Գիրքի Շնորհահանդէս՝ Ուաթըրթաունի Հանրային Գրադարանին Մէջ

Հինգշաբթի 16 Յուլիսի երեկոյեան ժամը 6։30-ին, Ուաթըրթաունի (Մասաչուսէց) hանրային գրադարանին մէջ, տեղւոյն Հայկական Թանգարանի (ALMA) եւ «Համազգային»-ի Պոսթընի մասնաճիւղի կազմակերպութեամբ, տեղի պիտի ունենայ Ռուբէն եւ Լիզ Սիմոնեաններու նոր գիրքին՝  Uncharted  Canvas — A Journey Through Beirut, Brussels, and Beyond («Անբացայայտ Կտաւ – Պէյրութէն Պրիւքսէլ եւ Աւելի Անդին») շնորհահանդէսը։

Գիրքը յուշագրութիւն մըն է, հայ ճարտարապետի մը կեանքի ժառանգութիւնը, որ պիտի ներկայացնէ Ռուբէն Սիմոնեանը, իր կողակից Լիզին հետ։

Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրած ծնողներու զաւակ՝ Ռուբէն Սիմոնեան ծնած է Պէյրութ եւ աւարտած «Համազգային»-ի Նշան Փալանճեան ճեմարանը։ Ան ճարտարապետութեան վկայական ստացած է Պրիւքսէլի արուեստի թագաւորական ակադեմիայէն։ Ապա հաստատուած է Մեմֆիս (Թենըսի), ուր իր մասնագիտական կեանքի մեծ մասը նուիրած է հիւրանոցներու եւ օդակայանային կառոյցներու նախագծման։

Անոր յուշագրութիւնը սրտառուչ պատմութիւն մըն է, որ կը շօշափէ ինքնութեան, տոկունութեան եւ ինքնազարթնումի նիւթեր՝ պատմելով, թէ ինչպէս ան վերահաստատեց կապը իր ընտանիքին հետ եւ իր հայրենիքին մէջ գտաւ նոր իմաստ ու կոչում։ Ան կը ներկայացնէ իր ներշնչող կեանքի ճամբորդութիւնը՝ մանկութեան տարիներէն՝ Պէյրութի մէջ, մինչեւ իր յաջող ճարտարապետական ասպարէզը։

Advertisement Subscribe Today

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button