
ՀԱՅՐԵՆԻՔ
Խմբագրական
«Ծովը կախարդանք մըն է, որ քեզ առ յաւէտ իր հրաշալիքի ուռկանին մէջ կը պահէ»:
Ժաք Քուսթօ (Ֆրանսացի ծովախոյզ, 1910-1997)
Բնութեան եւ կենսոլորտի պահպանման ի խնդիր ամբողջ կեանք մը պայքարած՝ hանրածանօթ գիտնական Ժաք Քուսթոյի խօսքերը դժուար է յարմարցնել մեր ներկայ օրերուն, եթէ նկատի ունենանք, որ թէ՛ ծովը եւ թէ՛ ովկիանոսը առաջնահերթ դեր կը խաղան համաշխարհայնացման գործընթացին մէջ։ Ծովն ու ովկիանոսը դադրած են կախարդանք ըլլալէ, դարձած են պատուհաս (դեռ չենք խօսիր ապականումի եւ թափօններու մասին): Այս վիճակի ստեղծման ետին կանգնողն ու «պայթուցիկ» կացութիւն ստեղծողը՝ ջրային տարածքներու վրայ իշխող աներեւոյթ չաստուածներն են, որոնք առանց ուռկանի կը շահագործեն ծովերու եւ ովկիանոսներու ընդերքի պտուղները, կ’իւրացնեն բնական հարստութիւնները։
Ձկնորսութեան իրաւունքի եւ բնական հարստութեանց ձեռքբերման համար, երկիրներ յաճախ մրցակցած են ծովային զանազան տարածքներէ ներս, մինչեւ իսկ ստեղծած են պատերազմական մթնոլորտ։ Ցայսօր, նոյնն է կացութիւնը: Մասնաւորենք. անցեալ Օգոստոսէն ի վեր, կիզակէտը Միջերկրականի արեւելեան շրջանէն մինչեւ Եգէական տարածուող գօտին է, որ տարուան շոգ օրերուն, հարուստներու նախասիրած վայրն է. անոնք շքեղ զբօսանաւերով կու գան ըմբոշխնելու տարբեր եւ արդիական «Իլիական» մը, որ զերծ չէ «Աքիլլէսի կրունկ»-էն եւ կը մարմնաւորուի մերձակայ շրջաններու մէջ ապօրինի գաղթականներու ոդիսականով։
Յիշեալ զբօսանաւերու դասակարգին չէր պատկաներ թրքական դրօշ պարզած՝ «Օրուչ Ռէյիս»-ը, որ Օգոստոս 10-ին՝ շրջապատուած թրքական բանակի ռազմանաւերով, ժամանած էր Եգէականի տարածաշրջան, հետախուզական պեղումներ կատարելու եւ բնական հարստութիւններ ուսումնասիրելու առաքելութեամբ։ Եղածը՝ ցամաքէն հեռու թրքական աղաղակող ոտնձգութիւն մըն էր եւ յստակօրէն չէր յարգեր 1982-ին, Մոնթեկօ Պէյի (Ճամայքա) մէջ կնքուած միջազգային դաշնագրին պայմանները։ Այդ խորհրդաժողովին, ծովային սահման ունեցող աշխարհի բոլոր երկիրներուն կողմէ ուսումնասիրուած, վաւերացուած եւ ստորագրուած էր դաշնագիր մը, ուր սեւով ճերմակի վրայ արձանագրուած է, թէ երկիր մը իրաւունք ունի իր ծովափէն առաւելագոյնն 200 մղոն հեռաւորութեամբ գօտին օգտագործելու։ «Օրուչ Ռէյիս»-ն ու իր թիկնապահ ռազմանաւերը ոտնակոխած էին գրեթէ քառասուն տարուան կեանք ունեցող դաշնագրին պայմանները։ Կարելի չէ անտեսել, որ Թուրքիա յայտնապէս կը չարաշահէ Եգէականի «բիւրաւոր» անբնակ կղզեակներուն ստեղծած վաղեմի «հանելուկը»:
Պեղումի կատարելագործուած կազմածներով թանկարժէք նաւը՝ «Օրուչ Ռէյիս»-ը, տարօրինակ զուգադիպութեամբ մը, կը կրէ անունը օսմանական Թուրքիոյ ծովակալներէն մէկուն, որ ծնած է Միտիլի (գաղթականներու վերապահուած՝ յունական մեծագոյն Լեսպոս կղզին). աւելի՛ն, ան հռչակ շահած էր 1500-ականներուն, գաղթականներ փոխադրելով ․․․ հակառակ ուղղութեամբ՝ Սպանիայէն Ափրիկէ։ Այլ խօսքով, Անգարայի այսօրուան «սպիտակ պալատ»-ի օսմանական աւանդոյթին մէկ արդի տարբերակն է, որ կը կատարուի ցամաքէն հեռու, ալեկոծուելու ենթակայ ջուրերուն մէջ։
Սպասուածէն շատ աւելի կտրուկ եւ խիզախ էր Յունաստանի ծովուժի պատասխանը, որուն պատճառով, քիչ մնաց որ երկու թշնամի երկիրներու ծովուժի յածանաւերը բախում ունենային։ Լարուած մթնոլորտը շարունակուեցաւ «ընդյատակեայ» ձեւով, երբ սուլթանամէտ Էրտողան, սուզանաւերու օժանդակութեամբ, փորձեց գերակայութիւն ստեղծել։ Հոն ալ անակնկալի եկաւ ան, երբ, թէեւ թիւով աւելի սակաւ, սակայն սարքաւորումով շատ աւելի կատարելագործուած՝ յունական սուզանաւեր կրցան կացութեան տէրը դառնալ։ Լարուած վիճակը արտայայտութիւն գտաւ նաեւ տարածաշրջանի օդային սահմաններուն մէջ, Կրետէ կղզիին մօտ, երբ յունական «Էֆ. 16» հալածիչներ քիչ մնաց որ ճակատում ունենային թրքական «Էֆ. 16»-երու հետ։ ՆԱԹՕ-ի անդամ երկրի մը արտադրած օդանաւերը դէմ առ դէմ հանեցին ՆԱԹՕ-ի անդամ երկու այլ երկիրներ: Այս ալ մեր աշխարհի «տարօրինակութիւններէն» մէկը…:
Ի նպաստ Յունաստանի՝ նոյնքան կտրուկ եւ խիզախ դիրքորոշում որդեգրեցին եւրոպական կարգ մը երկիրներ, որոնց կարգին՝ Գերմանիան եւ յատկապէս Ֆրանսան, որ փութաց շրջան ղրկել մարտանաւեր եւ օդանաւեր։ Շատ աւելի միջազգայնացնելով հարցը, Եգիպտոսն ալ զինակցած է Յունաստանի, նկատի ունենալով Թուրքիոյ կիրարկած կայսերական քաղաքականութիւնը՝ Լիպիոյ մէջ եւ այլուր։
Մթնոլորտը կը մնայ պայթուցիկ։ Ամառ օրով, Եգէականը փոթորկած է։ Պատճառը՝ մի՛շտ նոյն սուլթանամէտ Ռէճէպ Թայիպ Էրտողանը, վերստին ծփացող համաթուրանական երազներ ը եւ այս բոլորը՝ շա՜տ հեռու հանրածանօթ ծովախոյզ Քուսթոյի երազային աշխարհէն։