ԱԴԱԲՏԱՑՈՒԵԼ ՆՈՐԱՀԱՅԵՐԷՆԻ
Գարնան շունչը կայ: Պարտէզին մէջ ասդին անդին ինքնաբուս սպիտակ եւ դեղին հօրուտներ կան: Ֆրանսացին կ’ըսէ ժոնքիյ: Անկրկնելի Կեդրոնականցին Փարիզի հռչակաւոր Ֆօշոն ծաղարանէն կարկանդակ բերաւ, արեւի գոլով սուրճին ընկերացնելու:
– Մակա՛ր, որոշեցի Հայաստան հաստատուիլ, լրագրութեամբ եւ քաղաքականութեամբ զբաղիլ:
– Լաւ կ’ընես, բայց ինչպէ՞ս պիտի հասկնաս զիրենք եւ պիտի հասկցուիս:
– Ճիշդ: Նորահայերէնով խօսելու եւ գրելու փորձ կ’ընեմ:
– Հրաշալի՛: Ազգային միութեան մեսիա կ’ըլլաս, եթէ հետեւորդ գտնես:
– Նորահայերէնով առաջին յօդուածէս պարբերութիւն մը կարդամ, պիտի տեսնես թէ ինչպէս կը հարթուի փոխհասկցողութեան ճանապարհը:
Մակարուհին սուրճ բերաւ, Ֆօշոնի տուփը բացաւ, հրաշք կարկանդակները դրաւ ափսէի մէջ: Հոգեպէս եւ քիմքով պատրաստուեցանք լսելու Կեդրոնականցի կուրուի միտքը:
Արմենակ հատիկ հատիկ կարդաց.
– Հայերէնը աբորտ ընելու համար ապսուրդ ագրեսիայի թիմակիցներ եւ ադեպտներ աժիոտաժի ադմինիստրացիա ունեն, ալտերնատիվ ալյանս կազմած են Հայաստանի ավտոխտոնները, ակտիվ ակտուալացման պրոյեկտով: Այս ադեպտները մոդեռնացման ամբիցիա ունին քաղաքական ամպլիդուտի հասնելու համար, նոր տեմպերով պայքարելու համար անախրոնիզմներու եւ անեքսիաներու դէմ: Աուդո-վիզուալ տեխնոլոկիաներով պիտի դաստիարակեն մասսաները: Ավտոնոմ ըլլալու համար ավտորիցիա ստացած են: Այս ավանգարտիստ բազմաֆունկցիոնալ ավանդուրա է ռեկրեսի դէմ: Բալքիմ կը յաջողի պանդաներու եւ բանկիրներու դէմ, եւ զանոնք դուրս կը բերէ բարիկատներու ետին գտնուող իրենց բասդիոններէն: Յետոյ կը բարիշեն եւ կ’ունենանք բիլակով բենեֆիսային բիզնես պլան: Կը կասեցուի բլոկադան եւ կը հաստատուի պոնուսային մարկեդ: Եզրակացութիւնը կ’ըլլայ գեոպոլիտիկ, գեոստրադեգիական, գերդոզավորում, գերլեգիտիմ, գերնորմատիվային գիտ, գլամուրային գլոբալ գենդերային պրոբլեմները լուծելու համար:
– Հրաշալի,- ըսի: Բայց սփիւռքահայ տգէտները հասկնա՞ն գրածդ:
– Սփիւռքը դեբորտ եղածներու մասսա է: Էներգիա եւ էնտուզեազմ չունի: Էպոխան այս է, պէտք է ադաբատացուիլ, այլապէս կը կորսուինք:
Մակարուհին լուռ հետեւած էր Արմենակի մոդեռնիզացման, բաժակները հաւաքեց, եւ խոհանոց երթալէ առաջ, ըսաւ.
– Արմենա՛կ, չե՞ս մտածեր հոգեվերլուծողի, սայքօ-անալիսդի մը երթալ: Այս ալ նորոյթ է կուշտերու համար: Յետոյ կը հետեւիս մոդեռնիստական ամբիցիաներուդ:
– Ճիշդ կ’ըսես: Հայաստան հաստատուելէ առաջ վստահ պէտք է ըլլալ, որ մարդիկ ոչ միայն կորոնավիրուսէն պէտք է բուժուած ըլլան, այլ նաեւ՝ մոդեռնիստական գլուխէ,- եզրակացուց Կեդրոնականցին:
Մակար ի Գաղիա, 3 մարտ 2021


