ԱԶԳԱՅԻՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ՈՒ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՆԵՐՈՒ ԼԻԱԿԱՏԱՐ ՆԻՍՏԵՐ` ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետին, Երեքշաբթի, Յունիս 10-ին սկսան հայ եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովներու լիակատար յաջորդական նիստերը։
Շաբթուան մը վրայ երկարող այս նիստերուն կը մասնակցին նաեւ թեմակալ առաջնորդներն ու Սուրբ Աթոռի բոլոր թեմերու ազգային վարչութիւններու ներկայացուցիչները։
Հանգամանաւոր նիստերուն կը քննարկուին Կաթողիոսութեան ընդհանուր գործունէութեան զանազան ոլորտները, անոր պատկանող հաստատութիւններու աշխատանքները, յառաջիկայ ծրագիրները, ինչպէս նաեւ միջ-եկեղեցական յարաբերութիւններն ու ծիսական բարեկարգումի առնչուած հարցերը։ Կրօնական ու Քաղաքական ժողովներու համատեղ նիստին նախատեսուած է օրակարգի վրայ ունենալ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Նուիրապետական Աթոռներու հետ Կաթողիկոսութեանս յարաբերութիւնը, Սփիւռքի մեր թեմերուն կապուած համայնքներու վերակազմակերպական առաջադրանքները եւ Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու վերականգնումին ի խնդիր տարուող աշխատանքները։
Ազգային Կեդրոնական Վարչութիւնը կը շարունակէ իր աշխատանքները։

