Ողջոյն Պատմական Հայրենիքին

0 0
Read Time:1 Minute, 34 Second

ԽԱԺԱԿ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ 

Միացեալ Նահանգներու մէջ լոյս տեսնող «Հայրենիք» թերթը այս տարի կը նշէ իր հիմնադրութեան 125-ամեակը:

Հայ մամուլի նահապետը հանդիսացող այս օրգանը, իր ծնունդով, եկաւ հայրենազրկուած հայութեան համար ոգեղէն հայրենիք մը դառնալու առաքելութեամբ: Ոչ միայն հայկական, այլ նոյնիսկ միջազգային մամուլին մէջ շատ քիչ են այն թերթերը, որոնք իրենց անցած ճանապարհով հսկայ պատմութիւն, ազդեցութիւն եւ հեղինակութիւն կերտած են:

Հայ իրականութեան մէջ, վերջին հարիւրամեայ պատմութեան բոլոր երեսներուն մասին կարելի չէ խօսիլ առանց «Հայրենիք»-ը վկայակոչելու: Գրականութենէն մինչեւ պատմագրութիւն, արուեստէն մինչեւ քաղաքականութիւն, գաղափարախօսութենէն մինչեւ սփիւռքագիտութիւն, կրած են օրաթերթ, ամսագիր կամ շաբաթաթերթ «Հայրենիք»-ի բերած ազդեցութեան դրոշմը:

«Հայրենիք»-ին շուրջ համախմբուած մտաւորական հոյլ մը այս հրատարակութեան էջերուն ընդմէջէն իրենց գաղափարական, քաղաքական, գրական եւ լեզուական աւանդը բերին հայ կեանքին: Մասնաւորաբար, Սփիւռքի ձեւաւորման առաջին տարիներուն, «Հայրենիք»-ը եղաւ այն փարոսը, որ ուղղութիւն կուտար սփիւռքահայու ազգային դիմագիծի կազմաւորման, անկախութեան գաղափարի արմատացման, արեւմտահայերէնի եւ մեսրոպեան ուղղագրութեան պահպանման, հայ ժողովուրդի անժամանցելի իրաւունքներու հետապնդման եւ արեւմտահայ գրականութեան զարգացման:

Իբրեւ չորրորդ իշխանութեան ներկայացուցիչ, «Հայրենիք»-ը նաեւ դարձաւ այն զէնքը, որ պիտի պայքարէր խորհրդային ապազգային հոսանքին դէմ, վեր ու վառ պահելով ազգային ոգին ու հայու մարտունակ կամքը, սեւեռակէտ դարձնելով ամբողջական հայութեամբ, ամբողջական պետութիւն ստեղծելու գերնպատակը:

Գաղափարական ու քաղաքական դաշնակցական ակունքներուն հաւատարիմ բովանդակութեամբ ու շունչով, «Հայրենիք»-ը դուրս կուգար իր աշխարհագրական տարածքէն եւ համասփիւռքեան ու նոյնիսկ համահայկական տարողութեամբ կը վարակէր ու կ’ուղղորդէր հայ երիտասարդին միտքը, անոնց համար ոգեղէն հայրենիքի ազգային մթնոլորտ ստեղծելով՝ կը մղէր ողջ հայութիւնը մէկտեղող ազգային, ժողովրդավար եւ ընկերվարական Հայաստան ունենալու տեսլականին:

Դէպի ազգայինը ուղղորդելու իր դերը կատարելու ճամբուն վրայ «Հայրենիք»-ը, իր առաքելութեան հաւատացողներուն աջակցութեամբ, ժամանակի պահանջներուն հետ քայլ պահեց, իտէալապաշտութեամբ զինուած եղաւ նաեւ իրապաշտ, կացութիւններուն համահունչ լուծումներ գտնելով շարունակեց ու դեռ կը շարունակէ իր 125-ամեայ երթը:

Այսօր եւս, տարբեր ձեւաչափով ու գուցէ չունենալով առաջնորդողի նախկին դիրքը, բայց նոյն գաղափարին, սկզբունքին եւ յանձնառութեան հաւատարիմ, իբրեւ դաշնակցական ու հայ մամուլի նահապետ, հայեացքը ուղղած է դէպի ապագայ, որպէս կռուան նոր սերունդի ազգային դիմագիծի պահպանման եւ պատմական հայրենիքի տեսլականը վառ պահող արթուն պահակ:

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles