
Ա.Մ.Ն. Արեւելեան շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբը, յատուկ հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ թէ այս տարուայ ընդունելութեան, բարձրագոյն` «Ազատութեան» մրցանակով պիտի պատուէ միջազգային համբաւ վայելող՝ իրաւագէտ եւ մարդկային իրաւունքներու պաշտպան՝ Ֆեթհիյէ Չեթինը, Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան մեծամասնութեան նախկին ղեկավար Տէյվիտ Պոնիորի կողքին:
Այս ձեռնարկին նպատակն է առիթ ընծայել, անդրադառնալու անցեալի յաջողութիւններուն մասին եւ ծանօթացնելու ապագայի ծրագիրները: Այս տարուայ ձեռնարկը պիտի կատարուի Տիթրոյթի մէջ, Նոյեմբեր 14-ին:
Ֆեթհիյէ Չեթին Հրանդ Տինքի փաստաբանն է եւ, դեռ ալ կը շարունակէ վարել անոր ընտանիքին դատական եւ իրաւական հարցերը:
Ան ծնած է Խարբերդի Կապան-Մատեն գիւղաքաղաքը, 1950-ին:
1954-ին, երբ դեռ հազիւ չորս տարեկան, կորսնցուցած է իր հայրը: 24 տարեկանին այրիացած մայրը իր երեք անչափահաս զաւակներով ապաստանած է իր հօրենական տունը:
Ֆեթհիյէ Չեթին իր նախակրթութիւնն ու երկրորդական ուսումը ստացած է Կապան- Մատենի, Մահմուտիէի եւ Խարբերդի մէջ: Միայն մեծ հօրը կենսաթոշակով սահմանափակուող եկամուտը ընտանիքը դրած է տնտեսական անբաղձալի վիճակի մէջ, որուն պատճառով Ֆեթհիյէ Չեթին հարկադրաբար նետուած է ուսուցչական ասպարէզ` միաժամանակ հետեւելով իրաւաբանութեան, Անգարայի համալսարանին մէջ:
Սեպտեմբերի 12, 1980-ին, երկրին զինուորականութեան բռնի ուժով իշխանութեան գլուխ անցնելէն անմիջապէս ետք, ձերբակալուած է եւ երեք տարի արգելափակուած` Անգարայի Մամաք զինուորական բանտին մէջ,` դատապարտուելով, թրքական քրէական օրէնսգիրքի թիւ 141 նշանաւոր յօդուածով:
1991-ին, յետ վերոյիշեալ յօդուածին մէջ տեղ գտած ոճիրներու այս առանձնայատուկ տեսակի սահմանումի վերացման, ջնջուած է նաեւ Ֆեթհիյէ Չեթինի բանտարկութիւնը:
Ներկայիս ան կը գործէ Պոլսոյ մէջ` որպէս իրաւախորհրդատու փաստաբան, կը զբաղի մարդկային իրաւանց հարցերով, մասնաւորաբար` փոքրամասնութիւններու իրաւունքներով: Չեթին անդամ է եւ կը ծառայէ Պոլսոյ Մարդկային իրաւանց իրաւաբանական կեդրոնին: Ան հիմնադիրն ու ներկայացուցիչն է իրաւաբաններու այս համախմբումին կապուած փոքրամասնութիւններու իրաւանց գործադիր մարմինին:
2004-ին լոյս կը տեսնէ անոր «Մեծ Մայրս» յուշագրական հատորը, որ կը թարգմանուի` ֆրանսերէնի, անգլերէնի, արեւմտահայերէնի, արեւելահայերէնի, իտալերէնի, ֆլամերէնի, պուլկարերէնի եւ յունարէնի: Ընթացքի մէջ են գիրքին գերմաներէն եւ ռումաներէն թարգմանութիւնները 2009-ին Այշէ Կիւլ Ալթընայի համահեղինակութեամբ լոյս կը տեսնէ Չեթինի «Թոռներ» գիրքը: