Արցախի Անկախութեան Օրուան Նուիրուած՝ «Վերադարձ» Հանրահաւաք
Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ, 2 Սեպտեմբերին տեղի ունեցաւ Արցախի Անկախութեան օրուան նուիրուած միասնութեան հանրահաւաքը: Ներկաները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին հայրենիքի պաշտպանութեան համար իրենց կեանքը նուիրաբերած հերոսներու յիշատակը:
Շուշիի Սուրբ Ամենափրկիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Անդրէաս քհնյ. Թաւադեան կատարեց Տէրունական աղօթքը, ապա դիմեց ներկաներուն՝ ըսելով. «Այսօր հաւաքուած ենք յիշելու եւ օրհնելու Արցախի անկախութեան հռչակման 34-րդ տարեդարձը։ Սա օր մըն է, որ մեզ կը յիշեցնէ ոչ միայն մեր ժողովուրդին յաղթանակները, այլեւ մեր կրած ցաւը եւ խաչը»:
Ելոյթներ ունեցան Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Նժդեհ Իսկանդարեան, «Քաղաքական իրաւունքներու հայկական կեդրոն»_ի անդամ Նարէ Սիմոնեան, բժիշկ Հենրիկ Մարգարեան, Արցախի Հանրապետութեան վաստակաւոր արուեստագէտ Սամուէլ Եէվրիեան, «Ճենեսիս Արմենիա» ուղեղային կեդրոն–հիմնարկի տնօրէն Աբրահամ Գասպարեան, Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի «Արդարութիւն» խմբակցութեան պատգամաւոր Մետաքսէ Յակոբեան եւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան: Հանրահաւաքին ընթացքին ցուցադրուեցաւ «Արցախ. չկարգաւորուած հակամարտութիւն, վերադարձի իրաւունք» միջազգային խորհրդաժողովէն հատուած մը։
Արցախի Ազգային ժողովի «Արդարութիւն» խմբակցութեան պատգամաւոր Մետաքսէ Յակոբեան յայտարարեց, որ Արցախի հարցը չէ փակուած, արցախցին իր հայրենիքին, իր պատմութեան, հոգեւոր եւ մշակութային ժառանգութեան տէրն է: «Մեզ կրնան բանտարկել, հալածել, բռնաճնշումներու ենթարկել, բայց քանի դեռ հայը կանգուն է, Արցախի հարցը չէ փակուած», յայտնեց Յակոբեան։
«Մենք նորայայտ փրկիչների կարիքը չունենք: Մեր միասնութեանը եւ յարատեւութեանը հասնելու լաւագոյն բանաձեւը մեզ փոխանցուել է Հայ առաքելական եկեղեցու սպասաւոր մեր Սուրբ հայրերի կողմից, որն ասում է՝ Ազատութիւն երկրորդական բաներում, Միութիւն` կարեւոր բաներում եւ Սէր` ամէն ինչում: Եւ ուրեմն` Միութիւն, Պայքար, Յաղթանակ», յայտնեց Ռուստամեան։
Հանրահաւաքի վերջաւորութեան Ներսիկ Իսպիրեան հանդէս եկաւ հայրենասիրական երգերու կատարումով:

