ԵՐԵՒԱՆԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԻ ՊԱՇՏՕՆԻՆ ՀԱՄԱՐ ՊԻՏԻ ՊԱՅՔԱՐԻՆ 7 ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՈՒԺԵՐ

0 0
Read Time:1 Minute, 45 Second

kaxak2ԵՐԵՒԱՆ.- Հինգշաբթի Մարտ 21-ին, աւարտեցաւ Մայիս 5-ին տեղի ունենալիք Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն մասնակցութեան` կուսակցութիւններուն կողմէ Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբին ցուցակներ ներկայացնելու ժամկէտը: Յանձնախումբի մամլոյ քարտուղար Հերմինէ Յարութիւնեան յայտնեց, որ ցուցակներ ներկայացուցած են 7 քաղաքական ուժեր` Հայաստանի հանրապետական կուսակցութիւնը, Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւնը, Օրինաց երկիր կուսակցութիւնը, Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը, Հայ Ազգային Քոնկրէսը, Ժառանգութիւն եւ Առաքելութիւն կուսակցութիւնները:

Նշենք, որ Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան ցուցակը կը գլխաւորէ գործող քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան, Բարգաւաճ Հայաստանինը` Ազգային ժողովի պատգամաւոր, նախկին արտաքին գործոց նախարար Վարդան Օսկանեան, Օրինաց երկիրինը` նախարար Արմէն Երիցեան, ՀՅԴ-ինը` Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար, Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան, Հայ ազգային քոնկրեսինը` Երեւանի նախկին քաղաքապետ Վահագն Խաչատրեան, Ժառանգութեանը` կուսակցութեան փոխնախագահ, նախկին պատգամաւոր Արմէն Մարտիրոսեան, Առաքելութիւն կուսակցութեանը` Մեսրոպ Առաքելեան:

Պաշտօնական քարոզարշաւը պիտի սկսի Ապրիլ 7-ին: Միւս կէղմէ, Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն համար ներկայացուց 65 հոգինոց համամասնական ցանկ մը

Ցուցակին առաջին 10 անուններն են` Արմէն Ռուստամեան (Ազգային ժողովի Հ.Յ.Դ. խմբակցութեան քարտուղար, Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ), Աղուան Վարդանեան (Ազգային ժողովի Հ.Յ.Դ. խմբակցութեան քարտուղար, Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն մարմինի փոխներկայացուցիչ), Արսէն Համբարձումեան (Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն մարմինի փոխներկայացուցիչ), Ալեսիա Բեջանեան, Արթուր Եղիազարեան, Արթուր Ղազարեան, Յովհաննէս Սարգսեան, Մարկարիթա Խոստեղեան, Արամ Նազարեան եւ Լեւոն Գաբրիէլեան:

Աղուան Վարդանեան ցուցակը եւ համապատասխան փաստաթուղթերը յանձնախումբին ներկայացնելէ առաջ յայտնեց, որ պիտի համատեղուի քաղաքական պայքարը եւ զուտ քաղաքը ղեկավարելու պայքարը: Ըստ Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն մարմինի փոխներկայացուցիչին, Դաշնակցութիւնը ունի փորձառու մարդոց խումբ մը եւ յստակ մօտեցումներ թէ՛ քաղաքի, թէ՛ երկրի կառավարման առումով, եւ եկած է այն ժամանակը, որ երեւանցիներուն գերակշիռ մասը անգամ մը եւս վստահի Դաշնակցութեան: “Այս պայքարին մէջ կը մտնենք վճռական եւ ոգեւորուած եւ վստահ ենք, որ պիտի յաղթենք“: Անդրադառնալով միասնական ցուցակով ներկայանալու հաւանական տարբերակին, որ չյաջողեցաւ, Վարդանեան նշեց, որ Դաշնակցութիւնը առաւելագոյնս կարելին եւ անկարելին կատարեց, որ ընդդիմադիր ուժերը այս պայքարին մէջ մտնէին միասնական ցուցակով: Ան աւելցուց, որ իւրաքանչիւրը ունէր իր փաստարկները, հիմնաւորումները, սակայն չյաջողեցաւ: Բայց ասիկա Դաշնակցութեան համար ողբերգութիւն չէ, ընդհակառակն` թերեւս լաւ է: “Աւելի լաւ է, որ իւրաքանչիւր քաղաքական ուժ պիտի փորձէ առաւելագոյն ձայներ ստանալ եւ ատիկա կարելիութիւն պիտի տայ ընտրութիւններէն ետք համախմբուիլ յետընտրական հոլովոյթներուն մէջ եւ Հայաստանի մէջ հաւասարակշռութիւն, հակակշիռներ ստեղծել“, յայտնեց Վարդանեան:

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles