ԱՌԱՋՆՈՐԴ ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ՍՐԲԱԶԱՆԻ ՈՒՈԹԸՐԹԱՈՒՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Իր այցելութիւններու շարքին մէջ, անցեալ Դեկտեմբեր 21-էն 23, Ա․Մ․Ն․-ի արեւելեան թեմի Առաջնորդ Անուշաւան Արքեպիսկոպոս այցելեց Ուոթըրթաուն (Մասաուսէց)։ Ուրբաթ, 21 Դեկտեմբերին, Սրբազան Հայրը այցելեց Սուրբ Ստեփանոս ամէնօրեայ վարժարանը, ուր հանդիպում ունեցաւ իւրաքանչիւր դասարանի աշակերտներուն հետ։ Երեկոյեան, ան հիւրը եղաւ եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան՝ իրեն ի պատիւ տրուած ընթրիքի մը ընթացքին։ Շաբաթ, 22 Դեկտեմբերին, Սրբազան Հայրը հանդիպեցաւ Սուրբ Ստեփանոս շաբաթօրեայ վարժարանի աշակերտներուն հետ եւ նախագահեց Կաղանդի տօնակատարութիւնը։

Կիրակի, 23 Դեկտեմբերին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը պատարագեց ու քարոզեց Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ։ Յաւարտ Սուրբ Պատարագի, Ս. Ստեփանոս Նախավկայի տօնին առիթով յատուկ արարողութիւն մը տեղի ունեցաւ, որմէ ետք Անուշաւան Սրբազան ծխականներուն հանդիպեցաւ եկեղեցւոյ սրահին մէջ՝ յատուկ հիւրասիրութեան մը ընթացքին։ Իր կեցութեան օրերուն, ան կարգ մը ընտանիքներու անձնական այցելութիւններ տուաւ։




