
Յ. Պալեան
Ցաւ եւ հոգեխոց… Երեք տարի առաջ Աղթամարի եկեղեցիին մէջ աղօթեցի: Տէր էի, բայց հոն հիւր էի: Աղօթեցի Անիի մայր տաճարին մէջ չեմ գիտեր ի՞նչ բանի հաւատալով կամ ի՞նչ բանի դէմ բողոքելով: Անիի պարիսպներուն կռթնած մեր պատմութեան հետ զրուցեցի: Արածանիի վէտվէտ ջուրերուն վրայ ծաղիկ նետեցի ֆէտայիի յիշատակին: Զգացումներու հովահարում, ինչպէս այդ կ’ընենք սիրելիի մը դագաղին առջեւ, գիտնալով եւ զգալով, որ մեզ անջրպետներ կը բաժնեն:
Տէր պէտք է եղած ըլլայի, զիս զրկած էին տէր ըլլալու իրաւունքէ, արտօնած էին որ հիւր ըլլամ: Հիւրը տէր չէ: Հիւր դարձած տէրը անշղթայ անինքնութիւն ըլլալու դա-տապարտուած ստրուկ է:
Այս օրերուն հրատապ խնդիր է Հայկական Արցախի ԱնԻԱՑՈՒՄը:
Գանձասար… Դադիվանք, Տիգրանակերտ… Անի երթալու պէս ալ օր մը թերեւս հիւր պիտի երթանք, հիւրաբար Արցախի վանքերը աղօթելու համար, եթէ մնացած ըլլան: Կամ պիտի երթան մեր զաւակները եւ թոռները, քանի որ յաջորդական տեղատուութիւններով միայն յիշողութիւն պիտի կտակենք անոնց, ոչ Խրիմեանի Հողը, հողը որ պէտք է «կեանքի եւ մահուան օրը, ինչպէս Պապիկ ըսած էր Թոռնիկին»: Եթէ հողին տէր չըլլանք, տէր չենք, կտակելիք չենք ունենար, կտակելու մտահոգութիւն ալ չենք ունենար: Կը մնայ միայն մէկ մայրաքաղաքէ միւսը երթալ-գալու եւ մէկ օդանաւէ միւսը ցատքելու զբօսաշրջիկի հաճոյքը:
Կը մնան գինովութիւն պատճառող յիշատակի գունաւոր պատկերները:
Ինչո՞ւ տէր չենք մնացած եւ տէր չենք ըլլար ՄԵՐ ՀՈՂԻՆ:
Եթէ հայ քաղաքական միտքը ինքզինք վերանորոգէր այս պարզ հարցումին իրաւ եւ անսեթեւեթ պատասխան տալով, կամ փորձելով պատասխանել, թերեւս ունեցած կ’ըլլայինք իրաւ առաջնորդներ, կամ գէթ վաղը կ’ունենանք այդ առաջնորդները, որոնք քաղաքական կոչուած շատախօսութիւններով չեն զբաղիր եւ զինաթափ չեն ըլլար, այլ նախատեսութեամբ եւ դարու ընծայած կազմակերպական իմաստութեամբ տէր կ’ըլլան ներկային, կը պատրաստեն եւ կը ծրագրեն ապագան, անմիջականին մէջ չեն բանտարկուիր:
Իսկ անմիջականը ԵՍ-ԵՍն է, որ կ’ամլացնէ առաջնորդը եւ ազգը կը տանի փակուղի: Այդպէս է ե՛ւ ներսը ե՛ւ դուրսը:
Կարծէք Հայրենիք-Արցախը դարձած է ոջիլի շուկայի ապրանք, flee market, marché aux puces, պիթ պազարի, այս կտորը տանք, այն կտորը տանք, Շուշի եւ Աղաւնօ, Հադրութ եւ Տիգրանակերտ, ապա Ստեփանակերտ, մինչեւ Վարդենիս, Զանգեզուր, Սեւան: Թերեւս բան մը կը պահենք, թոյլ կու տան որ պահենք: Երեսուն տարուան ընթացքին չենք փորձած եւ չենք յաջողած Ստեփանակերտ անունը ընդունիլ տալ… Օդերեւութաբանական սպասարկութիւնները միշտ կ’ըսեն Խանքենտի… Ձեր համակարգիչին հարց տու՛էք, գրեցէ՛ք «metéo Stépanaguerd», ան պիտի պատասխանէ «Khankendi,» ոչ Արցախ, ոչ Ղարաբաղ, ոչ Հայաստան: Երկինքի ճամբաները չափող քաղաքագէտները տիրոջ պէս եւ տիրոջ իրաւունքով պահանջացա՞ծ են երբեւիցէ, որ օդերեւութաբանական սպասարկութիւնները ըսեն… Ստեփանակերտ: Մեծ քայլերով թէ պզտիկ քայլերով, նահանջը միշտ անձնատուութիւն է: Պատմութեան Բեմէն հեռացում:
Եթէ միայն ազգային-քաղաքական բոլոր ճակատներու վրայ նահանջողներ եւ անձնատուութիւնը առաջնորդութիւն համարողներ տարրական մարդկային գիտակցութեամբ հեռանային հրապարակէն, թերեւս անտիտղոս հաւատաւորներ աւելի ճիշդ կը լսէին ժամանակի պատգամը, կ’ունենային անպաճոյճ բնազդով ՈՉ ըսելու յանդգնութիւն, որ չյանձնուող պահակագունդի զէնքը վար չդնելու հպարտութիւնն է, ազգի գոյութեան եւ ինքնութեան բոլոր ճակատներուն վրայ. չլքելու լեզուն, չլքելու հողը, չլքելու իրաւունքը: Այդ բոլորի կորուստը մահ է, ոչ ազգի կեանք: Սոսկ մարսողական գործարաններով տեւող անհատներու գոյութիւնը Ազգի գոյութեան երաշխիք չէ, ինքնուրոյն ազգի մը ինքնահաստատում չէ:
Լլրատուամիջոցները զբաղեցնող Միջնորդութիւն փորձող-խաղցող պետութիւնները, անոնք ըլլան Ռուսիան, Ամերիկան, Ֆրանսան, Իրանը, Եւրոմիութիւնը, եթէ կան ուրիշներ ալ, պարկեշտութիւն եւ քաջութիւն պիտի ունենա՞ն խօսելու որպէս հիմք ունենալով բնիկ ժողովուրդի մը իր հողին վրայ ապրելու իրաւունքը: Վերջ կը տրուի՞ քաղաքական երթեւեկային զաւեշտին, որ ներխուժող-նախայարձակը, միջազգային ընդունուած սկզբունքները եւ բարոյականը անարգել խախտողը եւ զոհը կը դիտէ նոյն ձեւով: Այդ միջնորդութեան ըմբռնումը, որ կողմերուն միջեւ կը դնէ հաւասարութեան նշան, որ հակա-արդարութիւն է: Հարց պէտք է տալ, թէ ո՞ւր կ’ուզեն հասնիլ այդ ընելով:
Եւ դեռ հարց է, մեծ հարց, թէ Հայաստանի Հանարպետութեան իշխանութիւնները, տեւաբար զիջումներ ընելով եւ հրաժարումներով, ո՞ւր պիտի հասնին: Այդ նահանջականութեան հետեւանքը այն է, որ նախայարձակ-ներխուժողը կ’ըսէ, որ բռնագրաւուած տարածքներու տէրերը կրնան բնակիլ գրաւող պետութեան մէջ, ըստ այդ պետութեան օրէնքներուն, Սահմանադրութեան: Երկրին տէր բնիկը ինք ընտրա՞ծ է այդ օրէնքները, սահմանադրութիւնը: Միթէ՞ այս բնիկ ժողովուրդ մը ստրկացնելու դաւի հաւասար չէ: Հայաստանի Հանրապետութիւնը, պատմական դէպքերու դասաւորումով բանակցող կողմ է, ինչո՞ւ չի յանդգնիր խօսիլ իրաւունքի, պատմութեան եւ բարոյականի ըմբռնումով: Անհեթեթութիւն է ակնկալել, որ միջնորդները որոշեն Արցախի ժողովուրդին տալ բանակցող կողմի իրաւունք եւ Հայաստանի Հանրապետութիւնն ալ այդ ճիգը չ’ըներ: Ինք այդ չի պահանջեր:
Իսկ մենք, եթէ նուազագոյն յարգանքը ունինք մեր անձին եւ ազգին նկատմամբ, տարբեր դիրքերէ, տիտղոսներէ, ապարանքներէ, բեմերու լուսարձակներէն եւ հաստ եւ միշտ ուռող քսակներէն, նախ մենք պիտի հասկնանք եւ ապա բոլորին ըսենք, որ հայրենիքը, նախահայրերու ժառանգը, մեր ինքնութիւնը եւ որպէս ինքնուրոյն ազգ ապրելու իրաւունքը, սակարկելի չեն, չեն ստորադասուիր հարազատէն տարբեր նկատումներու:
Ընկեցիկը գութ կ’աղերսէ: Ազգի գիտակից անդամը հպարտութեամբ իր ապրելու իրաւունքը կը պաշտպանէ:
Գործնապաշտութիւններէ հեռանալով, մտքով եւ հոգիով մերժելով ամէն կարգի լքումները եւ նահանջները, նիւթապաշտներուն եւ փառքի վաշխառուներուն դէմ զինուելու համար, կրկին կ’ապաստանիմ բանաստեղծներու չխաթարող եւ չխաթարուող աշխարհին մէջ: Եթէ Ազգի նաւին ղեկը բռնած եւ խութերուն զարնողներ պահ մը կանգ առնէին եւ մտածէին, հայու հոգին վերծանողներուն հետ, մեր այսօրը եւ վաղը երէկուընէ եւ այսօրուընէ աւելի լաւ կ’ըլլային, իրենց եսերէն անդին՝ հայօրէն կ’ապրէին եւ կ’ապրեցնէին ազգը հայրենիքը :
Ինչո՞ւ երբեմն, ներսը եւ դուրսը, չբաբախելՎահագն Դաւթեանի հետ:
Կը խնդրեմ որ չհարցնէք, թէ ո՞վ էր Վահագն Դաւթեան: Տեսայ Վահագն Դաւթ-եանի յիշած երազ դարձած «վէտ վէտ հոսող Արածանին»:
Կը կիսե՞նք Վահագն Դաւթեանի մորմոքը…
Ինչպէ՞ս Հայաստանը պիտի վերադառնայ ՀԱՅՈՑ: Արածանին պիտի ըլլայ ՀԱ-ՅՈՑ
Հող իմ կիսուած՝ սիրտ չկիսուող
Կքել եմ ես քո պարտքի տակ,
Ցաւում եմ ես խղճի նման,
Վէրքի նման մխում եմ տաք։
Ախ, ինչ ասեմ, ո՜ւշ ծնեցիր,
Ես քեզ արիւն պիտի տայի,
Էրզրումի ցուրտ լեռներում
Ես՝ արնաքամ մի ֆիդայի:
Վահագն Դաւթեան կը խօսի էրզրումի մասին:
Արիւնն իմ հին քո հողի մէջ
Սուզուէր պիտի երակ-երակ,
Նիրհէր այնտեղ, սակայն նիրհէր
Ինչպէս կրակն անթեղի տակ։
Նիրհէր պիտի որպէս կարօտ,
Որպէս մորմոք, որպէս թախիծ,
Որպէս լերան սրտում ապրող
Հրաբուխի կարմիր ծաղիկ:
Խառնուէի պիտի հողիդ,
Արածանուդ ահեղ լացին,
Միանայի հուր յաւիտեան
Քո յարութեան առեղծուածին։
Ախ, ինչ ասեմ, ո՜ւշ ծնեցիր,
Ես քեզ արիւն պիտի տայի.
Չցաւէի խղճի նման,
Վէրքի նման չմխայի
Ինչե՜ր կ’ըսէ բանաստեղծը:
Հայոց խիտ եւ խտացեալ պատմութիւն:
Հող իմ կիսուած…. սիրտ իմ չկիսուող:
Այսօր մենք ալ հանդիսատես ենք կիսուած հողի կրկին կիսուելուն, բայց կարծէք ինչ որ կը պատահի սոսկ հեռատեսիլի պզտիկ պատուհանէն տեսնուող վիճարկումի հանդէս է, յուզելու եւ յուզուելու համար:
Չեմ գիտեր ի՞նչ պէտք է ըսել. պատմութիւնը կը շարունակուի,՞ թէ կրկնուի:
Եթէ նուազ քաղքենիացած ըլլայինք, նուազ պառակտուած:
Զոյգ ընթացքները մեր ժողովուրդը դատապարտած են պարտութեան: Վերականգնելու համար քաջութիւն պէտք է ունենալ համազգային ինքնաքննադատութիւն կազմակերպելու:
Արդարեւ, ի՞նչ պէտք էր ընէինք եւ չըրինք ազատագրուած Արցախ-հայրենիքը պահելու, անոր տէր ըլալու եւ տէր մնալու համար: Հիմա ի՞նչ կրնանք ընել: Հիմա ինչպէ՞ս ՀԱՅՐԵՆԱՏԻՐՈՒԹԻՒՆ կրնանք ընել:
Ի՞նչ կ’ըսէ իրականութիւնը:
Ի՞նչ կ’ըսեն քատէսները:
Ամերիկան, Ռուսիան,, Եւրոպան, Չինաստանը, նաեւ Թուրքիան գիտեն, որ հայկական Արցախը երբեք Ատրպէյճան չէր եղած: Ան մենատէր Ստալինի կամայական որոշումով ներառնուած էր Ատրպէյճանի կազմի մէջ, մաս չէր կազմեր Ազրպէյճանի: Նոյնիսկ Ստալինի կամայական որոշումը ընդունած էր, որ Արցախը հայաբնակ ինքնուրոյն աշխարհ էր, ընդունուած էր անոր ինքնավարութիւնը, այսինքն՝ ինքնութիւնը:
Հարցում մըն ալ. ճանչցուած հայկական ինքնավար մարզ էր Նախիջեւանը. ոչ ոք այդ մասին կը խօսի, մենք ալ չենք խօսիր: Միթէ՞այս նախընթաց չէ Արցախի մասին լռութիւն պահելու:
Համերաշխութեան եւ համագործակցութեան նախապայման է իրաւունքի վերականգնումը, այդ իրաւունքը լրացումն է ինքնավարութեան եւ ինքնուրոյնութեան: Կ’ըսեն՝ կարգավիճակ: Արցախի կարգավիճակը անոր ինքնուրոյնութեան ճանաչումով կ’ըլլայ, որ ազատութիւնն է, անկախութիւն, որպէսզի ներխուժողը եւ նախայարձակը կամայականութեամբ եւ ցեղապաշտութեան տուրք տալով, ոտնակոխելով մարդկային եւ միջազգային օրէնքները եւ բարոյականը, Հայկական Արցախը, անտառի օրէնքով, չհամարէ պատերազմական աւար:
Քաղաքակիրթ աշխարհը, եւ անոնք որոնք խաղաղութիւն կ’ուզեն հաստատել, կրնա՞ն դէմ երթալ, պատմական ճշմարտութեան, իրաւունքի եւ բարոյականի:
Իսկ որպէսզի անոնք յարգեն այդ մեծ գաղափարները, նախ մենք պէտք էր որ այդ մենք ըրած ըլլայինք, եղած ըլլայինք ՀԱՅՐԵՆԱՏԷՐ, ոչ միայն բանիւ, այսինքն՝ ճառիւ: Այդ ոչ-բանիւը արտագաղթով չ’ըլլար, չ’ըլլար նաեւ հեռուէն դիտելով, այլ՝ ներկայութեամբ, որ բնակեցում է, հայրենադարձութիւն:
Հայրենատիրութիւնը կը դառնայ կենսունակ երբ մենք կը բուժենք մեր արմատացած եւ յաւերժացող գաղթականական ախտը:
Ի՞նչ կը բանին առաջնորդները:
Ղեկավարութիւնները, ներսի եւ դուրսի:
Կրկնել, որ Գործն է միայն կենդանի, աւելցնելով՝ կենդանացնող: