
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 26ին, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի Կլենտէյլ այցելութեան առիթով, մամլոյ ասուլիս մը տեղի ունեցաւ, տեղւոյն Երիտասարդական կեդրոնին մէջ:
Մամլոյ ասուլիսին բացումը կատարեց Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Պերճ Կարապետեանը` Սպիտակ Տունէն պահանջեց որ անյապաղ արտօնութիւն տրուի ցուցադրելու Հայկական Ցեղասպանութեան որբերուն կողմէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Քելվին Քուլիճին‘ 1925 թուականին նուիրուած պատմական գորգը:
Իսկ Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամ Ռաֆֆի Համբարեան հայութեան կողմէ երախտագիտական զգացումներ արտայայտեց Ցեղասպանութեան օրերուն հայութեան ցուցաբերուած ամերիկեան առատաձեռն օժանդակութեանց համար` միաժամանակ պահանջելով Օպամայի կառավարութենէն, որ վերջ տայ պատմական այս գորգը բանտարկուած պահելու իր քաղաքականութեան` նման քայլ մը “ամերիկեան պատմութեան մէկ մասնիկը հանդիսացող նման կարեւոր առարկայի մը հետ վարուելու արտասովոր քաղաքականութիւն“ որակելով:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ թեմի Առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան նշեց, թէ ամերիկացի եւ հայ ժողովուրդներուն միջեւ բարեկամութեան խորհրդանիշը հանդիսացող այս գորգը, ամերիկեան պատմութեան այս մասնիկը, կղպանքի տակ պահելու արարքը անարգական է ոչ միայն զայն պատրաստած որբերու յիշատակին, այլ նաեւ Ամերիկայի պատմութեան պատուաբեր էջերէն մէկը ծածկելու փորձ մըն է, որ կը կատարուի Հայկական Ցեղասպանութիւնը ուրացողներու ճնշումներուն տակ:
Ամենայն Հայոց Էջմիածնական թեմի Առաջնորդ Յովնան Արք. Տէրտէրեան, իր կարգին նշեց, թէ հայութեան երախտագիտութիւնը արտայայտող այս գորգը կարեւոր մէկ մասն է ամերիկեան պատմութեան:
Այս հաւաքին նամակ մը յղած էր նաեւ քոնկրէսական Էտըմ Շիֆ, որ իր պաշտօնակից Տէյվիտ Վալատաոյի հետ ապահոված էր աւելի քան երեսուն քոնկրէսականներու ստորագրութիւնը նամակի մը, որ Սպիտակ Տունէն կը պահանջէ վերացնել գորգը ցուցադրելուն դէմ դրուած արգելքը:
Ելոյթներ ունեցան նաեւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Նորա Յովսէփեան, Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Զարեհ Սինանեան:
Մամլոյ ասուլիսի աւարտին ներկաները ստորագրեցին նամակ մը, որուն մէջ բարի գալուստ կը մաղթուի նախագահ Օպամային‘ միաժամանակ պահանջելով իրմէ, որ գորգը ցուցադրելու արտօնութիւն շնորհէ:
Նամակը ստորագրողներու շարքին էին նաեւ Կլենտէյլի միացեալ կրթաշրջանի վարչութեան փոխնախագահ Նայիրի Նահապետան, Կլենտէյլի համայնքային քոլէճի հոգաբարձութեան փոխնախագահ դոկտ. Վահէ Փիրումեան եւ Հ.Օ.Մ.-ի, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի, Հ.Ե.Դ.-ի, Հայ ուսանողներու միացեալ միութեան, Հայկական գորգի միութեան, Միացեալ երիտասարդ հայերու, Հայ տարեցներու միութեան եւ Համազգայինի ներկայացուցիչները: