ԵՐԴ­ՄԱՆ ԱՐԱ­ՐՈ­ՂՈՒ­ԹԻՒՆ­ՆԵՐ…

0 0
Read Time:2 Minute, 15 Second

p1 main serzh-sargsyan-raffi-hovhannisian-innaguration-april9  ԵՐԵ­ՒԱՆ.- Ան­կիւ­նա­դար­ձա­յին օր մը եղաւ, Ապ­րիլ 9, 2013 թուա­կա­նը: Ար­դա­րեւ, “Կա­րէն Տէ­միրճ­եան“ի ան­ուան Մար­զա­հա­մեր­գա­յին հա­մա­լի­րին մէջ ներ­կա­յու­թեամբ բազ­մա­թիւ պաշ­տօ­նա­կան հիւ­րե­րու, տե­ղի ու­նե­ցաւ Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի յա­տուկ նիստ, որու ըն­թաց­քին, Սերժ Սարգս­եան երկ­րորդ ան­գամ հնգամ­եայ ժամ­կէ­տով ստանձ­նեց նա­խա­գա­հի պար­տա­կա­նու­թիւն­նե­րը:

Խորհր­դա­րա­նի յա­տուկ նիս­տին ըն­թաց­քին տե­ղի ու­նե­ցաւ նա­խա­գա­հի երդ­ման արա­րո­ղու­թիւնը: Սարգս­եան իր աջը դնե­լով Սահ­մա­նադ­րու­թեան մայր օրի­նա­կին եւ եօ­թե­րորդ դա­րու Վե­հա­մօր Աւե­տա­րա­նին վրայ, ար­տա­սա­նեց նա­խա­գա­հի երդ­ման բնա­գի­րը:

Մի­եւ­նոյն ժա­մա­նակ, այդ հա­մա­լի­րէն ոչ շատ հե­ռու, մայ­րա­քա­ղա­քի կեդ­րո­նա­կան շրջա­նի “Ազա­տու­թիւն“ հրա­պա­րա­կին վրայ տե­ղի ու­նե­ցաւ այլ երդ­ման արա­րո­ղու­թիւն մը: Ար­դա­րեւ, հան­րա­հա­ւա­քի մը ըն­թաց­քին, ընդ­դի­մա­դիր եւ ընտ­րու­թիւն­նե­րը ապօ­րի­նի հա­մա­րող Րաֆ­ֆի Յով­հան­նէս­եան, կա­տա­րեց “Նոր Հա­յաս­տան“ի եր­դու­մը:

Նա­խա­տես­ուած էր, որ այս երդ­ման արա­րո­ղու­թե­նէն ետք հա­մերգ տե­ղի պի­տի ու­նե­նար, սա­կայն Րաֆ­ֆի Յով­հան­նէս­եան որո­շեց քայ­լար­շաւ կա­տա­րել,  անց­նե­լով Հիւ­սի­սա­յին պո­ղո­տա­յէն եւ Հան­րա­պե­տու­թեան հրա­պա­րա­կէն, ապա ծա­ղիկ­ներ զե­տե­ղեց “Մի­աս­նիկ­եան“ի ար­ձա­նին վրայ` Մարտ 1-ի ան­մեղ զո­հե­րու յի­շա­տա­կին: Ապա, ան ուղղ­ուե­ցաւ նա­խա­գա­հա­կան նստա­վայր, ուր ծայր առին բա­խում­ներ ոս­տի­կա­նու­թեան եւ հա­ւա­քին մաս­նակ­ցող հա­զա­րա­ւոր հա­յոր­դի­նե­րուն մի­ջեւ: Նոյ­նինքն Րաֆ­ֆի Յով­հան­նէս­եան ընդ­հա­րում ու­նե­ցաւ ապա­հո­վու­թեան ու­ժե­րուն հետ: Կա­րե­լի եղաւ հա­մա­ձայ­նու­թեան յան­գիլ եւ Յով­հան­նէս­եան կոչ ուղ­ղեց ամ­բո­խին հե­ռա­նալ եւ վերա­դառ­նալ այլ հա­ւա­քի մը, այ­սօր Ապ­րիլ 12, 2013-ին:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles