ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱՒԱՏՈՐՄԻՂՆ ՈՒ … ՆԱՒԱՊԵՏԸ

0 0
Read Time:1 Minute, 35 Second

Միջազգային լուրերուն մէջ առիւծի բաժին խլած է, դէպի Կազա մարդասիրական օժանդակութիւն փոխադրող նաւերուն՝ «Ազատութեան Նաւատորմիղ»ին վրայ Իսրայէլեան ծովուժի մասնայատուկ ուժերու կատարած յարձակումը, որ խլեց վիրաւորներ եւ նոյնիսկ զոհեր:

Յարձակումը տեղի ունեցած էր պաշարուած Կազայի ծովեզերքէն աւելի քան ութսուն մղոն հեռաւորութեան վրայ՝ միջազգային ջուրերուն մէջ: Իսկ նաւատորմիղին առաքելութիւնը կազմակերպուած էր Միջազգային միասնութիւն շարժումին, ինչպէս նաեւ թրքական խմբաւորումի մը կողմէ, որ, ըստ Իսրայէլի գաղտնի սպասարկութեանց աղբիւրներուն, ահաբեկչական կապեր ունէր…:

Հաւանաբար, այս պատճառով էր, որ յատկապէս թրքական դրօշ պարզած «Մավի Մարմարա» նաւը անհանգստացուցած կը թուէր ըլլալ Իսրայէլեան ծովուժը: Արդարեւ, իսրայէլեան ուժերը նաւ բարձրանալով, հանդիպած էին անսպասելի դիմադրութեան եւ նոյնիսկ քանի մը զինուորներ վիրաւորուած էին: Ըստ պաշտօնական աղբիւրներու, Պաղեստինի ժողովուրդին մարդասիրական օժանդակութիւն փոխադրող եւ Կազայի շրջափակումը խզել նպատակադրող այդ նաւու ճամբորդներու տասնեակ մը զոհերուն մէկ մասը թուրքեր էին:

Նաւատորմիղին ոչ պաշտօնական հովանաւորը՝ «Նաւապետ»ը Թուրքիան էր, որ այս իրադարձութիւններու արդիւնք, տուն կանչած էր Իսրայէլի մէջ իր դեսպանը եւ ջնջած՝ երկու երկիրներու բանակներուն միջեւ նախատեսուած ռազմափորձեր:

Ելեկտրականացած է մթնոլորտը, այնքան մը որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու, ջնջած է Սպիտակ Տան մէջ, իր հանդիպումը՝ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի հետ եւ վերադարձած երկիր: Պարագան նոյնն է, Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողանի, որ ընդհատած է Լատին Ամերիկա իր այցելութիւնը եւ վերադարձած Թուրքիա:

Հայորդիին համար յստակ է թէ այս նաւատորմիղին բոլոր ճամբորդներն ալ առանց բացառութեան, Հայ Դատի առնչութեամբ ոչ մէկ ժխտական եւ բացասական կեցուածք կրնան որդեգրել, ներառեալ այդ այլախոհ թուրքերը, փաստը՝ շրջանէն ներս գործող հայկական կազմակերպութիւններու յղած զօրակցութիւնն է: Միեւնոյն ժամանակ, սակայն տեղին է հարց տալ «Ազատութեան Նաւատորմիղ»ին դէմ յարձակումը քննադատող եւ հերոսի դեր ստանձնող «Նաւապետ»ին՝ թուրք ղեկավարութեան թէ պղտոր ջուրի մէջ որսորդութիւն կատարելէ դուրս գալով, երանի¯  նոյնքան թափանցիկ, ջինջ ու բիւրեղ մօտեցումով քննէր….թէ° օրերս Միջերկրականի Արեւելեան ծովափին մօտ  պատահածն ու … եւ թէ° 95 տարուայ պատմութիւն ունեցող Եփրատի կարմիր ջուրերուն  Եղեռնաբոյր ջարդը՝ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ: Այս Ցեղասպանութեան ուռացման քաղաքականութեան արդիւնքն էր Արժանթինի մայրաքաղաք Պուէնոս Այրէսի մէջ, Միջերկրականի դէպքէն քանի մը ժամ առաջ պատահած, Աթաթուրքի կիսանդրիի զետեղման դէմ բողոքն ու արգելքը…

«ՀԱՅՐԵՆԻՔ»

Պոսթըն

Յունիս 1, 2010

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles