
Վերջերս, քանի մը օրով Յունաստան այցելած էր Արցախի մշակոյթի նախարար Նարինէ Աղապալեան: Այս առթիւ, մայրաքաղաք Աթէնքի Պոլսեցիներու միութեան սրահէն ներս, տեղի ունեցաւ կլոր սեղանի զրոյց նուիրուած` “Հայաստան–Արցախ` մէկ ազգ, մէկ պայքար“ նիւթին:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ տեղւոյն Պոլսեցիներու միութեան նախագահ Նիքոլաոս Ուզունօղլու, որ ուրախութիւն յայտնեց իրենց միութեան կեդրոնատեղիէն ներս Արցախի նուիրուած ձեռնարկը հիւրընկալելու կապակցութեամբ: Նախապէս ցուցադրուեցաւ Ցվետանա Փասքալեւայի “Արցախի վէրքերը“ վաւերագրական ժապաւէնը, որ կ՛անդրադառնար հայկական փոքրաթիւ ջոկատներէն ազգային բանակի կազմաւորման եւ ապագայի յուսատու օրերուն:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Յոյն-Հայ բարեկամութեան միութեան քարտուղար Անտոնիս Փաւլիտիս, որ անդրադարձաւ ձեռնարկի կազմակերպման նպատակին, ջերմօրէն ողջունեց Արցախի մշակոյթի նախարարուհիի ներկայութիւնը եւ փոխանցեց Յունաստանի մօտ Հ.Հ. դեսպան Գագիկ Ղալաչեանի ողջոյնները, որ Երեւան կը գտնուէր Յունաստանի խորհրդարանի նախագահ Էվանկելոս Մէյմարաքիսի պաշտօնական պատուիրակութեան որպէս մասնակից:
Կլոր սեղանի զրոյցին մասնակցեցան Հ.Հ.-ի մօտ Յունաստանի առաջին դեսպան Լէոնիտաս Խրիսանթոփուլոս, որ ներկայացուց Արցախի անկախացման նախորդած պատմական պահերը, դիւանագիտական շարժումները եւ քաղաքական գետնի վրայ առնուած նախաձեռնութիւնները, որպէս ականատես նաեւ անձնական իր վկայութիւնը տալով` ճակատագրական այդ օրերու եղելութիւններուն շուրջ:
Յոյն-Հայ բարեկամութեան միութեան նախագահ Նիքոս Լիղերոս, իրեն յատուկ ոճով եւ եզակի մօտեցումներով, շատ հետաքրքրական ուսումնասիրութիւն մը ներկայացուց Արցախի ռազմական նշանակութեան մասին: Ան նշեց, թէ արդէն երեք անգամ այցելած է Արցախը եւ հպարտ կը զգայ որ մաս կը կազմէ Ատրպէյճանի “սեւ ցուցակին“, Արցախ այցելած այլ անձնաւորութիւններու կողքին:
“Արցախի միջազգային ճանաչման իրաւունքը“ նիւթին շուրջ խօսեցաւ Արցախի մշակոյթի եւ երիտասարդական հարցերու նախարար Նարինէ Աղապալեանը:
Ձեռնարկի կազմակերպման առիթով նախարարուհին շնորհակալութիւն յայտնեց Յոյն-Հայ բարեկամութեան միութեան, շեշտելով թէ այս կը վկայէ երկու ազգերու դարաւոր բարեկամութեան բարձր մակարդակի մասին:

“Այս օրերուն մեր ժողովուրդը կը նշէ մեզ համար ճակատագրական նշանակութիւն ունեցած երկու թուականներ, ղարաբաղեան ազատագրութեան պայքարի եւ սումկայիթեան ջարդերու թուականները: Ղարաբաղեան շարժումը կը խորհրդանշէ ժողովուրդի ինքնիշխան իրաւունքը` ապրելու իր պատմական հողերուն վրայ: Եւ հաստատելու համար որ Արցախը հին պատմական հող է, շատ փաստեր կան հին պատմաբաններէ, որոնց կարգին` Սթրավոն“ ըսաւ նախարարը եւ շարունակեց անդրադառնալով 1988ի Փետրուարի եղելութիւններուն, երբ Արցախի ժողովուրդը իր կամքը արտայայտեց` անկախանալու Ատրպէյճանէն եւ միանալու Հայաստանին: Ճակատագրական շարունակութիւն ունեցաւ այդ պահերը:
26 տարիներ ետք, այսօր Արցախը ազատ եւ ժողովրդավար պետութիւն մըն է: “Մենք գիտակցաբար ընտրած ենք ժողովրդավարութեան ճամբան: Եւ այս կը հաստատեն մեր երկիրը այցելած հարիւրաւոր դիտորդներ, որոնց շարքին նաեւ փրոֆ. Նիքոս Լիղերոս: Մենք պետութիւն կառուցեցինք եւ յաջողութիւններու հասանք Ատրպէյճանի կողմէ յարձակողապաշտութեան մշտական սպառնալիքի պայմաններու տակ: Այսօր Արցախի հետ Ատրպէյճանի սահմանը բաժնուած է 250 քիլոմեթր երկայնքով եւ այդ սահմանը կը պաշտպանեն 18-20 տարեկան երիտասարդ զինուորներ: Բայց սահմանին վրայ ամէն օր կրակոցներ կը հնչեն եւ մենք ունինք զոհեր: Բայց մենք, այլ ելք չունինք‘ մեր արժանապատուութիւնը պահելու համար. այսօ՛ր եւ մի՛շտ ալ մեր անվտանգութեան միակ երաշխաւորը` հայկական բանակն է“:
Իր խօսքը շարունակելով, նախարար Նարինէ Աղապալեան անդրադարձաւ Մինսքի խումբի միջնորդական առաքելութեան, նշելով թէ բանակցութիւններու ծիրէն ներս ճիգ կը կատարուի խաղաղ գործընթացը ապահովելու, որը սակայն մինչեւ այսօր լուրջ արդիւնքներ չէ տուած: Նախարարուհին նշեց, թէ որքան ատեն որ Արցախը որպէս բանակցային կողմ չի մասնակցիր բանակցութիւններուն, կարելի չէ լուծում ակնկալել:
“Ատրպէյճանի պահուածքը որեւէ լաւատեսութիւն չի ներշնչեր. եւ ռազմատենչ յայտարարութիւնները չեն նպաստեր, բնա՛ւ: Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ լման ազգ մը կը յայտարարէ թշնամի, եւ հայատեացութեամբ կը լեցնէ իր ժողովուրդը, մանուկներու ծննդեան առաջին պահէն: Հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման առաջին քայլը քաղաքակիրթ երկխօսութիւնը պէտք է ըլլայ: Այսօր Ատրպէյճանը պատրաստ չէ քաղաքակիրթ երկխօսութեան, ոչ ալ վաղը պատրաստ պիտի ըլլայ, որովհետեւ իր սերունդները տարբեր ձեւով կը դաստիարակէ: Անցնող տարիներուն ընթացքին մենք կարողացանք պաշտպանել մեր սահմանը: Այս կը նշանակէ թէ Ատրպէյճան կը գիտակցի թէ` ի տեղի չէ յաւակնութիւններ ունենալու մեր դէմ, ռազմական դաշտին վրայ:
Ռազմական արուեստի տեսանկիւնէ դժուար է մեկնաբանել Արցախի մէջ տեղի ունեցածը: Ատրպէյճանը կը շարունակէ մեկուսացման մէջ պահել Արցախը: Եթէ մարդ խորհի թէ մեր նոր հանրապետութիւնը ինչպէ՛ս կրցաւ դիմադրել Ատրպէյճանի մնայուն սպառնալիքներուն, ինչպէ՛ս կրցաւ յաղթել պատերազմին մէջ, ապա միայն մէկ բացատրութիւն կարելի է տալ. թէ մենք կը պայքարինք մեր հայրենիքին համար, մեր սեփական հողին վրայ: Ատրպէյճանը կը շարունակէ մեկուսացման քաղաքականութիւնը, ոչ միայն տնտեսական գետնի վրայ, որովհետեւ քաջ գիտէ թէ Արցախի կողքին կանգնած է Հայաստանը եւ Սփիւռքը, որ շրջափակման անցնող տարիներուն կարողացած են ոտքի կանգնեցընել ու հզօրացնել Արցախը:
Ատրպէյճան կը վախնայ ճշմարտութենէն: Որեւէ նախաձեռնութիւն, որ կապուած է Արցախեան հարցին հետ, աշխարհի ամէնատարբեր տեղը, աշխարհի ամէնէն հեռաւոր անկիւնը, կը փորձէ խանգարել ու կասեցնել: Նոյնիսկ համաշխարհային հեղինակութիւն հանդիսացող անձնաւորութիւնները “սեւ ցուցակի“ մէջ ներառնելով, եղելութիւն, որ կը փաստէ թէ որքան անհեթեթ է այս մօտեցումը:
Նախարարուհին շեշտեց թէ Արցախը օգտուեցաւ իր սահմանադրական իրաւունքէն եւ իր տարածքին վրայ ճշդեց իր ինքնորոշման իրաւունքը: “Պարզապէս աշխարհը պէտք է ճանչնայ այդ իրաւունքը: Ինքնորոշման իրաւունքը ժողովուրդներու իրաւահաւասարութիւնը երաշխաւորող ազդակ է“ ըսաւ ան:
Իր խօսքը եզրափակելով, նախարարուհին շնորհակալութիւն յայտնեց Յունաստանի պետութեան եւ բոլոր անոնց, որոնք պաշտպանեցին Արցախի ժողովուրդի իրաւունքները:
Այսօր Արցախի համար սկսած է նոր փուլ` Արցախի ճանաչման փուլը, եւ այդ կը կատարուի անկախ բանակցային գործընթացէն: “Առանձին-առանձին փոքր գործեր են, բայց իրար քով բերելով, ցոյց կուտան, թէ գործընթաց մը սկսած է, որ այլեւս անհնար է կասեցնել: Արցախի անկախութեան ճանաչման վերաբերեալ հռչակագրեր ընդունուած են Ամերիկայի նահանգներու, քաղաքներու, Աւստրալիոյ մէջ: Արդէն կը ստեղծուին միջխորհրդարանական խումբեր Արցախի եւ տարբեր երկիրներու խորհրդարաններու միջեւ: Վերջին տարուայ ընթացքին Ֆրանսայի եւ Լիթուանիոյ մէջ ստեղծուեցան նման խումբեր“ ըսաւ նախարարուհին, փակելով իր խօսքը գնահատանքի մթնոլորտի մէջ:
Ձեռնարկին ներկայ եղող հայ եւ յոյն ժողովուրդը լարուած ուշադրութեամբ հետեւեցաւ բանախօսներու զեկոյցներուն, գնահատելով յոյն բարեկամ անձնաւորութիւններու համոզումն ու նուիրումը` Արցախի հարցը լսելի դարձնելու եւ միջազգայնօրէն արդարութիւն ու ճանաչում հաստատելու իմաստով: