
Ա.Ա.
Թուրքեւատրպէյճանական ճակատին կողմէ Արցախի դէմ շղթայազերծուած պատերազմը նորագոյն մեծագոյն մարտահրաւէրն է, որ ուղղուած է համայն հայութեան, Արցախի մէջ փորձաքարի զարնելով Հայկական զինուժին մարտունակութիւնը, եւ որ կը հետապնդէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած Սթաթիւս Քոն ի նպաստ Ատրպէյճանի փոխելու եւ նոր իրավիճակ մը ստեղծելու նպատակը։
Պատերազմին սկսումէն առաջ քանի մը շաբաթներու վրայ երկարած քաղաքական – դիւանագիտական յայտարարութիւնները եւ կեցուածքները՝ թուրք եւ ատրպէյճանցի պատասխանատուներու կողմէ, ինչպէս նաեւ գաղտնի բանակցութիւններու մասին ատրպէյճանական լրատու աղբիւրներու կողմէ շրջանառութեան դրուած ապատեղեկատուութիւնը, բաւական լոյս սփռեցին այն դիտաւորութիւններուն վրայ, որոնք առկայ էին Պաքուի եւ Անգարայի մէջ։ Եւ երբ Կիրակի, Սեպտեմբեր 27-ին առաւօտեան ժամը 7-ին ատրպէյճանական յարձակումը սկսաւ Արցախի հիւսիսային, հարաւարաւելեան եւ հարաւային ուղղութիւններով, առաւել յստակացաւ, որ թուրքեւատրպէյճանական ճակատը աւելի քան միաւորուած է եւ կը ջանայ Հարաւային Կովկասի մէջ նոր իրավիճակ մը ստեղծել։
Նախ՝ թուրքեատրպէյճանական նախապատերազմական քայլերուն մասին։Պատերազմական գործողութիւններէն գոնէ երկու շաբաթ առաջ հաւաստի աղբիւրներ, ինչպէս՝ Ռոյթըրզ լրատու գործակալութիւնը, որ իր տեղեկութիւնները ձեռք ձգած էր նոյնինքն սուրիացի զինեալներէ, կը հաղորդէին, որ Անգարայի իշխանութիւնները Ատրպէյճան կը փոխադրեն Սուրիոյ հիւսիսարեւելեան շրջաններէն հեռացուած եւ թրքական հողեր մտած ծայրայեղ իսլամական առնուազն չորս հազար ահաբեկիչներ, որոնք ամսական հազար հինգ հարիւր տոլար գումարի փոխարէն համաձայնած են Ատրպէյճանի մէջ իբրեւ սահմանապահներ աշխատիլ։ Ասոր զուգահեռ ատրպէյճանական աղբիւրներ՝ յստակօրէն գործադրելով թրքական թելադրութիւն մը, կը տարածէին անհիմն լուրեր, թէ Արցախ կը հաստատուին Քիւրտ Աշխատաւորական Կուսակցութեան անդամներ։ Այս լուրը բնականաբար ոչ մէկ լուրջ հակազդեցութեան արժանացաւ, որովհետեւ ամէն ոք գիտէր, թէ արժանահաւատ տեղեկութիւն մը չէր։
Ապա ատրպէյճանական Հաքքին.Ազ լրատու կայքէջը կը տարածէր տեղեկութիւններ, թէ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի արդէն իսկ պաշտօնէ հեռացուած խորհրդական Արսէն Խառատեան, Փաշինեանի անունով գաղտնի բանակցութիւններ վարած է ատրպէյճանական կողմին հետ եւ ժամանակ խնդրած՝ հայաստանեան ներքին հարցերը լուծելէ ետք, բանակցութիւններու սեղան վերադառնալու համար՝ լուրջ փոխադարձ զիջումներու խոստումով։
Տեղեկատուական այս բուռն արշաւին զուգահեռ՝ քաղաքական որոշ կեցուածքներ եւ դիրքորոշումներ, յատկապէս ատրպէյճանական ճակատին վրայ, առաւել հաստատեցին պատերազմի մը մտավախութիւնները։ Նախ Ալիեւ բացէն ի բաց քննադատեց Ռուսիան, որ իբրեւ Մինսքի խումբի համանախագահ, երեսուն տարի ոչինչ կրցած էր իրագործել՝ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը Ատրպէյճանի պատկերացումներուն եւ ակնկալութիւններուն հիմամբ լուծելու համար։ Ալիեւի այս յայտարարութենէն առաջ եւ ետք՝ Թուրքիոյ վարիչները շեշտեցին, որ կը կանգնին եղբայրական Ատրպէյճանի կողքին։Եւ երբ կիրակի, քսանեօթը Սեպտեմբերի առաւօտեան ժամը եօթին ատրպէյճանական յարձակումները սկսան, յստակ դարձաւ, որ Պաքուի իշխանութիւնները այս արկածախնդրութեան դիմած են՝ գլխաւորաբար Թուրքիոյ նեցուկին եւ օժանդակութեան շնորհիւ։ Խորքին մէջ, պատերազմական գործողութիւններու սկսմամբ, Ատրպէյճան սուրիացի վարձկաններու առաքմամբ եւ Նախիջեւանի ինքնավար մարզին ու Հայաստանի հանրապետութեան սահմանին երկայնքին՝ ռուս սահմանապահ ուժերուն դիմաց ուժի կուտակմամբ, Թուրքիա ասպարէզ կը կարդար Ռուսիոյ, որ աւանդականօրէն ռազմաքաղաքական միակ ուժն է Հարաւային Կովկասի մէջ, եւ ուր ահա ճեղքեր կը յառաջանային եւ Թուրքիա ասպարէզ կը մտնէր, իբրեւ հարաւային կովկասեան իրադրութիւններուն մէջ ազդեցութիւն ունեցող շրջանային ուժ մը։ Թուրքիա ահա Ռուսիոյ դէմ երրորդ ճակատ մը կը բանար՝ Սուրիայէն եւ Լիպիայէն ետք։
Այս բոլորին մէջ սակայն ամէնէն կարեւոր եւ բաւական մըն ալ մտահոգիչ հանգամանքը այն է, թէ պատերազմական գործողութիւններուն կասեցումէն եւ զինադուլի մը հաստատումէն ետք, դիւանագիտական ինչ իրավիճակ պիտի ստեղծուի։ Ռուսիա, իբրեւ խաղին միակ եւ կարեւորագոյն դերակատարը, ինչ առաջարկներ պիտի ներկայացնէ՝ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին լուծման վերաբերեալ։ Արցախի մէջ ստեղծուած գոյավիճակի շարունակման մերժումը արդէն իսկ յստակօրէն բանաձեւուած եւ որոշ իմաստով ալ հող շահած է, եթէ ի մտի ունենանք «բովանդակալից բանակցութիւններու անյապաղ վերսկսման» մասին կոչերը։ Եւ եթէ այս պատերազմը այն սպառնական ոճի զգուշացումն է, որ եթէ «բովանդակալից բանակցութիւններ» չկայանան, պատերազմը կը մնայ միակ ընտրանքը, առաւել կը յստականայ, թէ ատրպէյճանական այս յարձակման ետին դիւանագիտական ինչպիսի սենարիօ մը կրնայ թաքնուած ըլլալ։
Մինչ այդ հայկական վճռականութիւնը եւ պատերազմական ճակատներուն վրայ արձանագրուած խիզախ իրագործումները իսկապէս կրնան խաղաքարտերը խառնել։ Ասոր հաւատացողն է ամբողջ հայութիւնը, որ ահա դարձեալ մէկ ճակատ՝ միասնական ու համախումբ, կը կանգնի Արցախի կողքին։
Պրաւօ աս գրողին: Շատ լաւ նկարագրեր է իրականութիւնը: Աս ամմէն ըսածին համաձայն եմ, վրան ալ կրնամ աւելցնել, որ ուրիշ երկիրներ ալ կը տեսնեն կոր թիւրքերուն ըրածնեը, գիտեն որ ատրպայճանցիները սկսած են յարձակիլը: Հիմա կարեւոր է որ ատ երկիրներն ալ Ռուսիային պէս դէմ երթան Թիւրքիային եւ նորէն չիսկսին ըսել, որ Թիւրքիան իրենց բարեկամն է, խաթիրին չիդպնանք: