ԲՈ­ՂՈ­ՔԻ ՇԱՐԺ­ՄԱՆ ՏԵ­ՂԱ­ՏՈՒՈՒ­ԹԻՒՆԸ

0 0
Read Time:10 Minute, 26 Second

protest  Խ.ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

 Եթէ 2011-ը յատ­կանշ­ուե­ցաւ որ­պէս հա­մաշ­խար­հա­յին բո­ղո­քի տա­րի եւ յոյ­սեր արթն­ցուց քա­ղա­քա­կան տար­բեր հո­լո­վոյթ­նե­րու մէջ 2008-ին սկիզբ առած եւ առ այ­սօր շա­րու­նա­կուող ըն­կե­րա-տնտե­սա­կան հա­մա­տա­րած եւ պատ­մա­կա­նօ­րէն իւ­րա­յա­տուկ ճգնա­ժա­մէն դուրս գա­լու յա­ռաջ­դի­մա­կան այ­լընտ­րանք­նե­րու ինք­նա­հաս­տատ­ման, 2012-ը կար­ծես թէ եղաւ յու­սա­խա­բու­թեան տա­րի:

Ազատ շու­կա­յա­կան գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թիւնը, որով ի սկզբա­նէ դրոշմ­ուե­ցաւ եւ­րո­պա­կան հա­մար­կու­մի Մա­ասթ­րիխ­եան գոր­ծըն­թա­ցը, ար­դէն բա­ցա­յայ­տած է Տոք­թոր Ճե­քիլ եւ Մըս­թըր Հայտ­եան իր բնոյ­թը: Ոչ միայն ար­դէն հրէ­շա­ցած այդ տոկ­մա­յին հեր­թա­կան զո­հե­րը` յոյ­ներն ու սպա­նա­ցի­նե­րը, այլ` ճգնա­ժա­մի ան­մի­ջա­կան թէ կա­րո­ղա­կան զոհ մարդ­կա­յին հա­սա­րա­կու­թեան “Ինի­սու­նի­նը Տո­կոս“ին հա­մար յստակ է նա­եւ հրէ­շին կեր­պա­րան­քը‘ ժուժ­կա­լու­թեան տնտե­սա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն: Բայց ի տար­բե­րու­թիւն սար­սա­փի գրա­կան թէ շար­ժա­պատ­կե­րա­յին տե­սա­կի մէջ դա­սա­կան պատմ­ուած­քին, հրէ­շին կեանք ու կեր­պա­րանք տուո­ղը այս պա­րա­գա­յին գիտ­նա­կան մը չէ, այլ` հա­մաշ­խար­հա­յին մասշ­տա­պով շա­հա­գոր­ծող “Մէկ Տո­կոս“ դա­սա­կար­գը: Այդ “Մէկ Տո­կոս“ին դէմ 2011-ին ծա­ռա­ցած էր “Ինի­սու­նին Տո­կոս“ը` արա­բա­կան աշ­խար­հէն մին­չեւ Եւ­րո­պա­յին տար­բեր քա­ղաք­ներ, Ուոլ Սթրիթ եւ Ուա­շինկ­թըն ի շարս այ­լոց:

Այ­դու­հան­դերձ, անց­նող տար­ուայ իրա­դար­ձու­թիւն­նե­րը եւ անոնց շա­րու­նա­կու­մը, ընդ որում ի մաս­նա­ւո­րի ընտ­րա­կան գոր­ծըն­թաց­ներ, կար­ծես թէ եկան հաս­տա­տե­լու “Մէկ Տո­կոս“ի տի­րա­կա­լու­թիւնը: Այդ մա­սին կը խօ­սին, ի մէջ այ­լոց, եր­կու փաս­տա­ցի իրո­ղու­թիւն­ներ. հա­մաշ­խար­հա­յին ճգնա­ժա­մին հիմ­նա­կան պա­տաս­խա­նա­տու մեծ դրա­մա­տու­նե­րը, որոնց առանձ­նաշ­նոր­հա­յին հա­մա­կար­գը փրկե­լու փու­թա­ցին Մեր­քել­ներն ու Օպա­մա­նե­րը, շա­րու­նա­կե­ցին իրենց ար­տա­սո­վոր շա­հոյ­թը, մինչ Մ.Ա.Կ.-ի Աշ­խա­տան­քի Մի­ջազ­գա­յին Գրա­սեն­եա­կի Հոկ­տեմ­բեր 2012-ի տե­ղե­կագ­րին հա­մա­ձայն 15-24 տա­րե­կան երի­տա­սար­դու­թեան 2009-ի մրցա­նի­շա­յին ան­գոր­ծու­թեան 12.6 տո­կո­սը ան­փո­փոխ մնա­ցած է նա­եւ 2011-ին: Այս հաշ­ուար­կով մօտ 75 միլի­ոն ան­գործ­նե­րու աշ­խա­տան­քի շու­կայ մուտ­քը վաղ­ուայ հա­մար չէ, կը գրէր Զէ­քը­րի Ֆիլ­լինկ­համ geopoliticalmonitor.com կայ­քէ­ջին վրայ Հոկ­տեմ­բեր 15, 2012-ին իր տե­ղադ­րած “Երի­տա­սար­դու­թեան ան­գոր­ծու­թեան աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կա­նու­թիւնը“ վեր­լու­ծու­մին մէջ:

Հա­սա­րա­կա­կան զօ­րա­շար­ժերն ու բո­ղոք­նե­րը 2012-ին ամ­բող­ջա­կա­նօ­րէն կանգ չա­ռին ան­շուշտ: Բայց պար­բե­րա­կան ցոյ­ցերն ու զայ­րոյ­թի հա­ւա­քա­կան ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րը չյա­ջո­ղե­ցան հա­մա­կար­գա­յին անհ­րա­ժեշտ փո­փո­խու­թիւն­նե­րը կա­տա­րել: Առն­ուազն ոչ` ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան ներ­կայ խա­ղի կա­նոն­նե­րով: Մէկ կողմ ձգենք Պրն. Ալիի եւ Մու­պա­րա­քի ամ­բող­ջա­տի­րու­թիւն­նե­րը տա­պա­լած յե­ղա­փո­խու­թիւն­նե­րու ձա­խո­ղու­թիւնը` ազա­տու­թիւն եւ ար­դա­րու­թիւն խոս­տա­ցող հա­մա­կար­գե­րու ստեղծ­ման իմաս­տով: Իս­լա­մա­կան­նե­րու ժո­ղովր­դա­վա­րա­կա­նօ­րէն իշ­խա­նու­թեան գալն ու մե­ծա­մաս­նու­թեան ու­ժով ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան ազա­տու­թիւն­ներն ու իրա­ւունք­նե­րը կրօ­նա­կան օրէն­քով պայ­մա­նա­ւո­րե­լու, սահ­մա­նա­փա­կե­լու եւ, փաս­տօ­րէն, իրենց բո­վան­դա­կու­թե­նէն պար­պե­լու երե­ւոյ­թը կա­րե­լի չէ վեր­լու­ծել առանց (նա­եւ) Մի­ջին Արե­ւել­քի մէջ մե­ծա­պե­տա­կան մի­ջամ­տու­թիւն­նե­րու եւ ոտնձ­գու­թիւն­նե­րու եր­կար պատ­մու­թեան գոր­ծօ­նի նկա­տառ­ման: Բայց նոյ­նիսկ որ­պէս “ամե­նա­զար­գա­ցած ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւն­ներ“ ծա­նօթ եր­կիր­նե­րու մէջ ծայր առած բո­ղո­քի շար­ժում­նե­րը ան­կա­րող եղան, օրի­նա­կի հա­մար, Եւ­րո­պա­կան Միու­թեան տնտե­սա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւնը ծրագ­րող բա­նա­լի պաշ­տօն­նե­րու վրայ, նե­րառ­եալ կա­ռա­վա­րա­կան առա­ջին դէմ­քեր եւ Եւ­րո­պա­կան Կեդ­րո­նա­կան Դրա­մա­տան ղե­կա­վա­րու­թիւն, Կոլտ­մըն Սաքս դրա­մա­տան ընտ­րանիի ան­դամ­նե­րու ընտ­րու­թիւնը ար­գի­լե­լու, ինչ­պէս Ժե­րոմ Ֆրի­թէ­լի եւ Մարք Ռո­շի վա­ւե­րագ­րա­կան ժա­պա­ւէ­նը` “Կոլտ­մըն Սաքս. դրա­մա­տու­նը որ աշ­խար­հը կը ղե­կա­վա­րէ“ ցոյց կու տայ:

Հա­մաշ­խար­հա­յին Տնտե­սա­կան Ֆո­րու­մի Յուն­ուա­րի վեր­ջին շաբթ­ուան ըն­թաց­քին տե­ղի ու­նե­ցող Տա­վոս­եան հան­դիպ­ման նա­խօր­եա­կին անգլ­ի­ա­կան Տհը Օպ­զըր­վը­րի Յուն­ուար 20-ի հա­մա­րին մէջ ստո­րագ­րած իր վեր­լու­ծա­կան յօդ­ուա­ծին մէջ Ուիլլ Հաթ­թըն դի­տել կու տայ, որ Զուի­ցեր­իոյ մէջ հա­ւաք­ուած 2500 կի­նե­րէն ու այ­րե­րէն պէտք չէ սպա­սել դրա­մա­տի­րու­թեան ար­մա­տա­կան բա­րե­կար­գում: Մինչ հա­մա­կար­գը իր իսկ ծնունդ տուած հա­կա­սու­թիւն­նե­րու պատ­ճա­ռով կորսն­ցու­ցած վե­րա­նո­րոգ­ման իր տի­նա­միզ­մը, մի­եւ­նոյն ժա­մա­նակ, սա­կայն, թոյլ կու տայ որ ամե­նա­բարձր խա­ւը շա­րու­նա­կէ իր անար­դար ինք­նա­հարս­տա­ցու­մը, կը գրէ ան: Տը Կարտի­ը­նի Յուն­ուար 22-ի խմբագ­րա­կա­նը իր խո­րագ­րով իսկ Տա­վոս­եան հա­ւա­քը կ՛որա­կէ “ձա­խո­ղած­նե­րու ակումբ“: “Տա­վոս­եան մար­դիկ“ը, կը գրէ խմբագ­րա­կա­նը մէջ­բե­րե­լով Հար­վըր­տի քա­ղա­քա­գէտ Սամ­ուէլ Հան­թինկ­թը­նի կող­մէ շրջա­նա­ռու­թեան դրուած այդ հաս­կա­ցո­ղու­թիւնը, խթա­նե­լով կեղծ եւ ան­հա­ւա­սար հա­մաշ­խար­հայ­նա­ցում մը իրենց գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թեան հա­կազ­դե­ցու­թեան պայ­ման­նե­րը ստեղ­ծած են:

Դրա­մա­տի­րա­կան հա­մա­կար­գի ներ­քին հա­կա­սու­թիւն­նե­րը նո­րու­թիւն չեն ան­շուշտ: Այդ հա­կա­սու­թիւն­նե­րու գի­տակ­ցու­մը մեկ­նա­կէտն է յա­ռաջ­դի­մա­կան մտա­ծո­ղու­թեան եւ ան­կէ առա­ջա­ցող քա­ղա­քա­կան ծրա­գիր­նե­րու յանձ­նա­ռու­թեան: Խոր­քին մէջ, դե­ռեւս տաս­նի­նե­րորդ դա­րէն ի վեր յա­ռաջ­դի­մա­կան մտա­ծո­ղու­թեան գլխա­ւոր մար­տահ­րա­ւէ­րը չէ եղած վեր­լու­ծու­մը միայն, այլ` այդ վեր­լու­ծու­մէն բխած զանգ­ուա­ծա­յին զօ­րա­շար­ժե­րու նպա­տա­կաուղ­ղու­մը դէ­պի այ­լընտ­րան­քա­յին, եւ հասկ­նալի­օ­րէն աւե­լի ար­դար, հա­մա­կար­գե­րու կա­ռուց­ման: Աւե­լի քան տաս­նամ­եակ մը առաջ Փոր­թօ Ալեկ­րէի մէջ Հա­մաշ­խար­հա­յին Ըն­կե­րա­յին Ֆո­րու­մը այդ այ­լընտ­րան­քա­յին տար­բե­րա­կին ծնունդ կու տար: Այդ այ­լընտ­րան­քը քա­ղա­քա­կան ծրագ­րի վե­րած­ուե­ցաւ Հա­րա­ւա­յին Ամե­րի­կա­յի մէջ այս­պէս կոչ­ուած “Թե­քում դէ­պի ձախ“ երե­ւոյ­թով, որ, հա­կա­ռակ իր վե­րի­վայ­րում­նե­րուն եւ, ան­շուշտ, քննա­դա­տե­լի ու սրբագ­րե­լի կող­մե­րով, կը շա­րու­նա­կէ իր ինք­նա­հաս­տա­տու­մը: Բայց ըն­կե­րա-տնտե­սա­կան այ­լընտ­րան­քա­յին հա­մա­կար­գի կա­ռուց­ման հա­մաշ­խար­հայ­նաց­ման գոր­ծըն­թա­ցը չյա­ջո­ղե­ցաւ բնոր­դը Հա­րա­ւէն Հիւ­սիս փո­խադ­րել: 2008-2011-ին այս­պէս կոչ­ուած զար­գա­ցած եր­կիր­նե­րու մէջ ճգնա­ժա­մէն ծնած բո­ղո­քը կար­ծես ար­դէն “յուշ դար­ձած է“, կը գրէ Քրիս­թոֆ Պուի­ոտ ֆրան­սա­կան Սի­անս Հիւ­մէն ամ­սա­թեր­թի Յուն­ուար 2013-ի հա­մա­րին մէջ իր “Այ­լաշ­խար­հա­ցում. վեր­ջին ցա­սում­նե՞­րը փա­կու­մէն առաջ“ յօդ­ուա­ծին մէջ: Բո­ղո­քող­նե­րը “չփո­խե­ցին ու­ժի յա­րա­բե­րու­թիւնը. Արեւմտ­եան աշ­խար­հի նէ­օ­լի­պե­րալ կազ­մա­կեր­պու­մը աւե­լի քան եր­բեք տո­կուն կը թուայ“: Իր կար­գին, Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու Հար­փըր՛զ Մէ­կը­զի­նի հրա­պա­րա­կա­գիր Թո­մըս Ֆրէնք քննա­դա­տա­կան լու­սար­ձա­կի տակ կ՛առ­նէ Օքու­փայ Ուալլ Սթրիթ շար­ժու­մը Լը Մոնտ Տիփ­լո­մա­թիք Յուն­ուա­րի հա­մա­րին մէջ ֆրան­սե­րէ­նով վե­րահ­րա­տա­րակ­ուած “Օքու­փայ Ուալլ Սթրիթ, ինք­նի­մով սի­րա­հար­ուած շար­ժում մը“ իր յօդ­ուա­ծով: Առանց ժխտե­լու կամ թե­րագ­նա­հա­տե­լու շարժ­ման ձեռք­բե­րում­նե­րը, Ֆրէնք, այ­դու­հան­դերձ, Օքու­փա­յի կը մե­ղադ­րէ ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան պայ­քա­րի ու զօ­րա­շար­ժի մշա­կոյ­թի մը կոփ­ման նա­խա­ձեռ­նու­թե­նէն ան­դին չեր­թա­լու իրո­ղու­թիւնը. շար­ժու­մը “չկա­րո­ղա­ցաւ գոր­ծա­դուլ մը կազ­մա­կեր­պել, ոչ ալ հա­ւաքր­ման կեդ­րոն մը շրջա­փա­կել, եւ ոչ իսկ հա­մալ­սա­րա­նա­կան դե­կա­նի մը գրա­սեն­եա­կը գրա­ւել: Իր հե­տե­ւորդ­նե­րուն հա­մար հո­րի­զո­նա­կան մշա­կոյ­թը պայ­քա­րի գե­րա­գոյն հանգր­ուա­նը կը ներ­կա­յաց­նէր. “գոր­ծըն­թա­ցը պատ­գամն է“, կը վան­կար­կէ­ին բո­ղո­քող­նե­րը“:

Կը մնայ որ տե­ղա­տուու­թիւնը չի նշա­նա­կեր բո­ղո­քի շարժ­ման աւարտ: Հարս­տու­թեան ան­հա­ւա­սար վե­րա­բաշ­խու­մի ար­դիւն­քով սրող ըն­կե­րա­յին բե­ւե­ռա­ցու­մը ինք­նին կը ստեղ­ծէ ու կը պահ­պա­նէ զանգ­ուա­ծա­յին բո­ղո­քի անհ­րա­ժեշտ պայ­ման­նե­րը: Կը մնայ որ բո­ղո­քի զօ­րա­շար­ժի նա­խա­ձեռ­նող որե­ւէ քա­ղա­քա­կան թէ հա­սա­րա­կա­կան ուժ այդ բո­ղո­քի նպա­տա­կաուղղ­ուա­ծու­թիւն տա­լու կոչ­ուած բա­ւա­րար պայ­ման­նե­րու ծնունդ տա­լու կա­րո­ղու­թիւն ու­նե­նայ:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles