Եկեղեցւոյ Դաւանական Միութիւնը Եւ Միջեկեղեցական Հաղորդութեան Հեռանկարը

Դոկտ. Աբէլ Քհնյ. Մանուկեան
Նախորդ յօդուածով[1] անդրադարձած էինք առաքելական աւանդութիւն ունեցող եկեղեցիներու միջեւ փոխադարձ մերձեցման գործընթացին եւ միջեկեղեցական երկխօսութիւններու շնորհիւ արձանագրուած նշանակալից ձեռքբերումներուն։ 1960-ական թուականներէն ի վեր բարձրաստիճան եկեղեցականներու եւ տարբեր յանձնախումբերու միջեւ տեղի ունեցած բազմաթիւ հանդիպումներու, համատեղ յայտարարութիւններու եւ աստուածաբանական խորհրդակցութիւններու շարքին յատկապէս ուշադրութեան արժանի են վերջին շրջանի նախաձեռնութիւնները։ Անոնցմէ կ’արժէ առանձնացնել Բարթողիմէոս Ա. Տիեզերական պատրիարքի եւ Թաուատրոս Բ. Ղպտի եկեղեցւոյ պապին միջեւ կայացած հանդիպումը 25 ապրիլ 2025-ին Կ.Պոլսոյ, ինչպէս նաեւ Լեւոն ԺԴ. Պապին եւ Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսին միջեւ Վատիկանի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումը տարւոյս 17–21 մայիսին։ Այս հանդիպումները անգամ մը եւս կը հաստատեն, որ քրիստոնէական տարբեր աւանդութիւններու միջեւ երկխօսութիւնը կը շարունակուի փոխադարձ յարգանքի, եղբայրական փոխըմբռնման, աւելի սերտ համագործակցութեան եւ, ի վերջոյ, եկեղեցական լիակատար միութիւն մը ձեռք բերելու ոգիով։
Քաղկեդոնի ժողովէն (451 թ.) յառաջացած եւ շուրջ տասնվեց դար տեւած եկեղեցական բաժանումը մեծապէս հիմնուած էր պատմական եւ աստուածաբանական թիւրիմացութիւններու վրայ։ Այսօրուան միջեկեղեցական երկխօսութիւնը կը վկայէ, որ բաժնուած եկեղեցիները իրենց հաւատքի էական բովանդակութեան մէջ շատ աւելի մօտ էին իրարու, քան երբեւէ կը կարծուէր։ Այս իրողութիւնը նոր հեռանկարներ բացած է փոխադարձ ճանաչման, վստահութեան վերականգնման եւ եկեղեցական միութեան ուղղութեամբ յառաջընթաց արձանագրելու համար։ Աստուածաբանական տեսանկիւնէ դիտուած՝ այդ ցանկալի միութեան իրականացման բարձրագոյն արտայայտութիւնը կը հանդիսանայ միջեկեղեցական հաղորդութեան լիարժէք իրագործումը։
Միջեկեղեցական հաղորդութիւն կամ այսուհետեւ՝ «միջհաղորդութիւն» (intercommunion) բառակապակցութիւնը, կը նշանակէ քրիստոնեայի մը սուրբ հաղորդութիւն ընդունիլը այնպիսի եկեղեցիի մը մէջ, որ դաւանական իմաստով տարբեր է իր եկեղեցական պատկանելութենէն։ Այսինքն՝ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ անդամ մը որեւէ կաթողիկէ, ռուս կամ յոյն ուղղափառ եկեղեցիի մը մէջ, մասնակցելով սուրբ պատարագի արարողութեան, պատարագիչ քահանայէն անվերապահ ստանալ կարենայ սուրբ հաղորդութիւնը, նաեւ փոխադարձաբար՝ կաթողիկէ, ռուս կամ յոյն ուղղափառ եկեղեցիի մը անդամ հաւատացեալը նոյն ձեւով կարենայ սուրբ հաղորդութիւն ստանալ Արեւելեան հին ուղղափառ եկեղեցիներէն որեւէ մէկուն մէջ:
Եկեղեցաբանութեան տեսանկիւնէ՝ միջհաղորդութիւնը սերտօրէն առնչուած է եկեղեցական լիակատար միութեան հետ։ Եկեղեցիին եօթը սրբազան խորհուրդները՝ Մկրտութիւն, Դրոշմ, Ապաշխարութիւն, Հաղորդութիւն, Ձեռնարդութիւն, Պսակ եւ Հիւանդաց կարգ կամ Վերջին օծում, չեն ընկալուիր իբրեւ զուտ անհատական հաւատքի արարքներ, այլ՝ եկեղեցական միութեան լիարժէք վկայութիւն եւ իրագործում։ Այդ պատճառով հիմնական սկզբունք կը նկատուի այն փաստը, որ Եկեղեցւոյ խորհուրդները որպէս կանոն կը մատուցուին եւ կը ստացուին բացառապէս նոյն եկեղեցական դաւանութեան շրջանակին մէջ։ Հետեւաբար, Կաթողիկէ, Արեւելեան ուղղափառ եւ Արեւելեան հին ուղղափառ եկեղեցիներուն մէջ սուրբ խորհուրդները կը մատուցուին իւրաքանչիւր եկեղեցւոյ սեփական հաւատացեալներուն համար, իսկ հաւատացեալներն ալ զանոնք կը ստանան առանձնապէս իրենց եկեղեցիին ծառայող հոգեւորականներէն։ Այս սկզբունքը կը բխի այն համոզումէն, որ Եկեղեցւոյ սրբազան խորհուրդները համայնքային կեանքին մէջ ոչ միայն աստուածային շնորհքի տեսանելի եւ ներգործող նշաններն են, այլեւ Եկեղեցւոյ միութեան լիարժէք վկայութիւններ, որոնց մէջ առաջնահերթն ու էականը Ս. Հաղորդութիւնն է: Արդարեւ, միջեկեղեցական հաղորդութեան իրականացումը այն պահն է, ուր Եկեղեցւոյ միութիւնը այնուհետեւ սպասում մը չէ, այլ ապրուած իրողութիւն:
Բնականաբար այստեղ կը յառաջանայ այն հիմնահարցը՝ արդեօ՞ք վերոնշեալ եկեղեցիները, որոնք շուրջ եօթանասուն երկար տարիներու միջեկեղեցական երկխօսութիւններէ եւ համատեղ յայտարարութիւններէ ետք ձեռք բերել կրցան այն միջհաղորդութիւնը, որ գոյութիւն ունէր Ընդհանրական եկեղեցիին մէջ մինչեւ Քաղկեդոնի տիեզերական ժողովը եւ անկէ յառաջացած չարաբաստիկ բաժանումը: Դժբախտաբար՝ ո՛չ: Հակառակ գործադրուած բոլոր ջանքերուն, միջեկեղեցական արդիւնաւէտ երկխօսութիւններուն ու անոնց միջոցով քրիստոսաբանական հարցերու եւ հաւատքի կարեւորագոյն ճշարտութիւններու վերաբերեալ ընդհանրութիւններուն, տակաւին իրականացած չէ եկեղեցիներու միջեւ այն ցանկալի միութիւնը, որ իր վերջնական դրսեւորումն ու կնիքը պիտի գտնէր եկեղեցական միջհաղորդութեան իրականացման մէջ:
Այս առնչութեամբ կ’արժէ անդրադառնալ քանի մը ցայտուն օրինակներու.
Վերջերս թորոնթոհայ ընտանիք մը, որ իր դուստրը կնութեան տուած էր յոյն երիտասարդի մը, ուրախութիւնը ունէր իր նորածինը մկրտելու տեղւոյն Արեւելեան ուղղափառ յունադաւան համայնքի եկեղեցիին մէջ։ Ուրախութիւնը կրկնակի էր, քանի մկրտուող երեխային կնքահայր պիտի ըլլար յոյն հօրեղբայրը, իսկ կնքամայրը՝ հայ մօրաքոյրը։ Երեխայի մկրտութեան նախապատրաստութեան ընթացքին երբ երկու ընտանիքները կը դիմեն տեղւոյն յոյն աւագերէցին, ան սիրով կ’ընդառաջէ, սակայն կը մերժէ մօրաքրոջ կնքամայր ըլլալու առաջարկը՝ պատճառաբանելով, որ ան դաւանակից չէ Արեւելեան ուղղափառ յունական եկեղեցւոյ, ուստի չի կրնար որպէս վկայ մասնակցիլ մկրտութեան արարողութեան։ Այս իրադարձութիւնը խոր հիսաթափութիւն կը յառաջացնէ խնամիական կապերով միացած զոյգ ընտանիքներուն մէջ, որոնք կ’որոշեն երեխային մկրտութիւնը չկատարել դաւանական անհանդուրժողութեան ոգի ցուցաբերող յունական եկեղեցիին մէջ՝ դիմելով տեղւոյն հայկական եկեղեցին։
Ուրիշ թարմ օրինակ մը եւս թորոնթոհայ համայնքէն:
Ս. Նեքթարիոս Փենթապոլսեցին կամ Էկինացին սքանչելագործ եւ բժշկող սուրբի մը համբաւը ունի Յունական ուղղափառ եկեղեցւոյ մէջ։ Իր բարեխօսութեամբ կատարուած հրաշքներուն մէջ մեծ թիւ կը կազմեն մահացու քաղցկեղէ բժշկուածները։ Աշխարհի տարբեր անկիւններու մէջ անոր անունով բազմաթիւ տաճարներ կան, որոնցմէ մին կը գտնուի յոյն ներգաղթողներով բնակեցուած Թորոնթոյի արեւմտեան հատուածի թաղամասերէն մէկուն մէջ։ Նկատի ունենալով սուրբին համբաւը՝ երկու հայ բարեպաշտ տիկիններ, որոնցմէ մին քաղցքեղէ կը տառապէր, կիրակի օր մը կը մեկնին այդ եկեղեցին՝ աղօթելու անոր ձօնուած սրբանկարին՝ բժշկութիւն հայցելու համար հրաշագործ եւ խնդրակատար սուրբէն: Եկեղեցին լեցուն էր համայնքի անդամներով, որոնք ջերմեռանդ կը հետեւէին սուրբ պատարագի արարողութեան: Երբ կը մօտենայ հաղորդութիւն ստանալու պահը, հայ տիկիններէն մին նոյնպէս կը միանայ հաղորդուողներու շարքին: Պատարագիչ քահանան, որ կը ճանչնար իր համայնքին անդամները, հայ տիկնոջ այցելու մը ըլլալը նկատելով հաղորդութիւնը տալէ առաջ կը հարցնէ, եթէ ինք յոյն ուղղափառ դաւանութիւն ունի՞: Տիկինը ի զուր կը ջանայ բացատրել, որ ինք հայ է եւ Հայ եկեղեցւոյ դաւանութիւնն ալ ուղղափառ է: Քահանան կը մերժէ հաղորդութիւն տալ ու կը խնդրէ դուրս գալ հաղորդուողներու շարքէն: Այս վերաբերմունքը տիկնոջ համար խորապէս անակնկալ եւ անհասկնալի էր։ Իր պարզ ու անկեղծ հաւատքով ան համոզուած էր, որ Տիրոջ Սեղանը բաց է բոլոր անոնց առջեւ, որոնք ապաշխարելով կը մօտենան Քրիստոսի, որպէսզի ստանան մխիթարութիւն, շնորհք եւ մեղքերու թողութիւն։ Ուստի քահանային կոպիտ միջամտութիւնը ոչ միայն ծանրօէն կը վիրաւորէ զինք, այլեւ իր մէջ կը յառաջացնէ յուսախաբութեան դառն զգացում մը այն պահուն, երբ հոգեւոր մխիթարութեան եւ Աստուծոյ օգնութեան կարիքը ամէնէն աւելի կը զգար։
Աւելի տխուր եւ միաժամանակ խորհրդանշական բնոյթ ունեցող դէպք մը կապուած էր երկու հայ ուխտաւորներու այցելութեան հետ դէպի Արեւելեան ուղղափառ եկեղեցւոյ հոգեւոր կեդրոն հանդիսացող Աթոս լեռան վանական համալիրները։ Այդ օրերը կը զուգադիպէին Աւագ շաբթուան, երբ Տիրոջ չարչարանաց խորհուրդի ներհայեցողութեան եւ աղօթական մթնոլորտին մէջ վանականութիւնը, բազմաթիւ ուխտաւորներու հետ, ծոմապահութեամբ եւ հոգեպարար աղօթասացութիւններով կը պատրաստուէր դիմաւորելու Քրիստոսի հրաշափառ յարութեան տօնը։
Աթոսեան աւանդութեան համաձայն, ուխտաւորները այդ օրերուն կը շրջին զանազան վանքեր՝ մասնակցելու հոգեշահ արարողութիւններուն՝ ներշնչուելով վանական կեանքի աղօթական շունչով։ Այդ ուխտաւորական երթին միացած երկու հայ բարեկամներ իրենց այցելութիւններուն ընթացքին կը հասնին նաեւ վրացական «Իվիրոն» վանքը՝ նաեւ այդ սրբավայրին մէջ մասնակցելու համար մատուցուող պաշտամունքին։
Սակայն արարողութեան ընթացքին կը պատահի դժբախտ եւ խորապէս ցաւալի միջադէպ մը։ Հայ ուխտաւորներէն մին եկեղեցի մտնելու պահուն, ըստ սովորութեան, կը խաչակնքէ համաձայն հայկական աւանդութեան՝ ձեռքի շարժումը տանելով ձախ ուսէն դէպի աջ՝ ըստ յունականի աջէն դէպի ձախ տանելու փոխարէն: Սոյնը կը նշմարեն երկու խստակեաց վրացի վանականներ եւ կը խոյանան հայ ուխտաւորներուն վրայ, գրեթէ կը զգետնեն զանոնք, եւ անոնց օձիքէն բռնելով ուղղակի կը հեռացնեն եկեղեցւոյ տարածքէն, որովհետեւ անոնցմէ մին իր երեսը «խաչակնքելու յանցանքով» մատնած էր իր այլադաւանութիւնը:
Վերոնշեալ դէպքերը, որքան ալ ցաւալի եւ գայթակղեցուցիչ թուին, պէտք չէ դիտուին որպէս առանձին անհատներու անհանդուրժող կեցուածքի մը պարզ արտայայտութիւն։ Անոնք, իրականութեան մէջ, աւելի խոր եկեղեցաբանական իրողութեան մը արտաքին դրսեւորումներն են։ Եկեղեցիներու միջեւ գոյութիւն ունեցող սահմանափակումները իրենց արմատները ունին ոչ թէ ազգային, մշակութային կամ անձնական հակադրութիւններու մէջ, այլ այն ըմբռնումին, որ Ս. Հաղորդութիւնը եկեղեցական լիակատար միութեան գերագոյն արտայայտութիւնն է։ Հետեւաբար, միջեկեղեցական հաղորդութեան հարցը չի կրնար դիտուիլ զուտ հովուական կամ գործնական տեսանկիւնէ, այլ կը պահանջէ աստուածաբանական եւ եկեղեցաբանական աւելի խոր քննութիւն։ Արդարեւ, եթէ Ս. Հաղորդութիւնը Եկեղեցւոյ միութեան խորհուրդն ու կնիքն է, ապա բնական հարցում մը կը ծագի. ի՞նչ պայմաններու տակ տարբեր եկեղեցիներ կրնան հասնիլ այնպիսի փոխադարձ ճանաչման եւ հաղորդութեան, որ նոյն Սեղանէն մասնակցութիւնը դառնայ ոչ թէ բացառութիւն, այլ եկեղեցական միութեան պաշտօնական արտայայտութիւն։
Կաթողիկէ, Արեւելեան ուղղափառ եւ Արեւելեան հին ուղղափառ եկեղեցիներու միջեւ միջհաղորդութեան բացակայութիւնը պէտք չէ դիտել իբրեւ եզակի ու որոշակի եկեղեցական «արգելք» մը, այլ՝ երկարատեւ եւ աստիճանական պատմական բաժանումի հետեւանք։ Արդարեւ, Քաղկեդոնի ժողովը յառաջացուց առաջին հիմնական բաժանումը Ընդհանարական եկեղեցիին մէջ, երբ Քրիստոսի աստուածային եւ մարդկային բնութիւններուն վերաբերեալ բացատրութեան տարբեր ձեւակերպումները յանգեցուցին առանձին եկեղեցական ինքնութիւններու ձեւաւորման՝ մէկ կողմէ Կաթողիկէ, ապա Արեւելեան ուղղափառ, իսկ միւս կողմէ Արեւելեան հին ուղղափառ եկեղեցիներու աւանդութեանց միջեւ։
Հետագայ կարեւոր իրադարձութիւնը հանդիսացաւ այսպէս կոչուած «Մեծ պառակտում»-ը 1054 թուականին, երբ վերջնականապէս խզուեցաւ Հռոմի եւ Կ.Պոլսոյ միջեւ տակաւին առկայ եկեղեցական հաղորդութիւնը՝ հիմնականօրէն պապական գերիշխանութեան, նաեւ ծիսական-աստուածաբանական տարբեր զարգացումներու շուրջ գոյացած տարակարծութիւններու պատճառով։ Այս պատմական խզումներուն հետեւանքով բոլոր աւանդութիւններուն մէջ աստիճանաբար ձեւաւորուեցաւ այն հիմնական ընկալումը, որ Ս. Հաղորդութիւնը եկեղեցական լիակատար միութեան տեսանելի արտայայտութիւնն է եւ հետեւաբար չի կրնար իրագործուիլ առանց դաւանական ամբողջական միութեան։ Այլ կերպ՝ միջեկեղեցական հաղորդութիւնը եկեղեցիներու միութեան միջոց չի կրնար ըլլալ, այլ՝ գերազանցապէս վերջին նպատակ: Ուստի այսօր գոյութիւն ունեցող Առաքելական եկեղեցիներու միջեւ միջհաղորդութեան բացակայութիւնը պէտք չէ հասկնալ իբրեւ դիտաւորեալ արգելք, այլ՝ որպէս հետեւանք դարերու ընթացքին աստիճանաբար իրարմէ հեռացած եկեղեցաբանական, աստուածաբանական եւ կանոնական զարգացումներու, որոնք ցայսօր, հակառակ միջեկեղեցական երկխօսութիւններու դրական ձեռքբերումներուն եւ համատեղ յայտարարութիւններուն, տակաւին ամբողջապէս յաղթահարուած չեն։
Հակառակ պատմութեան ընթացքին կուտակուած բաժանումներուն, փոխադարձ անվստահութեան եւ դարերով ամրապնդուած կանոնական սահմաններուն, այսօր քրիստոնէական եկեղեցիներու միջեւ ընթացող երկխօսութիւնը նոր հեռանկարներ կը բանայ եկեղեցական միութեան ճանապարհին։ Ինչպէս վերոգրեալ նշուեցաւ, վերջին տասնամեակներու աստուածաբանական ուսումնասիրութիւնները եւ համատեղ յայտարարութիւնները յստակօրէն ցոյց կու տան, որ անցեալի բազմաթիւ հակամարտութիւններ շատ աւելի լեզուական, մշակութային եւ պատմական պայմանաւորուածութիւններու արդիւնք էին, քան հաւատքի բուն բովանդակութեան շուրջ անհաշտ հակասութիւններու։ Այս գիտակցութիւնը աստիճանաբար կը վերականգնէ բաժնուած եկեղեցիներուն միջեւ վստահութեան մթնոլորտը եւ կը նպաստէ փոխադարձ ճանաչման։ Եթէ Եկեղեցին իր էութեամբ կոչուած է ըլլալու Քրիստոսի մէկ Մարմինը, ապա այդ միութիւնը չի կրնար մնալ միայն տեսական դաւանանք կամ ապագային վերաբերող ակնկալութիւն։ Ան կոչ ու միաժամանակ տէրունական պատգամ մըն է (Յովհ. Ժ, 16, նաեւ՝ ԺԷ, 21)՝ վերագտնելու այն միութիւնն ու հաղորդութիւնը, որոնց արմատները կը հասնին մինչեւ առաքելական ժամանակները։ Այդ հեռանկարին մէջ միջեկեղեցական հաղորդութիւնը պարզապէս կարգապահական հարց մը չէ, այլ Եկեղեցւոյ միութեան տեսանելի եւ կատարեալ արտայայտութիւն։ Ուստի եկեղեցիներու միութեան ուղղութեամբ առնուած իւրաքանչիւր անկեղծ քայլ, իւրաքանչիւր երկխօսութիւն եւ իւրաքանչիւր փոխադարձ ճանաչում ոչ միայն պատմական վէրքերու սպիացում է, այլ նաեւ յառաջընթաց դէպի այն օրը, երբ քրիստոնեաներ, բաժանումներու տխուր յիշատակէն անդին, պիտի կարենան նոյն Ս. Սեղանին շուրջ միասնաբար ճաշակել սրբագործուած Հացը եւ ըմպել նոյն Բաժակէն՝ որպէս մէկ, սուրբ, առաքելական եւ ընդհանրական Եկեղեցւոյ կենդանի վկայութիւն։
Միջեկեղեցական հաղորդութեան իրականացման ճանապարհին առկայ ամենալուրջ աստուածաբանական խոչընդոտներէն մէկը տիեզերական ժողովներու փոխադարձ ճանաչումի հարցն է։ Քանի որ Կաթողիկէ, Արեւելեան ուղղափառ եւ Արեւելեան հին ուղղափառ եկեղեցիները տարբեր կերպով կը գնահատեն եւ կը ճանչնան Եկեղեցւոյ պատմութեան ընթացքին գումարուած տիեզերական ժողովներու հեղինակութիւնը, անոնց միջեւ տակաւին բաց կը մնայ այն հիմնարար հարցը, թէ ո՞րն է հաւատքի վերջնական եւ ընդհանուր չափանիշը։
Արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիները կը ճանչնան տիեզերական եօթը ժողովներ՝ Նիկիոյ Ա. (325 թ.), Կ.Պոլսոյ Ա. (381 թ.), Եփեսոսի (431 թ.), Քաղկեդոնի (451 թ.) Կ.Պոլսոյ Բ. (553 թ.), Կ.Պոլսոյ Գ. (680–681 թթ.) եւ Նիկիոյ Բ. (787 թ.):
Հռոմէական կաթողիկէ եկեղեցին նշուած եօթը ժողովներէն բացի կը ճանչնայ տասնչորս տիեզերական ժողովներ եւս, ընդհանուր թիւով՝ քսանմէկ տիեզերական ժողովներ, որոնց գումարման առթիւ սահմանուած են դոգմաներ, այլապէս՝ քրիստոնէական հաւատքի գերագոյն ճշմարտութիւններ:
Արեւելեան հին ուղղափառ եկեղեցիներու ընտանիքը, ներառեալ՝ Հայ առաք. եկեղեցին, կը ճանչնան միայն առաջին երեք տիեզերական ժողովները, եւ անոնց ընդունած դաւանաբանական որոշումները կը նկատեն ամբողջ Եկեղեցւոյ համար պարտադիր եւ հեղինակաւոր հաւատքի չափանիշ։
Առաջին երեք տիեզերական ժողովներու վճիռներով կը լրացուին եւ կը հաստատուին քրիստոնէական հաւատքի հիմնական սիւները, որոնք կը կազմեն ուղղափառ դաւանութեան անխախտ հիմքը՝ ամենասուրբ Երրորդութեան, Մարդեղութեան եւ Փրկագործութեան խորհուրդներուն մասին։ Հայ եկեղեցւոյ Հաւատոյ հանգանակը՝ կամ Հաւատամքը, այդ աստուածաբանական ճշմարտութիւններու բիւրեղացած արտայայտութիւնն է, որ սուրբ պատարագի արարողութեան ընթացքին հաւատացեալ հայը արտասանելով կամ երգելով՝ ոչ միայն կը յիշէ, այլ հոգեւին կը վերապրի դարէ ի դար իր հայրերէն աւանդուած հաւատքին խորունկ խոստովանութիւնը։
Արդարեւ, Ս. Հաղորդութիւնը եկեղեցական ամբողջական միութեան գերագոյն արտայայտութիւնն է, ուստի կը նախադրէ ոչ միայն ընդհանուր հաւատք առ Քրիստոս, այլեւ հաւատքի այդ աւանդութեան հեղինակաւոր վկայութիւններու շուրջ համաձայնութիւն։ Հետեւաբար, քանի դեռ գոյութիւն չունի լիարժէք համաձայնութիւն մը տիեզերական ժողովները փոխադարձաբար ընդունելու եւ անոնց դաւանաբանական հեղինակութիւնը անվերապահօրէն ճանչնալու հարցին շուրջ, եկեղեցիներու միութեան հարցը կը շարունակէ մնալ դժուար իրագործելի նպատակ մը, իսկ լիակատար միջհաղորդութիւնը՝ միջեկեղեցկան երկխօսութիւններու ճանապարհին կանգնած ամենաբարդ եւ զգայուն մարտահրաւէրներէն մէկը։
Այնուամենայնիւ, սակայն, այսօրուան աշխարհաքաղաքական բարդ եւ արագ փոփոխուող իրականութեան մէջ եկեղեցիներու միութեան հարցը կը ստանայ նոր եւ աւելի հրատապ նշանակութիւն։ Համաշխարհային մակարդակով աճող լարուածութիւնները, պետութիւններու միջեւ հակամարտութիւնները, ինչպէս նաեւ կրօնական ինքնութիւններու քաղաքական գործիքաւորումը կը ստեղծեն միջավայր մը, ուր կրօնը ոչ միայն հոգեւոր իրականութիւն է, այլ նաեւ երբեմն բաժանման կամ հակադրութեան գործօն։ Այս պայմաններուն մէջ քրիստոնէական եկեղեցիներու բաժնուած ըլլալու փաստը կը թուլացնէ անոնց վկայութիւնը աշխարհի մէջ եւ կը նուազեցնէ անոնց միասնական բարոյական ու հոգեւոր ձայնը՝ արդարութեան, խաղաղութեան եւ մարդու արժանապատուութեան պաշտպանութեան հարցերուն հանդէպ։ Միաժամանակ՝ միաստուածեան այլ կրօններու հետ յարաբերութիւններու դաշտին մէջ քրիստոնէութիւնը կը դիմագրաւէ բազմակողմանի երկխօսութեան մարտահրաւէրներ, ուր միասնական եւ համադրուած եկեղեցական ներկայութիւնը աւելի մեծ կշիռ կրնայ ունենալ զիրար հասկնալու եւ պայթիւնավտանգ լարուածութիւնները մեղմացնելու գործընթացին մէջ։ Հետեւաբար, եկեղեցիներու միջեւ մերձեցումը եւ աստիճանական միութեան որոնումը այսօր այլեւս միայն ներեկեղեցական կամ դաւանական խնդիր մը չէ, այլ կը դառնայ համաշխարհային պատասխանատւութեան հարց, որուն միջոցով քրիստոնէութիւնը կրնայ աւելի վստահելի եւ համահունչ կերպով ներկայանալ մարդկութեան առջեւ իբրեւ խաղաղութեան, հաշտութեան եւ հոգեւոր միութեան վկայութիւն։ Առանց միջքրիստոնէական կամ միջեկեղեցական ամբողջական միութեան՝ միջկրօնական երկխօսութիւնը չի կրնար դառնալ լիարժէքօրէն արդիւնաւէտ եւ երաշխաւորել կայուն խաղաղութիւն մը աշխարհի մէջ։
Յաւարտ բանիս, այստեղ աւելորդ պիտի չըլլայ Եկեղեցւոյ միութեան վերաբերեալ տալու պատկերաւոր օրինակ մը: Եկեղեցիները կը նմանին առանձին լճակներու, որոնք պատմական բաժանումներու բերումով աստիճանաբար հեռացած են իրարմէ՝ իրենց միջեւ կուտակելով տիղմ, կաւ, խիճ, աւազ ու քար՝ ձեւաւորելով կարծրացած եւ գրեթէ անանցանելի պատնէշներ։
Սակայն Սուրբ Հոգին Իր շնորհքի եւ սիրոյ առատաբուխ անձրեւներով պիտի կենսաւորէ այդ բաժնուած լճակները, որպէսզի ջուրերուն մակարդակը աստիճանաբար բարձրանայ, եւ այն արհեստական պատնէշները, որոնք բաժանում կը ստեղծեն, կամաց-կամաց փլուզին ու անզօր դառնան իրենց այնուհետեւ անիմաստ սահմանազատումները։ Այսպիսով՝ առանձնացած լճակները պիտի սկսին հետզհետէ իրարու միանալ, մինչեւ որ անոնք միասին կազմեն հաւատքի մէկ ծով, որուն մէջ պիտի արտացոլայ Եկեղեցւոյ միութիւնը՝ իբրեւ մէկ Մարմին՝ ամենակալ մէ՛կ Աստուածով, յարուցեալ փրկիչ մէ՛կ Յիսուս Քրիստոսով եւ կենդանարար մէ՛կ Ս. Հոգիով վերամիաւորուած իրականութիւն։
Ժընեւ, 13 Յունիս 2026
Յիշատակ սրբոյն Ներսիսի Մեծի հայրապետին մերոյ եւ
Խադայ եպիսկոպոսին։
[1] Տե՛ս Մանուկեան, Աբէլ քհնյ., «Մէկ Քրիստոս, բայց բաժնուած եկեղեցիներ…», Նոր Յառաջ, ԺԷ. տարի, թիւ 2300, 6 յունիս 2026. նաեւ՝ https://www.aztagdaily.com/archives/689853

