Յօդուածներ

Ակադեմական հարթակներ եւ քաղաքական տեղեկութիւններ

 

Մեծամորի հնամաշ հիւլէական ելեկտրակայանը։

Դոկտ․ Արա Նազարեան

Յապաւումով թարգմանուած՝ անգլերէնէ

Թափանցիկութիւն, ուժգնութիւնթիւն եւ փորձագիտական քաղաքականութիւնը՝ Հայաստանի ապագային համար

Համալսարանները աւանդաբար կը ծառայեն որպէս այնպիսի վայրեր, ուր բարդ աշխարհաքաղաքական հարցերը կը քննուին թափանցիկ բանավէճի եւ խիստ գիտական մօտեցումներու միջոցով։ Երբ ակադեմական հաստատութիւններ կը հիւրընկալեն միջազգային անվտանգութեան կամ ազգային զարգացման վերաբերեալ քննարկումներ, լսարանը կը սպասէ միտքի անկախութիւն, մեթոտաբանական խստութիւն, մտածողութեան բազմազանութիւն եւ համապատասխան կապերու բացայայտում։

Վերջին ժամանակներուն Մեծն Պոսթընի շրջանի խոշոր համալսարաններուն եւ մշակութային կառոյցներուն մէջ տեղի ունեցած քննարկումները, որոնք կը քննեն Հայաստանի աշխարհաքաղաքական ուղեգիծը—յատկապէս երկրի «դէպի Արեւմուտք» ռազմավարական շրջադարձը եւ նոր միջուկային համագործակցութիւնները—ցոյց կու տան այն դժուարութիւնները, որոնք կը ծագին, երբ ակադեմական խօսոյթը կը խաչաձեւուի գործօն քաղաքական տեղեկութիւններու հետ։ Այս հարթակները ներկայացուեցան որպէս գիտական քննարկումներ տարածաշրջանային անվտանգութեան եւ տնտեսական զարգացման մասին։ Սակայն անոնց կազմութիւնը, բացթողումները, տեսակէտներու սահմանափակ բազմազանութիւնը եւ հնարաւոր հաստատութենական կապերու բացայայտման պակասը աւելի լայն հարցադրումներ կը բարձրացնեն ակադեմական միջավայրերու մէջ, քաղաքական պաշտպանութեան բարոյագիտութեան վերաբերեալ։

Advertisement Subscribe Today

Այս մտահոգութիւնները յատկապէս նշանակալի են, հաշուի առնելով ժամանակաշրջանը։ Հայաստանը կը մօտենայ լարուած խորհրդարանական ընտրութիւններու փուլին, միեւնոյն ժամանակ դիմագրաւելով իր նորագոյն պատմութեան ամենադժուար աշխարհաքաղաքական շրջաններու մէկը։

Ռազմավարական վերափոխման պատմականը

Քննարկումներու կեդրոնական թեման Հայաստանի ենթադրեալ աշխարհաքաղաքական վերափոխումն էր, Հարաւային Կովկասին մէջ Ռուսաստանի աւանդական ազդեցութեան նահանջէն ետք։ Խօսնակները յաճախ կը պնդէին, թէ արեւմտեան գործընկերներու, յատկապէս Միացեալ Նահանգներու հետ ռազմավարական գործունէութիւնը պատմական առիթ մըն է տարածաշրջանային կայունացման եւ տնտեսական գործընթացին համար։

Ներկայացումներէն մէկուն մէջ, Միացեալ Նահանգները նկարագրուեցաւ որպէս նոր աշխարհաքաղաքական «իրաւարար», Հարաւային Կովկասին մէջ՝ Ռուսաստանի տարածաշրջանային ներկայութեան նուազումէն ետք։

Այսպիսի գնահատականներ կը համապատասխանեն քաղաքական շրջանակներու մէջ լայնօրէն քննարկուող տեսակէտներու։ Իրապէս, 2020-ի պատերազմէն ետք, Հայաստանը փորձած է բազմացնել իր անվտանգային եւ տնտեսական կապերը՝ ընդլայնելով համագործակցութիւնը՝ Եւրոպական Միութեան, յատկապէս Ֆրանսայի, Հնդկաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու հետ։

Սակայն քննարկումներուն մէջ աչքի կը զարնէր այն հանգամանքը, որ սահմանափակ ուշադրութիւն կը դարձուէր շարք մը զարգացումներու, որոնք կը շարունակեն ձեւաւորել Հայաստանի քաղաքական դաշտը։

Պատերազմ, տեղահանում եւ քաղաքական հետեւանքներ

2020 թուականի Արցախի պատերազմը արմատապէս փոխեց ուժերու հաւասարակշռութիւնը Հարաւային Կովկասի մէջ։ Ատրպէյճանը վերագրաւեց զգալի տարածքներ, իսկ 2023-ին ամբողջովին վերահսկողութիւն հաստատեց Արցախի վրայ, ինչ որ հանգեցուց ամբողջ հայ բնակչութեան տեղահանման։

Պատերազմը եւ անոր հետեւանքները կը մնան հայկական ներքին քաղաքականութեան կեդրոնական հարցերէն։ Տասնեակ հազարաւոր զինուորներ սպաննուեցան կամ վիրաւորուեցան, իսկ հայկական բնակչութեամբ Արցախը կորսնցնելը խոր ազգային ողբերգութիւն ստեղծեց։

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան բանակցութիւնները կը շարունակուին, սակայն յառաջընթացը կը բարդանայ նոր պայմաններու պատճառով։ Ամենէն վճռական պահանջներէն մէկը՝ Հայաստանի Սահմանադրութեան փոփոխութիւնն է,որպէս խաղաղութեան համաձայնագիրի նախապայման։

Այս պահանջները կը յառաջացնեն բուռն քննարկումներ՝ Հայաստանի մէջ, ուր քննադատները կը պնդեն, թէ նման փոփոխութիւնները կրնան խաթարել ազգային ինքնիշխանութիւնը։ Կառավարութիւնը նաեւ կը քննարկէ նոր սահմանադրութեան նախագիծ՝ ընտրութիւններէն ընդառաջ։

Այս զարգացումները Հայաստանի առջեւ կանգնած գլխաւոր քաղաքական հարցերն են, սակայն ակադեմական քննարկումներուն մէջ անոնք հիմնականօրէն ներկայացուեցան որպէս երկրորդական խնդիրներ՝ փոխարէնը շեշտը դրուելով աշխարհաքաղաքական բազմազանացման եւ տնտեսական զարգացման աւելի լաւատեսական պատումներու վրայ։

Եկեղեցի–պետութիւն բախում եւ ներքին լարուածութիւններ

Քննարկումներուն մէջ սահմանափակ ուշադրութիւն ստացած այլ հարց մըն է Հայաստանի կառավարութեան եւ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ միջեւ ծայր առած հակամարտութիւնը։

Վարչապետ Փաշինեանի կառավարութեան եւ եկեղեցւոյ յարաբերութիւնները վերջին տարիներուն զգալիօրէն վատթարացած են։ Եկեղեցական ղեկավարները կը մեղադրեն կառավարութիւնը եկեղեցական գործերուն միջամտելու եւ կրօնական ինքնավարութիւնը խախտելու մէջ, մինչդեռ կառավարութիւնը կը մեղադրէ որոշ հոգեւորականներ՝ քաղաքական գործունէութեան համար։

Հակամարտութիւնը հասած է ձերբակալութիւններու, հանրային բողոքներու եւ անվտանգութեան ուժերու միջամտութիւններու։ Էջմիածնի տարածք մուտք գործելը եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը եպիսկոպոսական ժողովի մասնակցութենէ զրկելը բացառիկ եւ աննախադէպ քայլեր էին։

Քաղաքացիական հասարակութեան կազմակերպութիւնները եւս մտահոգութիւն յայտնած են՝ նշելով կրօնական հաստատութիւններու վրայ ճնշումներ եւ սահմանադրական իրաւունքներու խախտումներ։

Սակայն այս լարուածութիւնները քննարկումներուն մէջ հիմնականօրէն ներկայացուեցան որպէս սովորական հաստատութենական տարակարծութիւններ, ոչ թէ աւելի լայն քաղաքական ճգնաժամ։

Յարաբերական կապեր եւ բացայայտումներ

Կարեւոր հարց մըն է նաեւ հնարաւոր կապերը՝ Հայաստանի ներկայի իշխանութեան հետ համընկնող քաղաքական ցանցերու հետ։

Ոմանք հրապարակած են վերլուծութիւններ այնպիսի հարթակներու մէջ, որոնք մօտ են 2018-էն ետք ձեւաւորուած բարեփոխման մտածելաձեւին։ Այս աշխատանքները յաճախ կը պաշտպանեն այլընտրանքային քաղաքականութիւնը՝ հեռացում ռուսական անվտանգային համակարգերէն եւ մերձեցում Արեւմուտքին։

Թէեւ նման ներգրաւուածութիւնը սովորական է քաղաքական համայնքներու մէջ, ակադեմական հարթակները կը խրախուսեն խորհրդատուական դերերու, քաղաքական կապերու կամ խորհրդատուական յարաբերութիւններու բացայայտումը։

Քարոզչական-մետիայի ուսումնասիրութիւնները ցոյց տան բարդ ցանց մը՝ կազմուած կազմակերպութիւններէ, հետազօտական կեդրոններէ եւ լրատուամիջոցներէ, որոնք կը ձեւաւորեն քաղաքական ուղութիւններ։ Այս ցանցերէն ոմանք կը ստանան միջազգային օժանդակութիւն եւ կը գործակցին պետական մարմիններու հետ։

Այս երեւոյթը ինքնին արտասովոր չէ, սակայն երբ ակադեմական քննարկումներու մասնակիցները կապուած են յստակ քաղաքական դիրքորոշումներ առաջ մղող ցանցերու հետ, թափանցիկութիւնը կը դառնայ կենսական։

 

Հիւլէական փոքր մոտուլային կազմածներու շուրջ բանավէճը․ ճարտարարուեստ, տնտեսագիտութիւն եւ քաղաքական մեկնաբանութիւններ

Քննարկման հիմնական առանցքերէն մէկը եղաւ Հայաստանի կողմէ հիւլէական փոքր մոտուլային կազմածներու հնարաւոր որդեգրումը՝ փոխարինելու համար Մեծամորի հնամաշ հիւլէական ելեկտրակայանը։ Բանախօսները նշեցին, թէ այս կազմածները կրնան Հայաստանի համար բանալ ուղի մը դէպի ուժանիւթային անկախութիւն եւ աւելի սերտ տնտեսական համագործակցութիւն՝ արեւմտեան աշխարհի գործընկերներու հետ։

Այնուամենայնիւ, քննարկումը մեծապէս անտեսեց ուժանիւթային տնտեսագէտներու, հիւլէական ճարտարագէտներու եւ քաղաքական վերլուծաբաններու միջեւ ընթացող բանավէճը՝ կազմածներու տնտեսական կենսունակութեան շուրջ։

Այս փոքր հիւլէական կազմածները սովորաբար կ՚արտադրեն 50-էն մինչեւ 300 մեկաուաթ ելեկտրականութիւն։ Անոնց կողմնակիցները կը պնդեն, թէ մոտուլային կառուցուածքը կրնայ նուազեցնել շինարարական ծախսերը եւ հնարաւոր դարձնել կազմածներու գործարանային արտադրութիւնը՝ նախքան տեղակայման վայրեր փոխադրուիլը։

Սակայն այս տնտեսագիտութիւնը տակաւին անորոշ կը մնայ։ Բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններու համաձայն՝ արտադրուած ելեկտրականութիւնը կրնայ իրականութեան մէջ աւելի սուղ ըլլալ մէկ մեկաուաթ-ժամի դրութեամբ, քան մեծ աւանդական ելեկտրակայանով արտադրուածը։ Ասիկա հիմնականօրէն կը բխի տնտեսութեան կորուստէն։ Մեծ ելեկտրակայանները, որոնք յաճախ կ՛ արտադրեն 1000-էն մինչեւ 1600 մեկաուաթ, կը բաշխեն շինարարական եւ կարգաւորիչ ծախսերը շատ աւելի մեծ արտադրութեան վրայ։ Փոքր՝ 50-էն մինչեւ 300 մեկաուաթ հզօրութիւն ունեցող միաւորները չեն կրնար հասնիլ նոյն արդիւնաւէտութեան։ Նմանապէս, Տնտեսական համագործակցութեան եւ զարգացման կազմակերպութեան հիւլէական ուժանիւթի գործակալութիւնը (NEA) կը շեշտէ, թէ այս կազմածներու մրցունակութիւնը մեծապէս կախեալ է զանգուածային արտադրութենէն եւ արտադրութենէն․ պայմաններ, որոնք տակաւին չեն իրականացած։

Ուսումնասիրութիւններ՝ կատարուած այնպիսի հաստատութիւններու կողմէ, ինչպէս Energy Economics and Financial Analysis հիմնարկը (IEEFA), ինչպէս նաեւ Սթենֆորտ համալսարանի եւ Պրիթիշ Քոլումպիա համալսարանի հետազօտողները, կը մատնանշեն, թէ այս շարժակներով արտադրուած ելեկտրականութեան գինը կրնայ տատանիլ 90-էն մինչեւ 200 տոլար մէկ մեկաուաթ-ժամի համար, զգալիօրէն աւելի բարձր՝ քան բազմաթիւ վերականգնուող ուժանիւթային կազմածներու, իսկ որոշ պարագաներու՝ նոյնիսկ աւելի բարձր, քան աւանդական հիւլէական ուժանիւթը։

Այս մտահոգութիւնները աւելի եւս ամրապնդուած են վերջին իրական զարգացումներով։ Միացեալ Նահանգներու մէջ, առաջին անգամ ըլլալով գործի լծուած, նմանօրինակ NuScale նախագիծի պարագային ելեկտրականութեան ակնկալուող գինը կտրուկ աճ արձանագրեց՝ նախնական շուրջ 58 տոլարէն մէկ մեկաուաթ-ժամի համար հասնելով գրեթէ 90 տոլարի։ Մասնակցող շարք մը ելեկտրական ընկերութիւններ ի վերջոյ հրաժարեցան նախագիծէն՝ մատնանշելով ծախսերու աճի մտահոգութիւնները։

Հիւլէական մեծածաւալ նախագիծերու մասին ակադեմական հետազօտութիւնները նաեւ ընդգծած են մշտական մարտահրաւէրներ, ներառեալ՝ ծախսերու գերազանցումներ եւ ժամանակացոյցի ուշացումներ։

Տասնամեակներու քննարկումներէ ետք, գործնական գործողութեան մէջ գտնուող այս շարժակները չափազանց սակաւ են։ Ամէնէն յաճախ յիշատակուող գործօն օրինակը՝ Ռուսիոյ ծփացող հիւլէական կայանն է՝ «Աքատեմիք Լոմոնոսով», որ սկսաւ գործել հեռաւաոր բեւեռային շրջանին մէջ, 2020-ին։ Չինաստանը նաեւ կառուցած է ցուցադրական շարժակ մը, մինչդեռ Արժանթինի «Քարեմ» շարժակը տակաւին զարգացման փուլին մէջ է։

Արեւմտեան երկիրներու մեծամասնութեան մէջ, նմանօրինակ նախագիծերը տակաւին սկսնական կամ արտօնագրման փուլերու մէջ են։

Այս բացը՝ գաղափարական խոստումին եւ գործնական իրականացման միջեւ, կարեւոր քաղաքական հարցադրում մը կը բարձրացնէ Հայաստանի նման երկիրներու համար․ ինչո՞ւ պէտք է փոքր տնտեսութիւն մը իր վրայ վերցնէ առաջին տեսակին հիւլէական կառոյցի անորոշ վտանգները, որոնք կրնան հիմք կազմել իր գոյութեան։ Եւ ինչո՞ւ այսպիսի առաջարկ կը ներկայացուի որպէս համադարման միջոց Հայաստանի ապագայ ուժանիւթային կարիքներուն համար։ Այս անորոշութիւնները ունին լուրջ նիւթական եւ աշխարհաքաղաքական հետեւանքներ։

 

Նիւթական վտանգներ՝ փոքր պետութիւններու համար

Հայաստանի ընդհանուր համախառն ներքին արդիւնքը կը գնահատուի մօտաւորապէս 20–25 միլիառ տոլար։ Նոր հիւլէական ենթակառուցուածքի ծախսերը կը գնահատուին 4-էն մինչեւ 7 միլիառ տոլարի սահմաններուն մէջ՝ կախեալ շարժակի ձեւէն եւ կառուցուածքէն։

Փոքր ելեկտրական ցանց ունեցող երկրի մը համար, մէկ հիւլէական նախագիծ կրնայ դառնալ ազգային պատմութեան մէջ ամենամեծ ենթակառուցուածքային ներդրումներէն մէկը։

Ուժանիւթային տնտեսագէտները յաճախ կը շեշտեն, թէ հիւլէական կայանները կը ստեղծեն երկարաժամկէտ կախուածութիւններ, որոնք կը տեւեն տասնամեակներ։ Այսպիսի կայանները սովորաբար կը գործեն 60–80 տարի եւ կը պահանջեն շարունակական վառելիքի մատակարարում, սպասարկման պայմանագրեր եւ կարգաւորիչ համագործակցութիւն՝ մատակարար երկիրներու հետ։

Այլ խօսքով, հիւլէական այս ընտրութիւնը ոչ միայն ճարտարագիտական որոշում է, այլ նաեւ աշխարհաքաղաքական յանձնառութիւն։

Ռազմավարական դրդապատճառները հիւլէական համագործակցութեան ետին

Ուժանիւթային քաղաքական որոշումները հազուադէպօրէն կը թելադրուին միայն տնտեսական հաշուարկներով։ Հիւլէական ենթակառուցուածքային ծրագիրները յաճախ կ՚արտացոլեն աւելի լայն աշխարհաքաղաքական ուղղուածութիւններ եւ ռազմավարական գործընկերութիւններ։

Հայաստանի պարագային, արեւմտեան աշխարհի մատակարարներու հետ հիւլէական համագործակցութիւնը կրնայ նուազեցնել կախուածութիւնը ռուսական ուժանիւթային ենթակառուցուածքներէն եւ խորացնել տնտեսական կապերը արեւմուտքին հետ։ Այս ռազմավարական շարժառիթները յաճախ կը նշուին այն քաղաքական շրջանակներու կողմէ, որոնք կը խրախուսեն աւելի սերտ համագործակցութիւն՝ Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպայի հետ։

Սակայն ռազմավարական նկատառումները չեն ջնջեր թափանցիկ հանրային քննարկման անհրաժեշտութիւնը՝ տնտեսական ծախսերու եւ տեխնոլոգիական վտանգներու շուրջ։

Երբ նորագոյն հիւլէական տեխնոլոգիաները կը ներկայացուին գլխաւորապէս որպէս աշխարհաքաղաքական հնարաւորութիւններ՝ փոխանակ բարդ ենթակառուցուածքային ներդրումներ ըլլալու, որոնք կը պահանջեն մանրակրկիտ նիւթական գնահատում, ապա, թէ ոչ կրնայ պղտոր կացութիւն մը ստեղծուիլ։

Ակադեմական հաստատութիւններու պատասխանատուութիւնը

Այս իրադարձութիւններուն կողմէ ստեղծուած աւելի լայն հարցը ոչ թէ մէկ քաղաքական փաստարկի բովանդակութիւնն է, այլ համալսարաններու դերը՝ քննարկումներ հիւրընկալելու մէջ, որոնք կրնան գործել որպէս անուղղակի քաղաքական ուղերձներ։ Համալսարանները առանցքային դեր ունին միջազգային հարցերու շուրջ հանրային բանավէճը ձեւաւորելու մէջ։

Հեղինակաւոր հաստատութիւններու մէջ կազմակերպուած ակադեմական քննարկումները կը կրեն մտաւոր հեղինակութիւն, որովհետեւ ակնկալուած է, որ անոնք կը խրախուսեն անկախ հետազօտութիւն եւ բազմակարծութիւն, այլ ոչ թէ կը վերահաստատեն նախօրոք ձեւաւորուած մեկնաբանութիւններ։ Երբ քննարկումները կը ներկայացնեն միայն մէկ մեկնաբանական շրջանակ, մանաւանդ այսքան բարդ եւ վիճարկուած հարցերու պարագային, ակադեմական միջավայրը ինք կը նպաստէ այդ տեսակէտներուն օրինականացման։

Կրկնութեան ձեւաչափերը—երբ նոյն բանախօսները, վարիչները եւ քաղաքական թեմաները կը շրջին տարբեր ակադեմական հարթակներու վրայ կարճ ժամանակամիջոցին մէջ—բնականաբար կը ստեղծեն հարցեր, թէ արդեօք քննարկումը կը ներկայացնէ անկախ գիտական հետազօտութիւն, թէ համակարգուած փորձ մը՝ ձեւաւորելու հանրային ընկալումը։

Հայաստանի ապագային վերաբերող քննարկումներուն մէջ—յատկապէս պատերազմի, խաղաղութեան բանակցութիւններու եւ ազգային ենթակառուցուածքային ներդրումներու հարցերուն—այս պատասխանատուութիւնը աւելի եւս նշանակալից է։

Սփիւռքեան համայնքներու համար վտանգները յատկապէս բարձր են։ Բազմաթիւ հայ-ամերիկեան հաստատութիւններ կը պահեն խոր մտաւոր եւ զգացական կապեր Հայաստանի հետ։ Երկրի ապագային վերաբերող քննարկումները միայն տեսական չեն․ անոնք կ՚ազդեն բարեսիրութեան, ներդրումներու եւ քաղաքական ներգրաւուածութեան վրայ։

Կապերու թափանցիկ բացայայտումը, տարբեր տեսակէտներու ներգրաւումը եւ գիտական ամբողջական փաստարկներու ընդգրկումը անհրաժեշտ են ակադեմական ազնուութիւնը պահպանելու համար։

Վերջապէս, Հայաստանի ապագան պիտի ձեւաւորուի բարդ որոշումներու միջոցով՝ ապահովութեան, տնտեսական զարգացման եւ աշխարհաքաղաքական կողմնորոշման ոլորտներուն մէջ։ Ակադեմական հաստատութիւնները պէտք է մնան այն վայրերը, ուր այս ընտրութիւնները կը քննարկուին բաց եւ բազմակողմանի ձեւով, այլ ոչ թէ այն հարթակները, ուր քաղաքական մեկնաբանութիւնները կը ներկայացուին իբրեւ չէզոք գիտութիւն։

Միայն ազատ եւ թափանցիկ բանավէճի միջոցով ակադեմական ճառախօսութիւնը կրնայ իրականացնել իր հիմնական առաքելութիւնը՝ օգնելու ընկերութիւններուն դիմագրաւելու բարդ իրականութիւնները, այլ ոչ թէ զանոնք պարզաբանելու յարմարութիւններու մէջ։

Օգտագործուած աղբիւրներ․-

 

Kopalyan, Nerses. “After the Velvet …” EVN Report, 2021.

Institute for Energy Economics and Financial Analysis. Small Modular Reactors: Too Late, Too Expensive, Too Risky. Cleveland: IEEFA, 2023.

Nuclear Energy Agency (OECD). Small Modular Reactors: Nuclear Energy Market Potential for Near-Term Deployment. Paris: OECD Publishing, 2016.

Locatelli, Giorgio. (2018). Why are Megaprojects, Including Nuclear Power Plants, Delivered Overbudget and Late? Reasons and Remedies. 10.48550/arXiv.1802.07312.

Muhammad R. Abdussami, Ikhwan Khaleb, Fei Gao, Aditi Verma. Evaluation of nuclear microreactor cost-competitiveness in current electricity markets considering reactor cost uncertainties, Nuclear Engineering and Design, Volume 443, 2025, 114295, ISSN 0029-5493, https://doi.org/10.1016/j.nucengdes.2025.114295.

Azatutyun. “Armenian Minister Links New Constitution to Peace with Azerbaijan.”

Azatutyun. “Civic Groups Condemn Government Crackdown on Armenian Church.”

Reuters / AP reporting on church-government tensions and peace negotiations.

Foreign Money in Armenia: NGO and Media Funding, The Armenite, 2021. https://thearmenite.com/2021/06/foreign-money-in-armenia-ngo-media-funding/

Friederike Friess, Maha Siddiqui, M V Ramana, Small modular nuclear reactors for developing countries: Expectations and evidence, PNAS Nexus, Volume 5, Issue 2, February 2026, pgag006, https://doi.org/10.1093/pnasnexus/pgag006

Deal to build pint-size nuclear reactors canceled. NuScale Power’s small modular reactors promised cheaper nuclear power, but costs soared and utilities balked. Adrian Cho, Science Insider, 2023. https://www.science.org/content/article/deal-build-pint-size-nuclear-reactors-canceled

International Atomic Energy Agency (IAEA). Advances in Small Modular Reactor Technology Developments. Vienna: IAEA, 2022. https://inis.iaea.org/records/ktfr7-xyy25

Lazard’s Levelized Cost of Energy AnalysisVersion 16.0. New York: Lazard, 2023.

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button