
Խմբագրական
Սեպտեմբեր 17, 2011
Պատմութեան անցած հաստափոր համայնագիտարաններու եւ անոնց ներկայի արդիականացած կայքէջային տարբերակներուն մէջ, յստակօրէն կը տեղեկացուի Կովկասեան բարձրաւանդակին վրայ դիրք գրաւող ՀԱՅԱՍՏԱՆ կոչեցեալ երկրին մասին:
Բաւական մը ճշգրիտ տեղեկութիւններով կը նշուի 29,743 քառակուսի քիլոմեթր (11,484 քառ. մղոն) հաշուող այս հողատարածքին պատմութիւնը, որուն պատմական եւ անկիւնադարձային թուականներէն մէկը 301 տարին է, ուր կը նշուի թէ Հայաստան եղած է քրիստոնէութիւնը իբրեւ պաշտօնական կրօնք ճանչցող Աշխարհի առաջին պետութիւնը:
Ժամացոյցին սլաքները ակնթարթ մը հեռաւոր անցեալ փոխադրելէ ետք, վերադառնանք ներկայ օրեր, կիզակէտ ունենալով համակարգչային կատարելագործութեան արդիւնք, սփռուած գրգռիչ կրօնական բնոյթ ունեցող ժապաւէն մը, որ մեծ փոթորիկ ստեղծեց իսլամ համայնքի պատկանող խմբաւորումներու մօտ:
Յատկապէս իսլամութիւնը իբրեւ պաշտօնական կրօնք ճանչցող երկիրներէ ներս ծայր առաւ այս զայրոյթն ու ցասումը, որ դժբախտաբար շուտով վերածուեցաւ խուլիկանութեան եւ շատ աւելի անդին…բարբարոսութեան, նոյնիսկ խոր մտահոգութիւն պատճառելով հաւասարակշռուած եւ ոչ-ծայրայեղական իսլամ կրօնականներու մօտ:
Դէպքերը այնքան մը արագ ընթացան, որ պատահեցաւ ահաւորը եւ արձանագրուեցան անմեղ զոհեր, որոնց կարգին յատկապէս Լիպիոյ մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանն ու անձնակազմէն մաս մը:
Արտաքին գործոց նախարարութիւնը ահազանգի մատնուելով, շուտով հրապարակեց երկիրներու շարք մը…որոնց կարգին քրիստոնէութիւնը իբրեւ պաշտօնական կրօնք ճանչցող Աշխարհի անդրանիկ պետութիւնը` Հայաստանը:
Սխալ մեկնաբանութիւն պիտի ըլլայ կրօնական բնոյթ ունեցող վերոյիշեալ հաստատումով, բողոքել պատահածը: Սակայն միեւնոյն ժամանակ տեղին է խոշորացոյցի տակ առնել աշխարհագրութիւնն ու աշխարհաքաղաքականութիւնն ու
հարց տալ.- “Ի՛նչ կապ ունի Հայաստանի ապահովական իրավիճակը, այս պայթուցիկ կացութեան մէջ, բաղդատած Լիպիոյ, Եգիպտոսի կամ Թունուզին“:
Միթէ Արտաքին Գործոց նախարարութիւնը տեղեակ չէ՞ թէ ցոյցեր կը պատահին Կովկասեան Բարձրաւանդակի այլ երկրի մը` Ատրպէյճանի մայրաքաղաք Պաքուի Ա.Մ.Ն.-ի դեսպանատան մօտ: Երկիր մը, որուն պետութիւնը հետեւողական քանդիչ քաղաքականութեամբ գրեթէ ոչնչացուցած է միջազգային մշակութային արժէք ներկայացնող Նախիջեւանի խաչքարերն ու սրբատեղիները:
Այս մէկն ալ նախազգուշացում մը…յաչս “կացինահար“ արդարութեան եւ պահանջատիրութեան: