Ա․Մ․Ն․ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԹԵՄԻ «ՄԵԾ ԸՆՏԱՆԻՔ» ՃԱՄԲԱՐԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ

16-22 Յունիսին, Ծաղկաձորի (Հայաստան) մէջ տեղի ունեցաւ «Մեծ ընտանիք» ճամբարը, որուն մասնակցեցան 8-14 տարեկան 75 երեխաներ։ Ճամբարը տեղի ունեցաւ Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի հովանաւորութեամբ եւ «Յոյս եւ լոյս» կազմակերպութեան գործակցութեամբ։ Մասնակիցներուն մեծ մասը «Մեծն Ներսէս» բարեգործական կազմակերպութեան աշխատսնքով հովանաւորուող երեխաներն էին։
Ճամբարի հոգեւոր ղեկավարն էր Հոգշ. Տ. Վաչէ Վրդ. Պալըգճեանը՝ Սրբոց Վարդանանց (Ռիճֆիլտ, Նիւ Ճըրզի) եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ, ներկայացնելով Առաջնորդարանը։ Շաբաթը ո՛չ միայն հանգիստի եւ ժամանցի շրջան էր, այլեւ՝ հոգեւոր վերանորոգման։ Ամէնօրեայ առաւօտեան աղօթքէն եւ հոգեւոր խորհրդածութենէն ետք, երեխաները կը մասնակցէին կրթական, հոգեւոր եւ ժամանցային զանազան ծրագիրներու։
Շաբթուան ընթացքին, երեխաներուն հետ քննարկուեցան քրիստոնէական հաւատքի հիմնական նիւթերը՝ Սուրբ Պատարագի խորհուրդն ու նշանակութիւնը, մկրտութիւնը, աղօթքի կարեւորութիւնը, Յիսուս Քրիստոսի կեանքն ու ուսուցումները, ինչպէս նաեւ Աստուածաշունչի դերը մեր առօրեային մէջ։
Շատերու համար ճամբարի ամենէն յիշարժան պահերէն մէկն էր մասնակցիլ կիրակնօրեայ Սուրբ Պատարագին, ուր երեխաները աղօթեցին, եկեղեցական արարողութեան մաս կազմեցին եւ մեր Եկեղեցւոյ հոգեւոր ժառանգութիւնը վերապրեցան։
Բացի հոգեւոր դասերէն, ճամբարը լեցուն էր խաղերով, երգերով, մարզական մրցումներով, խմբային աշխատանքներով եւ բազմաթիւ ուրախ պահերով, որոնք նպաստեցին նոր բարեկամութիւններու ստեղծման, համագործակցութեան եւ փոխադարձ սիրոյ ամրապնդման։

