Լրահոս

ԵՒ­ՐՈ­ՊԱ­ՅԻ ԸՆ­ԿԵՐ­ՎԱ­ՐԱ­ԿԱՆ ՊԱՏ­ՈՒԻ­ՐԱ­ԿՈՒ­ԹԻՒՆԸ ԿԸ ՀԱՆ­ԴԻ­ՊԻ Հ.Յ.Դ. ՆԵՐ­ԿԱ­ՅԱ­ՑՈՒ­ՑԻՉ­ՆԵ­ՐՈՒՆ ՀԵՏ

ԵՐԵ­ՒԱՆ, “Հ.Յ.Դ. Մամ­լոյ Դիւան“.- Հոկ­տեմ­բեր 18-19ին Առա­քե­լու­թեամբ մը, Երե­ւան կը գտնուէր Ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան եւ հա­մե­րաշ­խու­թեան հա­մար եւ­րո­պա­կան հա­մախմ­բու­մի նա­խա­ձեռ­նած պատ­ուի­րա­կու­թիւնը, որուն մէջ ընդգրկ­ուած են Եւ­րո­պա­կան ըն­կեր­վա­րա­կան կու­սակ­ցու­թեան (PES) ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ եւ Եւ­րո­խորհր­դա­րա­նի մէջ ըն­կեր­վա­րա­կան­նե­րու եւ ժո­ղովր­դա­վար­նե­րու յա­ռա­ջա­դի­մա­կան դա­շին­քի ան­դամ պատ­գա­մա­ւոր­ներ: Պատ­ուի­րա­կու­թեան Երե­ւան այ­ցի նպա­տակն է քա­ղա­քա­կան ու­ժե­րու եւ քա­ղա­քաց­ի­ա­կան հա­սա­րա­կու­թեան հետ հան­դի­պում­նե­րու մի­ջո­ցով պատ­կե­րա­ցում կազ­մել Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան մէջ խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րէն ետք եւ նախ­քան նա­խա­գա­հա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րը տի­րող իրա­վի­ճա­կին մա­սին: Վեր­ջին ան­գամ նման պատ­ուի­րա­կու­թիւն մը նոյն նպա­տա­կով Երե­ւան այ­ցե­լած էր 2007ի Մա­յի­սին, խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րէն ան­մի­ջա­պէս ետք:

Եւ­րո­պա­կան պատ­ուի­րա­կու­թիւնը կը գլխա­ւո­րէ­ին Պուլ­կար­իոյ ըն­կեր­վա­րա­կան կու­սակ­ցու­թեան ան­դամ, Եւ­րո­խորհր­դա­րա­նի պատ­գա­մա­ւոր եւ Եւ­րա­նես­թի խորհր­դա­րա­նա­կան ժո­ղո­վի հա­մա­նա­խա­գահ Քրիստ­ի­ան Վի­կէ­նին եւ Եւ­րո­պա­կան ֆո­րու­մի փոխ­նա­խա­գահ Եան Մա­րի­նուս Ուի­երզ­ման: Պատ­ուի­րա­կու­թեան մաս կը կազ­մէ­ին Սպան­իոյ ըն­կեր­վա­րա­կան-աշ­խա­տա­ւո­րա­կան կու­սակ­ցու­թեան ան­դամ, Եւ­րո­խորհր­դա­րա­նի ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու յանձ­նա­ժո­ղո­վի ան­դամ Մար­իա Մու­նիզ տը Ուր­քի­զան եւ Հուն­գար­իոյ ըն­կեր­վա­րա­կան կու­սակ­ցու­թեան ան­դամ, Եւ­րո­խորհր­դա­րա­նի Եւ­րո­միու­թիւն-Հա­յաս­տան խորհր­դա­րա­նա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան յանձ­նա­խում­բի ան­դամ Էտիթ Հեր­ցոկն ու Ալֆ­րէտ Մո­զըր հիմ­նադ­րա­մի նա­խա­գահ Անտ­րէ Կե­րի­ցը:

Already a subscriber? Log in here

This story is FREE for you...

Create a free account to access this article and get more of our top stories sent to you by newsletter.

Or, subscribe now for unlimited access
By submitting your email address you agree for Hairenik Weekly to send you communication by email

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button