Գլխաւոր

Ապրիլեան Քառօրեայ Պատերազմին 10-րդ Տարելից․ Յարգանքի Տուրք՝ Եռաբլուրի Մէջ

ԵՐԵՒԱՆ․- Ապրիլ 2-ին, քառօրեայ պատերազմին 10-րդ տարելիցին առիթով՝ Հ․Յ․Դ․ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի անդամները, «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւորները, Արցախի իշխանութեան եւ քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ հայրենակիցներ այցելեցին Եռաբլուր զինուորական պանթէոն՝ ծաղիկներ զետեղելու Հայրենիքի պաշտպանութեան համար նահատակուած հայորդիներու յիշատակին։

Արցախի նախագահ Սամուէլ Շահրամանեան, անդրադառնալով Նիկոլ Փաշինեանի այն յայտարարութեան, թէ «արցախցիները փախած են», յայտարարեց․ «Կոչ կ’ուղղեմ մեր հասարակութեան, մեր նահատակ նուիրեալներու հարազատներուն, եւ այն անձերուն, որոնք ներդրում ունեցած են արցախեան գոյամարտին մէջ՝ չտրուիլ նման սադրանքներու, որովհետեւ նման խօսոյթներու միակ նպատակը մեր հասարակութիւնը պառակտելն ու անհանդուրժողականութիւն սերմանելն է»։

Շահրամանեանի համաձայն՝ ներկայ իշխանութիւններու գործողութիւններուն հետեւանքով է, որ արցախցիները այսօր նման իրավիճակի մէջ յայտնուած են։ «Արցախցիները կը փորձեն իրենց վերադարձի իրաւունքը օրակարգի վրայ պահել»,– ըսաւ ան։

Հ․Յ․Դ․-ի անդամ, Ազգային Ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արթուր Խաչատրեան իր կարգին լրագրողներու հետ զրոյցին նշեց․ «Այս իշխանութիւնները այդպէս ալ չհրապարակեցին Ապրիլեան եւ 44-օրեայ պատերազմներու զեկոյցները՝ նոյնիսկ այն բաժինները, որոնք գաղտնիք չեն, որպէսզի հասարակութիւնը կարենայ կարդալ, համեմատել եւ տեսնել, թէ ինչ պատահեցաւ 2016-ին եւ ինչ՝ 2020-ին։ Այն քաղաքական ուժը, որ կը պնդէր թէ պէտք է բացառել փոխզիջումները, այսօր կ’ըսէ՝ արցախեան շարժում այլեւս չկայ, ան պարտութիւն մըն էր Հայաստանի համար եւ շղթայ մը, զոր պէտք էր կտրել՝ անկախութիւն ունենալու համար։ Իրենց օրօք Արցախը Ատրպէյճանի ենթակայ է, սակայն մենք անկախութիւն չունինք։ Արցախի մեր հայրենակիցները ենթարկուած են ցեղային զտման, որ ցեղասպանութեան դրսեւորում մըն է։ Իսկ այսօր պայքարիլ ցեղասպանութեան հետեւանքներու վերացման եւ արցախցիներու վերադարձի իրաւունքին դէմ՝ կը նշանակէ արդարացնել ատրպէյճանցիներու գործած ցեղասպանութիւնը։ Եւ այստեղ Ալիեւի եւ Փաշինեանի շահերը դարձեալ կը համընկնին»։

Հ․Յ․Դ․ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի անդամ, Հ․Հ․ Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Գեղամ Մանուկեան լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին, անդրադառնալով Փաշինեան–Փութին հանդիպումին, ըսաւ․ «Եթէ վաղը Փութինը ըսէ՝ Զանգեզուրը, Սիւնիքը Ատրպէյճանի տարածք է, ինք պէտք է այդպէս ճանչնա՞յ։ ․․․Իրականութեան մէջ կայ թէ՛ հպարտութեան, եւ թէ նաեւ դաւաճանուածութեան զգացում, որովհետեւ այսօր պիտի նկատէք, որ գրեթէ ոչ մէկ բան պետական մակարդակով տեղի պիտի ունենայ։ Սակայն Ապրիլեան քառօրեայի նահատակները իրենց ինքնազոհաբերութեամբ, եւ ընդհանրապէս հայ ժողովուրդը այդ օրերուն իր կազմակերպուածութեամբ հերոսական էջ մը գրեց եւ նաեւ կանխեց Ատրպէյճանի լայնածաւալ գրաւման փորձը»։

Advertisement Subscribe Today

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button