ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՀԱՅ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՆԱՒԱՊՏՈՅՏԸ

Ամերիկայի Հայ Մշակութային Միութեան կազմակերպած տարեկան նաւապտոյտը 10 Յունուարին ընթացք առաւ Մայամի (Ֆլորիտա) նաւահանգիստէն, MSC World America զբօսանաւով, եւ տեւեց մինչեւ 17 Յունուար։ Ա․Մ․Ն․-էն եւ աշխարհի տարբեր անկիւններէն հայորդիներ անգամ մը եւս համախմբուեցան քարայիպեան ծովու վրայ տօնելու իրենց մշակոյթը, ժառանգութիւնն ու համայնքային ոգին։
Հիւրերուն ժամանման առաջին պահէն իսկ կազմակերպող յանձնախումբը ջերմ ընդունելութիւն ցուցաբերեց։ Միասնութեան, խանդավառութեան եւ զուարճութեան զգացումը զգալի էր։ Ծանօթ դէմքեր կրկին հանդիպեցան, իսկ միեւնոյն ժամանակ նոր բարեկամութիւններ կազմուեցան։
Մասնակցողները վայելեցին եզակի փորձառութիւն մը՝ զուգորդուած նորագոյն նաւուն տրամադրած համաշխարհային մակարդակի յարմարութիւններով։ Ճամբորդութեան ծրագիրը կը ներառէր հետաքրքրական կանգառներ, ինչպիսիք են Փուերթօ Փլաթա (Տոմինիկեան Հանրապետութիւն), Սան Խուան (Փուերթօ Ռիքօ) եւ Պահամասի Օշըն Քէյ կղզին։
Տօնակատարութիւնները սկսան բացման հանդիսութեամբ, ուր հիւրերը, յանձնախումբի անդամներուն եւ շաբթուան տաղանդաւոր արուեստագէտները միասնաբար, պաշտօնապէս կատարեցին բացումը։ Մթնոլորտը լեցուն էր ոգեւորութեամբ, երբ բոլորը կը սպասէին գիշերուան հաւաքներուն եւ կը վերամիանային հին ու նոր բարեկամներու հետ։

Նայիրի Գաբրիէլեան գեղեցիկ հայկական շարականներով եւ Արցախի նուիրուած սրտառուչ երգով մեկնարկեց գիշերը՝ իր հզօր ու ներշնչող ձայնով։ Անոր յաջորդեց օրհնութիւնը՝ Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան թեմի Գերաշնորհ Տէր Անուշաւան Արք. Դանիէլեանի կողմէ, որ աղօթք ու բարի մաղթանքներ յղեց ապահով եւ յիշարժան ճամբորդութեան համար։
Ամերիկայի Հայ Մշակութային Միութեան նախագահ Սթիւ Մեսրոպեան ջերմօրէն ողջունեց ներկաները եւ ներկայացուց շաբթուան ընթացքին նախատեսուած հետաքրքրական ձեռնարկներն ու մշակութային ծրագիրը։
Այս տարուան երաժշտական ծրագիրը կը ներառէր տաղանդաւոր Անդրէ Յովնանեան, Գոհար Յովհաննէսեան եւ Յակոբ Գասապեան, ինչպէս նաեւ Նիւ Ճըրզիի «Համազգային» Նայիրի պարախումբը եւ հրաշալի Hye Kami խումբը։
Այս արուեստագէտները ներկայացուցին գեղեցիկ երաժշտական կատարումներ՝ ստեղծելով ջերմ ու ուրախ մթնոլորտ։ Շուտով հիւրերը հրաւիրուեցան պարելու։
Առաջին օրը ծովու վրայ սկսաւ առաւօտեան աղօթքով՝ Գերաշնորհ Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի գլխաւորութեամբ, ապահովելով հոգեւոր ու իմաստալից մեկնարկ մը։ Միաժամանակ, բաց տախտակամածին վրայ տեղի ունեցաւ Hye Fitness-ի դասընթացք մը՝ Մարիա Տէրեանի ղեկավարութեամբ, ուր մասնակիցները վայելեցին մարմնամարզութիւնն ու ծովու թարմ օդը։
Կէսօրուան մօտ, հիւրերը ներկայ գտնուեցան վերամշակուած «Հայաստանի Մեղեդին» ցուցադրութեան, որ ներկայացուեցաւ Ամերիկայի Հայ Մշակութային Միութեան կողմէ եւ ներկայացուց Անի Չաղլասեան։ Ժապաւէնը, որ բացայայտուած էր Հ․Յ․Դ․ Արխիւներու տնօրէն Ճորճ Աղճայեանի կողմէ եւ անոր նախաձեռնութեամբ վերականորոգուած, ջերմ ընդունելութիւն գտաւ հանդիսատեսէն։

Հռչակաւոր տուտուկահար Մհեր Մնացականեան ներկայ գտնուեցաւ եւ խօսեցաւ ժապաւէնի կարեւորութեան եւ անոր երաժշտութեան ստեղծման մասին՝ իր երաժշտահան ընկերոջ՝ Մարթին Ուլիխանեանի հետ։
Կէսօրէ ետք շարունակուեցան պարային դասընթացքները՝ Մարգօ Գաֆթանճեանի ղեկավարութեամբ։ Առաջին անգամ ըլլալով ծրագրին միացած Պարգեւ Սանոյեան եւս օգնեց մասնակիցներուն, մեծ ուրախութիւն պատճառելով բոլորին։

Ընթրիքէն ետք, երեկոն շարունակուեցաւ «Պար՝ Աստղերու տակ» ձեռնարկով, ուր Յակոբ Գասապեանի երաժշտութեամբ հիւրերը կը վայելէին պարն ու երաժշտութիւնը Քարայիպեան գեղեցիկ երկնքի տակ։
Առաջին կանգառը՝ Փուերթօ Փլաթան էր, ուր կազմակերպուեցաւ հրաշալի ծովափնեայ խրախճանք՝ DJ Պարգեւ Սանոյեանի երաժշտութեամբ։ Պարը, համադամ տեղական ճաշերն ու արեւը ստեղծեցին իսկական կղզիական տօնական մթնոլորտ։
Այդ երեկոյ, Անտրէ Յովնանեան ելոյթ ունեցաւ, հմայելով հանդիսատեսը իր հիանալի ձայնով։

Յաջորդ կանգառը Սան Խուանն էր, ուր հիւրերը ամբողջ օր մը անցուցին պատմական քաղաքը ուսումնասիրելով եւ տեղացիներու ջերմ հիւրընկալութիւնը վայելելով։
Այդ երեկոյ, Գոհար Յովհաննէսեան, Hye Kami-ի ընկերակցութեամբ, ներկայացուց երաժշտական գեղեցիկ ծրագիր մը, եւ հիւրերը մինչեւ ուշ գիշեր պարեցին՝ տօնելով ընտանիքի, հին ու նոր բարեկամութիւններու շրջանակին մէջ։
Այս տարուան նաւապտոյտին մասնակցեցաւ նաեւ յայտնի բեմադրիչ Ճիվան Աւետիսեան։ Անոր մրցանակակիր «Դէպի Երկինք Դուռը» ֆիլմը ցուցադրուեցաւ, եւ աւարտին ան սիրով պատասխանեց հարցումներուն։
Կազմակերպուեցան «պլոթ»-ի եւ նարտի խաղի մրցումներ, պարային դասընթացքներ։

Այս նաւապտոյտի կարեւորագոյն պահերէն մէկը «Համազգային» Նայիրի պարախումբի մասնակցութիւնն էր, որ երիտասարդական եռանդ բերաւ բոլոր ձեռնարկներուն։ Անոնց չորեքշաբթի երեկոյեան ելոյթը մեծ յաջողութիւն ունեցաւ, յատկապէս Անտրէ Յովնանեանի հետ համատեղ կատարումները։ Յանձնախումբը նաեւ կազմակերպեց իր տարեկան Հայ Օգնութեան Միութեան ճաշկերոյթը, որուն մասնակցեցան մօտ 200 հիւրեր։
Արդէն կը շարունակուին նախապատրաստութիւնները 2027-ի նաւապտոյտին, որ տեղի պիտի ունենայ կրկին MSC World America նաւով՝ Յունուար 16-23-ին, մեկնում՝ Մայամիէն եւ կանգառներ՝ Ռոաթան, Քոսթա Մայա, Քոսումել եւ Օշըն Քէյ։
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար կարելի է այցելել Ամերիկայի Հայ Մշակութային Միութեան կայքը կամ միանալ հաղորդագրական ցանկին, ինչպէս նաեւ հետեւիլ Facebook-ի եւ Instagram-ի վրայ՝ աւելի տեղեկութիւններու եւ յիշարժան պահերու համար։
Մերի Անտոնեան
Ամերիկայի Հայ Մշակութային Միութեան Նաւապտոյտի Յանձնախումբ

