
Read Time:14 Second
Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութիւնը 100.000 տոլար կը յատկացնէ Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամին, որպէս մարդասիրական օժանդակութիւն Արցախի ժողովուրդին։ Այս օժանդակութիւնը կը միտի մարդասիրական եւ բժշկական օգնութիւն հասցնելու, եւ վերջին օրերու պատերազմին պատճառով տուժած քաղաքացիներուն նեցուկ կանգնելու։
Այս տարի, Հիմնարկութիւնը զանազան առիթներով մարդասիրական օգնութիւն տրամադրեց թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Սփիւռքի։