
Շաբաթ, Նոյեմբեր10-ի երեկոյեան, Տիթրոյթի Հայ Կեդրոնի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ամիրիկայի Հայ Մշակութային ընկերակցութեան վիճակահանութիւնը: Ներկայ էին Սուրբ Սարգիս Հայոց Առաքելական, եւ Սուրբ Վարդան Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցիներու հոգեւոր հայրերը` Արժպ. Տ. Հրանդ Քհնյ. Գէորգեան եւ Գրպ. Տ. Անտոն. Ծ. Վրդ. Ադամեան, Ամերիկայի Արեւելեան շրջանի Հ.Յ.Դաշնակցութեան Կ.Կոմիտէի հերթապահ ընկ. Անդրանիկ Գասպարեան եւ ընկհ. Անժէլ Մանուկեան, Արմերիկայի Արեւելեան շրջանի Հ.Օ.Մ.-ի Շրջանային Վարչութեան ատենապետուհի ընկհ. Անի Աթար, վիճակահանութեան յանձնախումբի անդամներ եւ աւելի քան 80 հոգի հաշուող հասարակութիւն մը:
Օրուան հանդիսավարն էր ընկ. Մանուկ Տէր Յովակիմեան: Ան իր բարի գալուստի խօսքէն ետք, բեմ հրաւիրեց վիճակահանութեան յանձնախումբի անդամ ընկհ. Թալի Տաղլեանը, որ իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց Տիթրոյթի “Ազատամարտ“ կոմիտէութեան, որ սիրայօժար հիւրընկալեց եւ ստանձնեց վիճակահանութեան անհրաժեշտ աշխատանքը: Ան աւելցուց թէ, յանձնախումբը իր աշխատանքներով պիտի փորձէ նիւթապէս աւելի օգտակար հանդիսանալ մեր կազմակերպութեան աշխատանքներուն:
Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւնը: Տրամադրուած նուէրներն ու բախտաւորներն են.-
1.- Ամերիկայի Հայ Կրթական Ընկերակցութեան կողմէ տրամադրուած.-Նաւապտոյտ տոմս երկու անձերու համար.- Տէյվիտ Կերկերեան (Պոքա Ռաթոն)
2.- Գազանճեան Գորգի հաստատութեան կողմէ (Գազախ)ձեռագործ գորգ մը.- Գ. Նարինեան
3.- “Թիւֆէնքեան“ հաստատութեան կողմէ տրամադրուած գորգ մը.- Արամ Բարսեղեան (Սաննի Սայտ, Նիւ Եորք):
4.- “Մասթըր Քրէֆթ“ ոկերչատան կողմէ “Ռէմըն Ուէյլ“ վաճառանիշով ժամացոյց մը.- Լինտա Թարզեան (Ռիճվուտ, Նիւ Ճըրզի)
5.- Փրովիտընսի “Z“ արուեստի ցուցասրահին կողմէ տրամադրուած գեղանկարչական գործ մը.- Արա Գաբրիէլեան (Ռեկօ Փարք, Նիւ Եորք)
6.- Արուեստագէտ պրն. Մայքլ Արայի կողմէ ստորագրուած ապակեայ պնակ մը.- Արշակ Դարբինեան (Օլտ Թափան, Նիւ Ճըրզի):
ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԳԱՐԱՏՕԼԵԱՆ