ԳլխաւորԼրահոս

ԵՐԵՒԱՆ․- Հանդիսաւոր Արարողութիւն՝ Ի Յիշատակ Վեր. Դոկտ. Մովսէս Պ․ Ճանպազեանի

Վեր. Դոկտ. Մովսէս Պ. Ճանպազեան Աւետարանչականի Կեդրոնատեպիին դիմաց՝ Փըրամըս, Նիւ Ճըրզի

ԵՐԵՒԱՆ․- Սեպտեմբեր 25, 2025-ին, մշտադալար եղեւնիի տնկման հանդիսաւոր արարողութիւն մը տեղի ունեցաւ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Երեւանի՝ Բաղրամեան 18 Կեդրոնատեղիի  բակին մէջ՝ ի յիշատակ Վերապատուելի Դոկտ. Մովսէս Պ․ Ճանպազեանի, անոր մահուան 25-ամեակին առիթով։ Վեր. Ճանպազեան մեծապէս յարգուած հոգեւոր առաջնորդ եւ տեսիլքի անձնաւորութիւն մըն էր, որ ծառայեց որպէս Աւետարանչականի գործադիր տնօրէն 1987-2000 տարիներուն։

Աւետարանչականի Գործադիր Տնօրէն Սերժ Տ. Պուչաքճեան իր խօսքը կ’ուղղէ ներկաներուն

Արարողութիւնը հանդիսացաւ խորհրդածութեան պահ մը՝ Վեր. Ճանպազեանի կեանքին, ծառայութեան եւ մնայուն ժառանգութեան շուրջ՝ պատուելով անոր խորքային ներդրումը Հայ ժողովուրդի հոգեւոր, ազգային եւ մարդասիրական կեանքին մէջ՝ թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ սփիւռքի մէջ։ Անոր յիշատակին համար նաեւ յուշատախտակ մը տեղադրուեցաւ ծառին դիմաց։

Արարողութիւնը առաջնորդեց Աւետարանչականի ներկայ Գործադիր Տնօրէն Սերժ Տ․ Պուչաքճեան։ Ներկայ էին Աւետարանչականի անդամներ, ղեկավարութիւն, հոգեւորականներ, Հայաստանի մասնաճիւղի աշխատակիցներ եւ վեր. Ճանպազեանի այրին՝ Լուիզա Ճանպազեան։

Advertisement Subscribe Today

Իր բացման խօսքին մէջ Պարոն Պուչաքճեան ըսաւ. «Տեսիլքէն իրականութիւն – այս ծառը յիշատակ մըն է նուիրեալ քրիստոնեայի մը, ի պատիւ անոր հեռատեսութեան եւ այն հիմերուն, զոր դրած է մեր ներկայութեան համար Հայաստանի մէջ»։

Աւետարանչականի Վարչութեան Նախագահ Իրաւաբան Կէրի Ֆիլիփս կ’անդրադառնայ Վեր. Ճանպազեանի տեսիլքին եւ նուիրեալ ծառայութեան

Իրաւաբան Կէրի Ֆիլիփս, Աւետարանչականի Վարչութեան ներկայ Նախագահը, յիշեց, թէ ինչպէս 1990-ական թուականներու կէսերուն վեր. Ճանպազեան անձամբ հրաւիրեց զինք միանալու Աւետարանչականի Վարչութեան։ Ան անդրադարձաւ վեր. Ճանպազեանի տեսիլքին եւ նուիրեալ ծառայութեան՝ մինչեւ անոր անժամանակ վախճանը։ «Թող այս ծառին արմատները խորը աճին, այնպէս ինչպէս Վեր. Ճանպազեանի տնկած արմատները, երբ առաջին անգամ հասաւ Հայաստան՝ հաւատքի, տեսիլքի եւ ծառայութեան արմատներ, որոնք մինչեւ այսօր կը պահպանեն եւ կ’առաջնորդեն Աւետարանչականի առաքելութիւնը», ըսաւ ան։

Վեր. Դոկտ. Ռընէ Լեւոնեան, Եւրասիոյ Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան Նախագահը, յիշեց այն տարիներու իր փորձառութիւնը երբ կը ծառայէր իբրեւ Ընկերակցութեան ներկայացուցիչը Հայաստանի մէջ՝ շեշտելով վեր. Ճանպազեանի հեռատեսութիւնը եւ իր պաշտօնին հանդէպ անսակարկ նուիրումը։

Աւստրալիոյ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Նախագահ Վեր. Դոկտ. Գրիգոր Եումշաճըքեան կը յիշէ Վեր. Դոկտ. Մովսէս Ճանպազեանի ներդրումը Աւստրալիոյ մասնաճիւղի ստեղծման

Վեր. Դոկտ. Գրիգոր Եումշաճըքեան, Աւստրալիոյ Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Նախագահը, յիշեց Վեր. Ճանպազեանի 1999 թուականի այցելութիւնը՝ Աւստրալիա եւ անոր դերը այնտեղի մասնաճիւղի հիմնադրութեան մէջ։

Արարողութեան աւարտին Տիկին Ճանպազեան իր շնորհակալութիւնը յայտնեց Պարոն Պուչաքճեանին եւ Աւետարանչականի ղեկավարութեան՝ իր ամուսնոյն յիշատակը պատուելու այս իմաստալից ծառատունկի ձեռնարկին համար։

Վեր. Ճանպազեան Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան միացաւ 1980-ին իբրեւ անոր առաջին տնօրէնը եւ եօթը տարի ետք յաջորդեց Վեր. Դոկտ. Կիրակոս Չոփուրեանին՝ ստանձնելով գործադիր տնօրէնի պաշտօնը։ Անոր ղեկավարութիւնը վճռական դեր ունեցաւ ընկերակցութեան Հայաստանի մասնաճիւղի հիմնադրութեան եւ անոր առաքելութեան ամրապնդման մէջ՝ բազմաթիւ ծրագիրներով, որոնք կը շարունակուին մինչեւ այսօր։

Եղեւնիի տնկման արարողութիւն – Ձախէն աջ՝ Աւետարանչականի Գործադիր Տնօրէն Սերժ Տ. Պուչաքճեան, Լուիզա Ճանպազեան եւ Աւետարանչականի Վարչական Խորհուրդի Նախագահ Իրաւաբան Կէրի Ֆիլիփս

Հայ Աւետարանական համայնքի առաջնակարգ գործիչներէն մէկը՝ Վեր. Ճանպազեան բարձր յարգանք կը վայելէր Աւետարանչականի հոգեւոր եւ մարդասիրական ազդեցութիւնը խորացնելու իր ջանքերուն համար՝ թէ՛ Հայաստանի մէջ, եւ թէ՛ սփիւռքի համայնքներու մէջ։

1988-ի Սպիտակի երկրաշարժի արհաւիրքէն ետք, ան արագօրէն կազմակերպեց եւ իրականցուց մարդասիրական օգնութեան առաքումը՝ յաճախ անձամբ բարձրանալով բեռնատար ինքնաթիռներու վրայ՝ հսկելու համար բեռներու փոխադրութիւնը եւ համակարգելու միջազգային օժանդակութիւնը՝ ի նպաստ Հայ ժողովուրդի հրատապ կարիքներուն։

Յուշատախտակ

Վեր. Ճանպազեան նաեւ եղած է Աւետարանչականի Խորէն եւ Շուշանիկ Աւետիսեան դպրոցի հիմնադիրներէն գլխաւորը Երեւանի մէջ, որ տասնամեակներ շարունակ բարձրորակ կրթութիւն կը տրամադրէ՝ հիմնուած քրիստոնէական եւ ազգային արժէքներու վրայ։ Անոր հոգեւոր տեսիլքը կը տարածուէր նաեւ Արցախ՝ եղած ըլլալով առաջիններէն մէկը, որ նպաստեց եկեղեցական կեանքի վերածնունդին Հայաստանի եւ Արցախի մէջ։ Ան սկսաւ երիտասարդական եւ մանկական ճամբարներ կազմակերպել, տրամադրելով հոգեւոր, բարոյական եւ նիւթական աջակցութիւն սերունդներու։

Իր հաւատքով, առաջնորդութեամբ եւ հայրենասիրութեամբ Վերապատուելի դոկտ. Մովսէս Պ․ Ճանպազեան թողուց մնայուն ժառանգութիւն մը, որ մինչեւ այսօր կը ներշնչէ Ամերիկայի Հայ Աւետարաչական Ընկերակցութիւնը եւ Հայ համայնքները աշխարհի տարբեր վայրերու մէջ։

 

Advertisement Subscribe Today!

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button