Գասպար Կարապետեան Վիեննայի մէջ մասնակցած է ԵԱՀԿ-ի համաժողովին

Մարտ 16-17-ին, Հ․Յ․Դ․ Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան, Վիեննայի մէջ մասնակցած է «Օրենսդրութիւն՝ յանուն ժողովրդավարական դիմակայունութեան. Մարդկային չափման լրացուցիչ հանդիպում I» խորագիրով համաժողովին, որ կազմակերպուած էր ԵԱՀԿ Ժողովրդավարական հաստատութիւններու եւ մարդու իրաւունքներու գրասենեակին (ODIHR) կողմէ։
Համաժողովը համախմբած էր ԵԱՀԿ մասնակից պետութիւններու, միջազգային կազմակերպութիւններու եւ քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներ։
Լիագումար նիստի ընթացքին Գասպար Կարապետեան հակադարձած է Ատրպէյճանի իշխանամէտ ներկայացուցիչին, որ փորձած էր օգտագործել համաժողովի հարթակը՝ հայ ժողովուրդին դէմ մեղադրանքներ տարածելու համար։ Նշեալ անձը պնդած էր, թէ հայկական դպրոցական դասագիրքերը կը պարունակեն ատելութեան խօսք եւ պատմական կեղծիքներ՝ ուղղուած ատրպէյճանցիներուն դէմ։
Հերքելով այս անհիմն պնդումները՝ Կարապետեան յղում կատարած է մարդու իրաւունքներու միջազգային կազմակերպութիւններու եւ մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին կողմէ արձանագրուած լայնածաւալ փաստերուն։ Ան շեշտած է, որ իրականութեան մէջ Ատրպէյճանը եւ Ալիեւի վարչակարգը բազմիցս դատապարտուած են պետականօրէն խրախուսուող հայատեացութեան եւ ցեղային ատելութեան կիրառման համար։ Կարապետեան մատնանշած է կարեւոր դատական որոշումներ եւ զեկոյցներ, ներառեալ արդարադատութեան միջազգային դատարանին միջանկեալ միջոցները, որոնք կը պարտաւորեն Ատրպէյճանը կանխելու ատելութեան հրահրումը եւ պաշտպանելու հայերը պետական մակարդակով քաջալերուող խտրականութենէն։
Համաժողովը կեդրոնացած էր այն հարցին վրայ, թէ ինչպէ՞ս ներառական եւ թափանցիկ օրէնսդրական գործընթացները կրնան ծառայել որպէս պաշտպանական միջոց ժողովրդավարական նահանջին դէմ՝ պահանջելով շահագրգիռ բոլոր խումբերու իրական մասնակցութիւնը, վերահսկողութեան եւ հակակշիռներու զօրաւոր համակարգ։ Այս ծիրին մէջ Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակի նախագահը մտահոգութիւն յայտնած է Հայաստանի ժողովրդավարութեան ներկայ վիճակին վերաբերեալ եւ ընդգծած է երկու կարեւոր խնդիր․
Կարապետեան քննադատած է Հայաստանի մէջ դատական համակարգի իրական բարեփոխումներու բացակայութիւնը՝ նշելով, որ գործադիր իշխանութեան չարաշահումները յանգեցուցած են դատական անկախութեան ակնյայտ տկարացման։ Անոր համաձայն՝ երբ դատական համակարգը կը հետեւի գործադիրին ցուցումներուն, ան կը դադրի ըլլալ օրէնսդրութեան նկատմամբ վերահսկող եւ ուղղիչ մեխանիզմ՝ խաթարելով ժողովրդավարական օրէնսդրութեան բուն էութիւնը։
Հայ Դատի գրասենեակի նախագահը նշած է, որ Հայաստանի մէջ խորհրդարանական ընդդիմութիւնը համակարգուած կերպով դուրս կը մղուի եւ չի մասնակցիր իրական որոշումներու կայացման եւ օրէնսդրական գործընթացներուն։ Այս իրավիճակը հակասութեան մէջ է ԵԱՀԿ-ի մասնակցային ժողովրդավարութեան սկզբունքներուն, որոնք կը պահանջեն, որ բոլոր քաղաքական դերակատարները ներգրաւուած ըլլան՝ ապահովելու ազգային օրէնսդրութեան լեգիտիմութիւնը։
Մարդկային չափման լրացուցիչ հանդիպումը ԵԱՀԿ-ի կարեւոր հարթակներէն մէկն է՝ գնահատելու մարդու իրաւունքներու մարզին մէջ ստանձնուած պարտաւորութիւններու իրականացումը։ 2026 Մարտի հանդիպումը նուիրուած էր «Օրենսդրութիւն՝ յանուն ժողովրդավարական դիմակայունութեան» թեմային՝ ուսումնասիրելով, թէ ինչպէս ներառական քննարկումները, անկախ վերահսկողութիւնը եւ դատական վերանայումը կրնան կանխել ժողովրդավարական նահանջը եւ ամրապնդել հանրային վստահութիւնը պետական հաստատութիւններուն նկատմամբ։

