ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ Ա․Մ․Ն․-Ի ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ ՄՐՑԱՆԱԿԱԲԱՇԽՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

Չորեքշաբթի, 16 Յուլիսին, Ազգային Առաջնորդարանի դիւանապետ՝ դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան, Երեւանի մէջ մասնակցեցաւ Առաջնորդարանի ու Հայաստանի Գրողներու Միութեան համատեղ կազմակերպած մրցանակաբաշխութեան։ Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեան, 2023-ին հաստատած էր այս մրցանակաբաշխութիւնը «Մեծն Ներսէս» բարեգործական կազմակերպութեան 30-ամեակին առիթով։
Դոկտ. Մատթէոսեան, որ նաեւ Գրողներու Միութեան անդամ է, Երեւան այցելած է 13-17 Յուլիսին ներկայացնելով Առաջնորդ Սրբազան Հայրը։ Անոր կողքին, մրցանակները յանձնեցին Գրողներու Միութեան նախագահ Եդուարդ Միլիտոնեան եւ «Մեծն Ներսէս» կազմակերպութեան գործադիր տնօրէն Տիգրան Գալստեան։
Գրականագէտներէ ու քննադատներէ բաղկացած եօթը հոգինոց դատակազմը ընտրած էր լաւագոյն գործերը երեք դասակարգերու մէջ՝ բանաստեղծութիւն, արձակ եւ մանկապատանեկան գրականութիւն։ Արձակի դասակարգին մէջ, մրցանակակիր հանդիսացան Աշոտ Յովսէփեան (Ա. մրցանակ), Ներսէս Խառատեան (Բ. մրցանակ), Նանէ (Նելլի Նազարեան) (Գ. Մրցանակ), իսկ Ժաննա Յակոբեան ստացաւ խրախուսական մրցանակ մը։ Բանաստեղծութեան առաջին մրցանակը ստացաւ Նորայր Գրիգորեան, որուն հետեւեցան Յակոբ Յարութիւնեան (Բ. մրցանակ), իսկ Սամուէլ Կոսեան եւ Ալիսա Բաղդասարեան բաժնեցին Գ. Մրցանակը։ Վերջապէս, մանկապատանեկան գրականութեան պարագային, մրցոյթի յաղթողներ ճանչցուեցան Շանթ Մկրտչեան (Ա. մրցանակ), Գագիկ Խաչատրեան (Բ. մրցանակ), Ալվարդ Յովսէփեան (Գ. մրցանակ), իսկ Սաթենիկ Ղազարեան խրախուսական մրցանակ ստացաւ։
Ինչպէս մրցանակակիրներէն մէկը յուշեց, վերջին տարիներուն բոլոր գրական մրցանակները ընդհատուած են, եւ Ազգային Առաջնորդարանի հաստատած մրցանակը գրողները խրախուսելու կարեւոր փաստ մըն է։ Պրն. Միլիտոնեան շնորհաւորեց մրցանակիցները եւ Գրողներու Միութեան խորին երախտագիտութիւնը յայտնեց Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի հանդէպ, նշելով, որ մրցանակաբաշխտութիւնը կարեւոր է ո՛չ միայն գրողներուն աջակցելու, այլեւ հեղինկները եւ անոնց նոր ստեղծագործութիւնները ընթերցողներուն ներկայացնելու առումով։
Թարգմանչուհի եւ Ազգային Ժողովի պատգամաւոր Լիլիթ Գալստեան խօսեցաւ մրցոյթի ծագման մասին, որուն գլխաւոր նիւթերն են հայրենիք, հող ու հաւատք։ Ան ներկայացուց իր խմբագրած «Յանուն հայի յարատեւման» հաւաքածոն, որ կը ներկայացնէ 2024-ին մրցանակի արժանացած 13 հեղինակներուն գործերը եւ հրատարակուած է «Մեծն Ներսէս» կազմակերպութեան կողմէ, Ազգային Առաջնորդարանի հովանաւորութեամբ։
Դոկտ. Մատթէոսեան ներկաներուն հաղորդեց Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի ողջոյններն ու գնահատանքը եւ շնորհաւորեց յաղթողները, իր ուրախութիւնը յայտնելով այս մրցանակին համար, որ արդէն աւանդութիւն կը դառնայ, քաջալերելով գրական ստեղծագործութիւնը, որ Հայաստան – Սփիւռք կազմակերպուած յարաբերութիւններուն մէջ Սփիւռքի կողմէ հայ գրողներու կողքին ըլլալու հաճելի զգացողութիւն կը պարգեւէ։ Յիշելով Յովհաննէս Թումանեանի «Մենք ուխտ ունենք՝ միշտ դէպի լոյս» առածի անցած խօսքը, ան շեշտեց. «Բոլորս ալ, անկախաբար անկէ, թէ մրցանակներ կան թէ ոչ, խրախոյս կայ թէ ոչ, կր շարունակենք ստեղծել՝ ամէն մէկը իր բնագաւառին մէջ, եւ ուրախ եմ այս առիթով, որ գրողը ո՛չ միայն իր գործը կ՚ընէ նստած իր գրասեղանին առջեւ, իր համակարգիչին առջեւ, այլեւ այս անգամ առիթը կայ անոր գործը գնահատելու եւ խրախուսելու»։
Միւս կողմէն, նոյն օրը դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան, այցելեց «Եդուարդ Պոյաճեան» դպրոցը, ուր մրցանակներ յանձնեց հայագիտական առարկաներու երեք լաւագոյն աշակերտներուն եւ լաւագոյն դաստիարակին։
1961-ին հիմնուած թիւ 121 հիմնական դպրոցը կը գտնուի Մալաթիա-Սեբաստիա թաղամասին մէջ եւ ունի 465 աշակերտ։ 1994-ին վերանուանուած է սփիւռքահայ գրագէտ Եդուարդ Պօյաճեանի (1915-1966) անունով եւ կը գտնուի անոր ընտանիքի հովանաւորութեան տակ՝ Ազգային Առաջնորդարանին մէջ հաստատուած «Հրայր եւ Մարգարիտ Պօյաճեան» հիմնադրամի միջոցով։
«Մեծն Ներսէս» կազմակերպութեան գործադիր տնօրէն՝ պրն. Տիգրան Գալստեանի ընկերակցութեամբ, դոկտ. Մատթէոսեան հանդիպեցաւ դպրոցի տնօրէնուհի՝ տիկ. Գոհար Զաքարեանին, եւ դպրոցի ուսուցչական կազմին, ու շրջեցաւ դպրոցը, իրազեկ դառնալով անոր կրթական առօրեային ու ներկայ վիճակին։ Տարիներէ ի վեր աշակերտներուն յանձնուող մրցանակը երկու տարի առաջ ընդլայնուած է, ընդգրկելու համար լաւագոյն ուսուցիչը։
Դոկտ. Մատթէոսեան՝ Մեծն Ներսէս» կազմակերպութեան գործադիր տնօրէն Տիգրան Գալստեանի ընկերակցութեամբ, հանդիպեցաւ դպրոցի տնօրէնուհի տիկ. Գոհար Զաքարեանին։ Արարողութիւնը տեղի ունեցաւ տեսչարանին մէջ, ուսուցիչներու, մրցանակակիրներու ու ծնողներու մասնակցութեամբ։ Դոկտ. Մատթէոսեան յանձնեց Պոյաճեան ընտանիքի տրամադրած մրցանակները հայագիտական նիւթերու լաւագոյն յառաջդիմութիւնը ցուցաբերող երեք աշակերտներուն՝ Սարգիս Պօղոսեան (8-րդ դասարան, Ա. մրցանակ), Լեւոն Մաթեւոսեան (9-րդ դասարան, Բ. մրցանակ) եւ Մանէ Մարտիրոսեան (8-րդ դասարան, Գ. մրցանակ), ինչպէս եւ հայոց լեզուի ու գրականութեան ուսուցչուհի՝ տիկ. Լալա Խուդավերդեանին։Ան շնորհաւորեց աշակերտները իրենց բացառիկ նուիրումին համար եւ խրախուսեց զանոնք, որ իրենց ջանքերով դառնան վաղուան մեր յոյսը, մաղթելով, որ անոնք շարունակեն զարգացնել հայոց լեզուի, մշակոյթի ու պատմութեան իրենց գիտելիքները, անկախաբար իրենց կրթական ապագայ կեանքի ուղղութենէն։ Ան նաեւ գնահատեց տիկ. Խուդավերդեանի աշխատանքը՝ աշակերտներուն ուղղութիւն տալու լեզուի ու գրականութեան բնագաւառներուն մէջ։
Հիւրասիրութենէ մը ետք, այցելուները շրջեցան դպրոցի տարբեր դասարաններ եւ քննեցին վերանորոգման աշխատանքները, որոնք կատարուած են «Պօյաճեան» հիմնադրամի հովանաւորութեամբ։

