծա­յենք Ըն­կեր­վար Երի­տա­սար­դա­կան Մի­ջազ­գա­յին Միու­թեան հա­մաշ­խար­հա­յին հա­մա­գու­մա­րին, Հ.Յ.Դ. Երի­տա­սար­դա­կան միու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցած բա­նա­ձե­ւը.- “Ընդ­դէմ մարդ­կա­յին իրա­ւունք­նե­րու եւ­րո­պա­կան դա­տա­րա­նի դա­տավ­ճի­ռին` Փե­րին­չե­քը ընդ­դէմ Զուի­ցեր­իոյ գոր­ծին մէջ“.-

 

Ար­դա­րու­թիւնը նա­խա­պայ­ման է բո­լոր առողջ, ժո­ղովր­դա­վար եւ ըն­կեր­վար հա­սա­րա­կու­թիւն­նե­րի հա­մար: Ար­դա­րու­թիւնն այն հիմ­նա­սիւնն է, որն անհ­րա­ժեշտ է աւե­լի լաւ աշ­խարհ կա­ռու­ցե­լու հա­մար եւ, բո­լո­րիս պար­տա­կա­նու­թիւնն է ամուր պա­հել այս գա­ղա­փա­րը:

Ար­դա­րու­թեան եւ ճշմար­տու­թեան ու­րա­ցու­մը քայ­քա­յիչ ուժ է: Ցե­ղաս­պա­նու­թեան, զանգ­ուա­ծա­յին սպա­նու­թիւն­նե­րի եւ մարդ­կու­թեան դէմ գոր­ծած յան­ցա­գոր­ծու­թիւն­նե­րի մեր­ժումն ինք­նին յան­ցանք է, որը, փաս­տացի­օ­րէն, քա­ջա­լե­րում է յան­ցա­գործ­նե­րի ան­պատ­ժե­լիու­թիւնը:

Ան­պատ­ժե­լիու­թիւնը ճա­նա­պարհ է հար­թում աւե­լի շատ յան­ցա­գոր­ծու­թիւն­նե­րի, աւե­լի շատ բռնու­թեան եւ առա­ւել շատ ժխտման հա­մար:

2013 թուա­կա­նի Դեկ­տեմ­բե­րի 17-ի որոշ­մամբ, Մար­դու իրա­ւունք­նե­րի եւ­րո­պա­կան դա­տա­րա­նը բա­ւա­րա­րեց թուրք քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ Փե­րին­չե­քի հայցն ընդ­դէմ Զուի­ցեր­իա­յի դաշ­նա­յին դա­տա­րա­նի վճռի, որով դա­տա­րա­նը մե­ղա­ւոր էր ճա­նա­չել Փե­րին­չե­քին Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը “մի­ջազ­գա­յին սուտ“ ան­ուա­նե­լու հա­մար:

Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ժխտու­մը, ըստ Զուի­ցեր­իա­յի դաշ­նա­յին օրէն­քի, քրէ­օ­րէն պատ­ժե­լի է:

Նման որո­շու­մը ճա­նա­պարհ է բա­ցում նոր հա­կա­հայ­կա­կան հռե­տո­րու­թեան եւ Եւ­րո­պա­յում թր­քա­կան ծայ­րա­յե­ղա­կան շար­ժում­ներ ծա­ւա­լե­լու հա­մար:

Ժո­ղովր­դա­վար հա­սա­րա­կու­թիւն­նե­րը պէտք չէ ազդ­ուեն օտա­րերկր­եայ բռնա­պե­տա­կան եւ ազ­գայ­նա­կան պե­տու­թիւն­նե­րի ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան հե­տե­ւան­քով, մաս­նա­ւո­րա­պէս, երբ այս երկիր­նե­րը մար­դու իրա­ւունք­նե­րի եւ ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան հար­ցե­րում հսկա­յա­կան լուրջ խնդիր­ներ ու­նեն:

Խօս­քի ազա­տու­թիւնը եւ ատե­լու­թեան քա­րոզ­չու­թիւնը իրա­րա­մերժ հաս­կա­ցու­թիւն­ներ են եւ չեն կա­րող փոխ­կա­պակց­ուել:

Եւ­րո­պա­յի Մար­դու իրա­ւունք­նե­րի դա­տա­րա­նի այս որո­շու­մը հա­կա­սա­կան է իր բնոյ­թով եւ, հարց է առա­ջա­նում, թէ արդ­եօք դա­տա­րա­նը տար­բե­րա­կո՞ւմ է խօս­քի ազա­տու­թիւնը եւ մարդ­կու­թեան դէմ գոր­ծած յան­ցա­գոր­ծու­թեան ու­րաց­ման մե­քա­նիզմ­ներ­րը:

Այ­սու, ու­զում ենք ձեր ու­շադ­րու­թիւնը հրա­ւի­րել հե­տեւ­եա­լին.

Ըն­կեր­վա­րա­կան երի­տա­սարդ­նե­րի մի­ջազ­գա­յին միու­թիւնը բազ­միցս յստակ դիր­քո­րո­շում է ցոյց տուել Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման եւ դա­տա­պարտ­ման հար­ցում, ուս­տի, Հ.Յ.Դ. Երի­տա­սար­դա­կա­նը կոչ է անում Ըն­կեր­վա­րա­կան երի­տա­սարդ­նե­րի մի­ջազ­գա­յին միու­թեան եւ բո­լոր քոյր կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րին.-

Դա­տա­պար­տել Մար­դու իրա­ւունք­նե­րի եւ­րո­պա­կան դա­տա­րա­նի վճի­ռը, որը ու­րաց­ման, ատե­լու­թեան եւ ծայ­րա­յեղ ար­մա­տա­կա­նու­թեան նոր դռներ է բա­ցում:

Դա­տա­պար­տել Մար­դու իրա­ւունք­նե­րի եւ­րո­պա­կան դա­տա­րա­նի կրկնա­կի չա­փա­նիշ­նե­րը մարդ­կու­թեան դէմ գոր­ծած ոճիր­նե­րը քննե­լու եւ դա­տա­պար­տե­լու հար­ցում:

Կոչ է անում Զուի­ցեր­իա­յի կա­ռա­վա­րու­թեա­նը բո­ղո­քար­կել Մար­դու իրա­ւունք­նե­րի եւ­րո­պա­կան դա­տա­րա­նի դա­տավ­ճի­ռը:

–          Կոչ է անում Թուրք­իա­յին դա­դա­րել ժխտել իր պատ­մա­կան անց­եա­լը, որով վեր­ջինս ատե­լու­թիւն, ան­հան­դուր­ժո­ղա­կա­նու­թիւն եւ տգի­տու­թիւն է սեր­մա­նում:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles