ԱզգայինԳլխաւորԼրահոս

Արեւելեան Ա․Մ․Ն․-ի Հայ Դատի Սուրբ Ծննդեան Վեցերորդ Տարեկան Աճուրդը

Նոյեմբեր 28-ին մեկնարկը տրուեցաւ Արեւելեան Ա․Մ․Ն․-ի Հայ Դատի Սուրբ Ծննդեան վեցերորդ տարեկան աճուրդին։

Աւելի քան ութսուն եզակի նուէրներ կը ներկայացնեն զանազան տեսակի գործեր, որոնց կարգին ոսկեղէն, քանդակ, ձեռագործ հիւսուածեղէն, գեղանկարներ, լուսանկարներ, եւլն։

«Այս տօնական շրջանին, նուէր մը ձօնեցէ՛ք․ ընտրեցէ՛ք եզակի բան մը ձեր մօտիկ հարազատներուն համար եւ միաժամանակ զօրացուցէ՛ք Հայ Դատի նախաձեռնութիւնները ամբողջ Արեւելեան շրջանին մէջ։ Տարածեցէ՛ք այս աճուրդին մասին տեղելկութիիւնները, քայլ պահելով ձեր համայնքին հետ», կը տեղեկացնէ Արեւելեան Ա․Մ․Ն․-ի Հայ Դատի յանձնախումբը։

Յաւելեալ մանրամասնութիւններ․- https://er.anca.org/press-release/auction2025/

Armenian Weekly Magazine Armenian Weekly Magazine

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button