ԱՐԼԻՆԿԹԸՆԻ ՀԱՅ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԿԵԴՐՈՆ.- ՀԱՅ ՈՐԲԵՐՈՒ ՀԻՒՍԱԾ ԵՒ ՆՈՒԻՐԱԾ ԳՈՐԳԸ` Ա.Մ.Ն. ՆԱԽԱԳԱՀ ՔՈՒԼԻՃԻ
Արլինկթընի Հայ Մշակութային Կեդրոնին (Մասաչուսէց) մէջ, Կիրակի, Հոկտեմբեր 20-ին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, տեղի պիտի ունենայ Դոկտ. Յակոբ Մարթին Տէրանեանի, անգլերէն լեզուով լոյս տեսած “Նախագահ Քալվին Քուլիճ եւ Հայ Որբերու Գորգը“ (President Calvin Coolidge and the Armenian Orphan Rug) գիրքին ներկայացումը:
Ծնած Ուստըր 1922-ին, Դոկտ. Յակոբ Մարթին Տէրանեան, զաւակն է Մարտիրոսի եւ Վարդերի: Այս վերջինը Ցեղասպանութենէն ճողոպրած էր եւ կորսնցուցած իր առաջին կողակիցն ու վեց զաւակները, Խարբերդի Հիւսենիկ գիւղէն ներս: Եօթ տարեկանէն, Յակոբ կը հետեւի իր հօր ցուցմունքներուն: Քլարք համալսարանը աւարտելէ ետք, ան կը մասնագիտանայ Փենսիլվանիոյ համալսարանի ատամնաբուժական բաժանումէն ներս, ապա 1951-էն 1953 կը ծառայէ Ամերիկեան ծովուժէն ներս: 1957-ին, ան կը կորսնցնէ իր հայրը եւ իր ահեստէն ներս մեծ յաջողութիւններ կ՛արձանագրէ, յատկապէս աշխատակցելով Մասաչուսէցի “Tufts“ համալսարանէն ներս: Յակոբ կը կրէ իր մօրեղբօր անունը, որ օրին եղած է գորգի մասնագէտ վաճառական եւ օգնած հայ երիտասարդներ, իրենց ուսումը շարունակելու բնագաւառէն ներս:

