«ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐ»ԻՆ՝ «ԱՍԵՄՊԼԻ»ԻՆ ԵՒ Հ.Բ.Ը.Մ.-ԻՆ ԼՈՅՍ ԸՆԾԱՅԱԾ ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ

0 0
Read Time:7 Minute, 11 Second

Երեք­շաբ­թի, Փետր­ուար 9-ին, »Հա­յկա­կան Հա­մա­գու­մար«ը՝ »Ար­մինի­ըն Ասեմպ­լի«ն եւ Հայ Բա­րե­գոր­ծա­կան Ընդ­հա­նուր Միու­թիւնը հրա­պա­րա­կե­ցին հա­ղոր­դագ­րու­թիւն մը, յա­ւել­եալ տե­ղե­կու­թիւն­ներ եւ լու­սա­բա­նու­թիւն­ներ փո­խան­ցե­լով, մայ­րա­քա­ղաք Ուա­շինկ­թըն Տի. Սի.-ի մէջ տի­րող անն­պաստ օդին պատ­ճա­ռով, յե­տաձգ­ուած Ար­տա­քին Գոր­ծոց նա­խա­րար – Հայ­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­ներ հան­դի­պու­մին առն­չու­թեամբ:

Հա­ղոր­դագ­րու­թեան մէջ կը նշուի թէ, նա­խա­գահ Սերժ Սարգս­եան, վեր­ջերս Լոն­տոն մեկ­նու­մի ճամ­բուն վրայ յղած է ու­ղերձ մը Թուրք­իոյ նա­խա­գահ Ապ­տուլ­լահ Կիւ­լին, որ ան յար­գէ իր պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րը, ըսե­լով որ այ­սօր պահն է հան­դէս բե­րե­լու վճռա­կա­նու­թիւն, կա­տա­րե­լու մեծ քայլ առաջ ապա­գայ սե­րունդ­նե­րին ժա­ռան­գե­լով կա­յուն ու անվ­տանգ տա­րա­ծաշր­ջան:  »Հա­յաս­տան-Թուրք­իա յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը կար­գա­ւո­րե­լու մեր նա­խա­ձեռ­նու­թիւնը գտնւում է մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան ու­շադ­րու­թեան կի­զա­կէ­տում: Պահն իրա­ւամբ պատ­մա­կան է, եւ դա գի­տակ­ցում ենք ոչ միայն մենք, այ­լեւ՝ ողջ աշ­խար­հը: Երկ­կողմ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րի բա­րե­լաւ­ման գոր­ծում անգ­նա­հա­տե­լի են տա­րա­ծաշր­ջա­նում ներգ­րաւ­ուած տէ­րու­թիւն­նե­րի ջան­քե­րը: Հա­մոզ­ուած եմ, որ առանց նրանց միջ­նոր­դու­թեան, դժուար կը լի­նէր առա­ջըն­թաց գրան­ցել: Դրա հետ մէկ­տեղ, կար­ծում եմ, որ որ­քան էլ բա­րե­կամ պե­տու­թիւն­նե­րը շա­հագրգռ­ուած լի­նեն գոր­ծըն­թա­ցի դրա­կան հան­գու­ցա­լուծ­ման մէջ, չեն կա­րող անել այն, ինչ ի զօ­րու են անել մեր եր­կու ժո­ղո­վուրդ­նե­րը«, յայտ­նած էր նա­խա­գա­հը:

Հա­ղոր­դագ­րու­թեան մէջ կը նշուի թէ »Հայ­կա­կան Հա­մա­գու­մար«ը եւ Հ.Բ.Ը.Մ.ը կÿող­ջու­նեն նա­խա­գահ Սարգս­եա­նին այս քայ­լը, իսկ Քլին­թը­նին հետ հան­դի­պու­մը կը նկա­տեն ոս­կի առիթ մը՝ քննար­կե­լու Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու քայ­լե­րը, վերջ դնե­լու Թուրք­իոյ կող­մէ Հա­յաս­տա­նի պա­շար­ման, եւ հայ-թուրք յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու բնա­կա­նո­նաց­ման ուղ­ղու­թեամբ առանց նա­խա­պայ­ման­նե­րու: Նկա­տի առ­նե­լով Թուրք­իոյ վար­ուե­լա­կեր­պը, ժա­մա­նա­կը յար­մար է Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու կող­մէ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման, յար­գե­լով նա­խա­գահ Պա­րաք Օպա­մա­յին խոս­տու­մը թէ Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րը ար­ժա­նի  են առաջ­նոր­դի մը որ ճշմար­տու­թիւնը կը խօ­սի Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան մա­սին, եւ վճռա­կա­մօ­րէն կը պա­տաս­խա­նէ ամէն ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րուն:  »Մարտ 4-ին, Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու ծե­րա­կոյ­տը Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան բա­նա­ձե­ւը պի­տի քննէ Ար­տա­քին Հար­ցե­րու Յանձ­նա­խում­բին մի­ջո­ցաւ, եւ ծե­րա­կու­տա­կան Հէ­րի Րի­տի աջակ­ցու­թեամբ, Ծե­րա­կու­տա­կա­նը պէտք է որ յա­ռա­ջաց­նէ այս բա­նա­ձե­ւը«, կը շա­րու­նա­կէ հա­ղոր­դագ­րու­թիւնը:

Ապա, հա­ղոր­դագ­րու­թեան մէջ կը քննա­դատ­ուի »Հայ­րե­նիք«ի անգ­լե­րէն բաժ­ի­նի՝ »Ար­մինի­ըն Ուիք­լի«ի անց­եալ շաբթ­ուայ թիւին մէջ լոյս տե­սած խմբա­գրա­կա­նը որ ըստ հա­ղոր­դագ­րու­թեան կամ հա­ղոր­դագ­րու­թիւնը պատ­րաս­տող­նե­րուն, այս հան­դի­պու­մին մա­սին սխալ տե­ղե­կու­թիւն­ներ տուած է եւ փո­խան մի­աց­եալ ճա­կատ մը ներ­կա­յաց­նե­լու, աւե­լի բա­ժա­նու­մի սեր­մեր ցա­նած է:

Ըստ հա­ղոր­դագ­րու­թեան, հայ­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու հրա­ւիր­ուած կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու ցան­կը ընդ­լայ­նե­լու աշ­խա­տան­քին գծով, Հայ Դա­տի յանձ­նա­խում­բը գոր­ծակ­ցու­թիւն չէ բե­րած եւ »…Ցայ­սօր, Հայ Դա­տի Յանձ­նա­խում­բը որո­շում ան­գամ չէ առած, թէ պի­տի մաս­նակ­ցի՞ այս հան­դի­պու­մին, նոյ­նիսկ  մեր­ժած է մաս­նակ­ցիլ հան­դիպ­ման մը, այլ հայ կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րուն հետ, Ուա­շինկ­թը­նի Հա­յաս­տա­նի դես­պա­նա­տու­նէն ներս«:

»Հա­յ­կա­կան Հա­մա­գու­մար«ն ու Հ.Բ.Ը.Մ.-ը, հա­ղոր­դագ­րու­թեան աւար­տին կÿեզ­րա­կաց­նեն  թէ.- »Մենք կÿող­ջու­նենք այլ ու ան­կախ ձայ­նե­րու մաս­նակ­ցու­թիւնը, բայց թի­կունք չենք կանգ­նիր քա­ղա­քա­կան կու­սակ­ցու­թեան մը ջան­քե­րուն, յա­ռաջ քշե­լու հա­մար իր ծրա­գի­րը,  այս ըն­թաց­քը քա­ղա­քա­կան հար­ցի մը վե­րա­ծե­լու, եւ աւե­լի մխրճուե­լով, գա­ղու­թէն ներս բա­ժան­մունք­նե­րու տեղ տա­լով:  Անոնք որոնք առա­ջին օրե­րէն իսկ հրա­ւիր­ուած էին այդ կազ­մա­կեր­պու­թիւն­ներն են որոնք իրենց կեց­ուած­քով ձայ­նակ­ցե­ցան ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րուն առն­չու­թեամբ, եւ անոնք կը ներ­կա­յաց­նեն մեր գա­ղու­թին մեծ մա­սը…:  Առա­ւել, մենք պէտք է որ հա­մա­ձայ­նու­թեան մը հաս­նինք, եւ սկիզ­բէն մի­աց­եալ ծրա­գիր մը յղա­նանք, որ­պէս­զի մի­աց­եալ ճա­կատ մը ներ­կա­յաց­նենք այս հան­դիպ­ման ատեն, եւ խու­սա­փինք այս­պի­սի կեց­ուած­քէ եւ յար­գան­քի պա­կա­սէ ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րին հան­դէպ, ինչ­պէս տե­սանք Հոկ­տեմ­բե­րին մեր գա­ղու­թին հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին նա­խա­գահ Սարգս­եա­նին հետ, Նիւ Եոր­քի մէջ«, կÿեզ­րա­կաց­նէ այս հա­ղոր­դագ­րու­թիւնը, որ ընդ­հա­կա­ռա­կը աւե­լի բա­ժա­նում կը ստեղ­ծէ:

Հրա­ւիր­եալ­նե­րու ցան­կին բա­ցա­յայ­տու­մէն ետք, Ամե­րի­կա­յի Հայ Դա­տի յանձ­նա­խում­բի ատե­նա­պետ Քէն Խա­չիկ­եան դի­մած էր նա­խա­րար Քլի­նթը­նի, որ վե­րա­տե­սու­թեան են­թար­կէ հրա­ւիր­եալ­նե­րը, քննա­դա­տե­լով այն իրո­ղու­թիւնը, որ հրա­ւիր­եալ­նե­րուն մե­ծա­մաս­նու­թիւնը կը ներ­կա­յաց­նեն Ուա­շինկ­թը­նի ներ­կայ քա­ղա­քա­կա­նու­թեան նե­ցուկ կանգ­նող­նե­րը, որոնք ամե­րի­կա­հա­յու­թեան մէջ փոք­րա­մաս­նու­թիւն մըն են:

»Նման հրա­ւէր մը չի նպաս­տեր ամե­րի­կա­հա­յու­թեան հետ ան­կեղծ ու երկ­կող­մա­նի հա­ղոր­դակ­ցու­թիւն հաս­տա­տե­լու կա­ռա­վա­րու­թեան նպա­տա­կին, եւ ոչ ալ ամե­րի­կա­հա­յու­թեան ձայ­նը Ուա­շինկ­թը­նի վեռ­նա­խա­ւին լսե­լի դարձ­նե­լու հայ­կա­կան հա­մայն­քի փա­փա­քին«, գրած էր Խա­չիկ­եան: Յե­տաձ­գու­մը առիթ մըն է նա­խա­րա­րու­թեան, որ­պէս­զի վե­րա­տե­սու­թեան են­թար­կէ հրա­ւիր­եալ­նե­րուն ցան­կը, որ քննա­դատ­ուած էր մի­ա­կող­մա­նի ըլ­լա­լուն պատ­ճա­ռով: Ար­դա­րեւ, հրա­ւիր­եալ­նե­րուն մեծ մա­սը Հա­յաս­տա­նի եւ Թուրք­իոյ մի­ջեւ ստո­րագր­ուած ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րուն նե­ցուկ կանգ­նող կազ­մա­կեր­պու­թիւն­ներ էին: 

«Հայրենիք»

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles