
Շաբաթ, 24 Յունուարի առաւօտեան, Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեանի նախագահութեամբ, տեղի ունեցաւ Միջին Ատլանտեան շրջանի ծուխերու համագումարը՝ Ազգային Վարչութեան կազմակերպութեամբ եւ շրջանի տարբեր ծուխերէն հոգեւորականներու եւ աշխարհականներու ներկայութեամբ, Ֆիլատելֆիոյ (Փենսիլվէնիա) Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ։
Բացման աղօթքը կատարեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, որ իր խօսքերուն մէջ ընդգծեց նման հաւաքոյթներու արժէքը իբրեւ միջոց՝ հաւատքը զօրացնելու, փոխադարձ աջակցութիւն քաջալրելու եւ Եկեղեցւոյ ծառայութեան յանձնառութիւնը վերանորոգելու։ Էտուըրտ Փափազեան՝ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ատենապետը, բարի գալուստ մաղթեց ժամանած 28 մասնակիցներուն։
Ազգային Վարչութեան ատենապետ՝ գնդապետ Արամ Սարաֆեան, վարչութեան անդամներու ընկերակցութեամբ, սեմինարի օրակարգը ներկայացուց, որուն նպատակն էր քաջալերել ծուխերու միջեւ գործակցութիւնը եւ անոնց վարչական աշխատանքներուն մէջ ստեղծել գործնական ուղեցոյց մը։ Առաւօտեան ներկայացումները անդրադարձան Առաջնորդարանի առաքելութեան եւ առաջնահերթութիւններուն, ինչպէս նաեւ ծխական կեանքի դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն։
Գերպ. Տ. Պօղոս Ծ. Վրդ. Թինքճեան՝ տեղւոյն Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ, ներկայացուց երկու կաթողիկոսութիւններուն պատմական ակունքները եւ անոնց մնայուն կարեւորութիւնը հայ եկեղեցւոյ կառոյցին մէջ։ Սարաֆեան, իր կարգին, ներկայացուց Հայ Եկեղեցւոյ պատմութիւնը Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ մինչեւ Ազգային Առաջնորդարանի հաստատումը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հովանիին տակ։
Ազգային Վարչութեան անդամ՝ Արամ Յովակիմեան, վարեց յետմիջօրէի քննարկումները, ուր անդրադարձ եղաւ ծուխերու աճին, նուիրատուութիւններուն, Առաջնորդարանի աջակցութեան անոնց գործունէութեան եւ վարչական լաւագոյն գործունէութեան օրինակներ։ Մասնակիցները գնահատեցին սեմինարի տեղեկատուական բովանդակութիւնը եւ փորձառութիւններ կիսելու կարելիութիւնը։
Յառաջիկայ Մայիսին, Ազգային Երեսփոխական Ժողովին զեկոյց պիտի ներկայացուի այս համագումարներուն մասին։

