
Մակար
Նոյեմբեր 25, 2016
Քուինզ, Նիւ Եորք
Էլպիս համոզեր էր Մակարուհին, որ նոյեմբերի «սեւ ուրբաթ» կոչուած օրը այնքա՜ն աժան կ’ըլլան ապրանքները Նիւ Եորքի մէջ, որ հոն պէտք է երթալ ամանորի նուէրները գնելու: Արմենակն ալ համոզեր էին եւ Մակարս ալ, որպէս կառքին չորրորդ անիւը, հասանք երկնաքերներու քաղաքը: Նոր նախագահ շնորհաւորելու չէինք եկած:
Կիները մէկ յորդող վաճառատունէն միւսը կ’արշաւէին: Յոգնած, Արմենակ աչքի խտիղ պատճառող պաղպաղակի վաճառատուն մը գտաւ: Խաղաղ ովասիս: Պաղպաղակի փառատօն: Ըստ իրեն, պաղպաղակը ջերմացնող է, նաեւ՝ ձմրան:
– Ուժ հաւաքէ՛, քիչ ետք պայուսակներ պիտի շալկես,- խօսեցաւ ֆաքիրի պէս:
– Ինչե՜ր կը շալկենք, այս անգամ ալ ուրիշները երջանկացնելու համար կը շալկենք,- ըսի ես ալ ֆաքիր, եւ ինք շարունակեց:
– Հայու մը փակ մնացող գրադարանի ապակափեղկը բացի: Խառնշտկեցի: Գրքոյկ մը գտայ: Ըսաւ որ կրնամ պահել, քանի որ այդ գիրքը եւ անոր կողքին եղածները կարդացող պիտի չըլլայ:
– Նորութիւն չէ, ոչ միայն հոս: Ո՞վ փարա կու տայ հայերէն գիրքին,- ըսի գրգռուելու պատրաստ Կեդրոնականցիին:
– Երբեմն կ’ըսեմ, որ երգիծանքը բուժիչ է: Բայց ան ալ չ’օգներ նահանջ տնտեսող երեւելիներուն: Եթէ այս գրքոյկը կարդային, հասկնային եւ վիրաւորուէին…:
Կողքին՝ Մասիսի երգիծանկարը: Տակը՝ անուն մը. Նշան Պէշիկթաշլեան: 1961: 30 էջ: Գիրքի անուն՝ «Երկնային զրոյց»: Համազգայինի գրատան թղթիկն ալ մնացեր էր. 200 Լ.Դ.: Այն օրերուն այդ գումարով գիրք կը գնուէր, հիմա բաժակ մը ջուր ալ չեն տար:
Արմենակ բացաւ գիրքը: Ըսաւ, որ նոր մահացած հայ մը դրախտի մէջ կը հանդիպի տասնըհինգ դար առաջ մեռած տարօնցի ճգնաւորի մը, որ կ’ըսէ. «Նոր ժամանած մէկ քանի պակասաւոր հայերէ սորված եմ աշխարհաբարը: Եթէ գէշ կը խօսիմ գիտցիր որ յանցանքը իմը չէ: Իմ ակամայ ուսուցիչները եղան երկու-երեք խմբագիրներ, որոնք սխալմամբ բերուած էին այստեղ: Ի՞նչքան կարելի է հայերէն սորվիլ խմբագիրներէն, որոնք լեզուն գլխիվայր խաչողներն են, ամէն մէկ օր: Լեզուն քաջ գիտցողներն ալ, չեմ գիտեր ի՛նչու, ընդհանրապէս կը տարուին դժոխք: Կարծեմ կը համարուին ազգայնամոլներ: Մեր ժամանակ, լաօ, մենք կը խօսէինք գրաբար. ռամիկն անգամ կէս գրաբար կը զրուցէր. այն շրջանին Հայոց բերնի լեզուն ոսկի էր. իսկ նոր Հայեր իրենց բերնին մէջ միայն ոսկի ակռայ ունին, լսածիս համաձայն» (էջ 6):
Արմենակ աւարտեց իր երեմիականը:
– Հիմա կէս աշխարհաբար զրուցող ոսկի ակռայովներ ալ չկան: Անով ոսկի ակռայ չենք ունենար: Մէկ բան պակաս ըսուած է: Լեզուն քաջ գիտցողները ոչ միայն կը համարուին ազգայնամոլ, այլ՝ ժամանակավրէպ: Այս մասին շատ մի՛ խօսիր: Այսօր «սեւ ուրբաթ» է, չես գիտեր ինչ կրնայ պատահիլ,- ըսի:
– Ուրեմն այլեւս ոսկի ակռայով համաշխարհային ազգ ենք: Ազգը աւելորդ է:
Էլպիս եւ Մակարուհի հասան, զանազան անուններով լեցուն պայուսակներ տուին մեզի, գացինք դէպի Նիւ Եորքի պողպատի շռըխկոցներով ամղկող գետնուղին:
Երէկ «հնդկահաւի տօն»ն էր: Թրքերէնը չմոռցող մը ըսաւ՝ «ճուլլուխ պայրամը»:
Տարօնցի ճգնաւորը կը հրաւիրե՞նք մեր ամեակներուն, որպէսզի հաշուէ մեր ոսկի ակռաները եւ նիւթ մատակարարէ աշխարհաբարի ուսուցիչ խմբագիրներուն: