
ԱՍՊԵՏ ՊԱԼԱՆԵԱՆ
(Հայացուց՝ ՆԱՅԻՐԻ ՊԱԼԱՆԵԱՆ)
Դեկտեմբեր 10ին, Ֆիլատելֆիոյ Հայկական Գաղութը պատեհութիւնը ունեցաւ հանդիպելու եւ ունկնդրելու ընկեր Արմէն Ռուստամեանին: Անտեսելով ցուրտը, մօտաւորապէս յիսուն անձեր ներկայ եղան »Սիրունեան« Կեդրոն:
Զրոյց-դասախօսութեան ընթացքին, ան յայտնեց թէ նախագիծերը լեցուն էին նախապայմաններով, որոնք վտանգաւոր էին Հայաստանի ազգային շահերուն: Նախագծերը կ°ընդունին Թուրքիոյ ներկայ սահմանները եւ տեղի կու տան Հայկական բոլոր իրաւունքներուն եւ իրենց պատմական հայրենիքի պահանջներուն, որ 1915 Ցեղասպանութեան որպէս արդիւնք կորսնցուցած էինք: Նախագծերը կը պարունակեն ստեղծումը պատմական յանձնաժողովի մը, սերտելու եւ արժեւորելու 1915ի, Ցեղասպանութեան պատահարները: Ան կը պարունակէ նաեւ նախապատճառն ու հիմը, երկիրներու հողային ամբողջութեան, որ Ատրպէյճանի պարագային, կը նշանակէ Արցախի վերադարձուիլը: Միւս կողմէն, Արցախի առնչութեամբ, ան բոլորովին կ°անտեսէ ինքնորոշման իրաւունքը:
Ռուստամեան ըսաւ, թէ Հայաստան նոր պատերազմի ճակատ մը բացած է Հայ-Թրքական հարցով, Արցախի հարցով վերջնական լուծում եւ կարգադրութիւն մը գտնելէ առաջ: Այսպիսով Հայաստան կնճռոտած է երկու ճակատներու վրայ, բարդ եւ միացուլուած հարցերով եւ վէճերով: Թուրքիա այս հանգամանքէն ամէնէն շատ կ°օգտուի: Վերը յիշուած եւ այլ հարցեր, որ նախագծերու մէջ ներառուած են, կը հակասեն Հայաստանի Սահմանադրութեան շատ մը հիմնական կէտերուն: Ուրեմն առաջին քայլը պիտի ըլլայ Նախագծերու քննարկումը Հայկական Սահմանադրական Դատարանի կողմէ: Անոր ինը անդամները պիտի քննարկեն այս հարցը եւ Յունուարին, իրենց որոշումը պիտի տան: Օրէնքով, ինը անդամներով դատարանը, Հայաստանի մէջ բոլորովին անկախ մարմին մըն է, եւ նշանակուած են եւ կը ծառայեն մինչեւ 65 տարեկան: Դատարանը կարող է վարչութիւնէն ազատ գործել եւ որոշել: Սահմանադրական Դատարանի պատասխանատուն Գագիկ Յարութիւնեանն է, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգիսեանին մօտիկ բարեկամն է եւ նախագահին ընկերացած է Սփիւռքի շրջապտոյտին, յառաջացնելու համար նախագծերը: Ռուստամեան նշեց թէ այս ստեղծուած կացութիւնը հակառակ է Գործադիր եւ Դատական մարմիններու միջեւ ոյժերու անջատման սկզբունքներուն:
Ռուստամեանի ուղերձէն ետք եղան հարցում-պատասխանի շրջան մը: Ձեռնարկը կայքէջի վրայ կենդանի կերպով սփռուեցաւ: Կարելի է դիտել ձեռնարկը՝ »Սիրունեան« Կեդրոնի կայքէջին վրայ.- www.seroonian.com. Ռուստամեան նշեց, որ Հայաստանի պետութեան ներքին եւ արտաքին մարտահրաւէրները լաւագոյնս դիմագրաւելու նպատակով, անհրաժեշտ է կառուցողական երկխօսութիւն կատարել հայաստանեան քաղաքական ուժերուն միջեւ, սակայն նման երկխօսութիւն տեղի չ’ունենար, որովհետեւ ընդդիմութիւն եւ իշխանութիւն չեն գիտակցիր, որ մէկը միւսով ուժեղ է եւ իրարու հետ քննարկումով կարելի է գտնել լուծումներ: Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններուն մասին անդրադառնալով, Ռուստամեան յայտնեց, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը տակաւին կը մնայ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան օրակարգին մէջ, հակառակ Թուրքիոյ այն պնդումին, որ Հայաստան պէտք է դադրեցնէ սոյն Ցեղասպանութիւնը միջազգային ճանաչում ապահովելու նպատակով թափուած ճիգերը: Այս մէկը ցոյց կու տայ, որ ռազմավարական առումով փոփոխութիւն տեղի չէ ունեցած Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան մէջ:
Ըստ Ռուստամեանի, Ցեղասպանութեան ճանաչման առնչութեամբ Հայաստանի ճիգերուն դադրեցումը եւ Լեռնային Ղարաբաղի Ատրպէյճանին վերակցումը վերջնագիրի բնոյթ ունին, անոնք նախապայման կը նկատուին: Ռուստամեան հաստատեց, թէ Դաշնակցութիւնը անընդունելի կը գտնէ այդ նախապայմանները:

Անգամ մը եւս, Ռուստամեան շեշտեց թէ, հայ-թրքական յանձնախումբը պէտք է ըլլայ միջկառավարական եւ քննէ երկու երկիրներուն միջեւ բոլոր առկայ խնդիրները: Անիկա թոյլ պէտք չէ տայ, որ Թուրքիա իբրեւ նախապայման դնէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումէն հրաժարելու խնդիրը: Ռուստամեան ըսաւ, որ Թուրքիա չի հրաժարիր իր նախապայմաններէն, եւ Հայաստան չի կրնար հրաժարիլ իր ազգային, պետական եւ քաղաքական շահերէն՝ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններ ունենալու նպատակով: Ան աւելցուց, որ Դաշնակցութիւնը համաձայն է կարգաւորելու յարաբերութիւնները Թուրքիոյ հետ, սակայն միաժամանակ պաշտպանելով ազգային շահը, պաշտպանելով Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին հայանպաստ եւ արդարացի լուծման տրամաբանութիւնը, որովհետեւ այլապէս Հայաստան աւելի պիտի կորսնցնէ, քան՝ շահի: Ան աւելցուց, թէ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը կրնայ յանգեցնել իշխանափոխութեան, սակայն Հ.Յ.Դ.-ի համար այսօր թիւ մէկ խնդիրը արձանագրութիւններուն վաւերացումը խորհրդարանին մէջ կասեցնելն է: Ինչ կը վերաբերի Հայաստանի նախագահի հրաժարականը պահանջելուն, Ռուստամեան անգամ մը եւս ներկայացուց Հ.Յ.Դ.-ի դիրքորոշումը՝ ըսելով. »Իշխանափոխութիւնը շատ աւելի զայն պահանջ է, քան միայն նախագահի հրաժարականի պահանջը:

Եւ քանի որ քաղաքական ուղեգիծը շեղած է, պէտք է փոխուի ամէն ինչ, պէտք է փոխուի թէ° նախագահը, թէ° Ազգային ժողովի նախագահը, թէ° կառավարութիւնը«:Ռուստամեան առաջնահերթ նկատեց միջազգային ատեաններուն մէջ կատարուածի իրական պատկերի վերականգնումը՝ մատնանշելով Ատրպէյճանի պատասխանատուութիւնը տագնապի սրումին, անոր հետեւանքներուն եւ անլոյծ մնալուն վերաբերեալ, հակազդել անոր կողմէ գործադրուող քաղաքականութեան՝ աշխուժօրէն այդ գործին մէջ ներգրաւելով խորհրդարանական դիւանագիտութիւնը:»Մենք այդ կարծիքին դէմ ենք որ քանի տակաւին սահմանը փակ է, ոչ մէկ բան կարելի է ընել: Նախքան այդ մէկը ընելը, պէտք է ամբողջութեամբ օգտագործուի համայն հայութեան կարողականութիւնը, երկրին մէջ ստեղծուի արդարութիւն, ժողովրդավարութիւն, եւ այդ ժամանակ հայութիւնը պատրաստ կ’ըլլայ նոյնիսկ փակ սահմաններով իր զարգացումը ապահովել: Ես վստահ եմ, որ այդ փլաթֆորմը իրականացնելու պարագային թէ° ժողովրդավարական գործընթացները, թէ° ընկերային արդարութեան հարցերը իրենց լուծումը պիտի ստանան, եւ Հայաստան պիտի կարենայ դիմակայել եւ զարգանալ նոյնիսկ շրջափակման պայմաններուն մէջ«, յայտնեց Ռուստամեան: