Լրահոս

Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Երեւանի Խորէն Եւ Շուշանիկ Աւետիսեաններու Անուան Դպրոցի Աւարտական Հանդէս

Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս Յունիս ամսուան մէջ տեղի ունեցաւ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Երեւանի Խորէն եւ Շուշանիկ Աւետիսեաններու անուան դպրոցի աւարտական հանդէսը կատարուեցաւ մեծ խանդավառութեամբ։

Ծնողները, դաստիարակները եւ պատուաւոր հիւրերը բուռն ծափերով դիմաւորեցին Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Աւետիսեան Վարժարանին դրօշներուն հանդիսաւոր մուտքը՝ սրահ։ Դպրոցին տնօրէնուհի Մելանիա Գեղամեանի հրաժեշտի խօսքը տպաւորիչ եւ յուզիչ էր։

«Եթէ կ’ուզէք կեանքին մէջ յաջողիլ, հաստատակամութիւնը ընտրեցէք իբրեւ լաւագոյն բարեկամ,
փորձը՝ իբրեւ խորհրդատու, զգուշութիւնը՝ իբրեւ մեծ եղբայր, հաւատքն ու յոյսը՝ իբրեւ պահապան հրեշտակ։ Բարի՛ երթ»։

Շնորհաւորական անկեղծ եւ սրտագին խօսքով շրջանաւարտներուն դիմեց Աւետարանչական Ընկերակցութեան Հայաստանի ներկայացուցիչ Արէն Տէյիրմենճեան։ Ինչպէս միշտ, բարեմաղթութիւններուն կողքին, գործնական խորհուրդներ տուաւ դպրոցի բարեկամ՝ «Կորիզ» կրթական ծրագիրի հիմնադիր՝ Սուրէն Ալոյեան։

Դպրոցի բարերար, հանգուցեալ  Եդուարդ Աւետիսեանի կինը՝ Փամելան հայերէն լեզուով ելոյթ ունեցաւ։
«Ձեզ սիրող ընտանիքներէն փոխանցուած եւ այս սրբազան վայրին մէջ ստացած արժէքները
պիտի առաջնորդեն ձեզ՝ մարտահրաւէրներ յաղթահարելու վճռակամութեամբ, անսահման երազելու քաջութեամբ, եւ այն անվերապահ հաւատքով՝ թէ դուք ունիք տարրական փոփոխութիւններ ստեղծելու եւ իրականացնելու ուժը», ըսաւ տիկին Աւետիսեան։

Advertisement Subscribe Today

ԲԱզմաթիւ հիւրեր եկած էին արտասահմանէն։ Անոնք շնորհակալական
խօսքեր ուղղեցին, որոնց կարգին շրջանաւարտ Նարէ Առուշանեան, Արէգ Տաղլեան եւ Հայկ Մաթեւոսեան։

Ձեռնարկը հարուստ էր գեղարուեստական յայտագրով։

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button