Երբ Կը Քննադատենք

0 0
Read Time:3 Minute, 23 Second

 Վեր. Դոկտ. Վահան Յ. Թութիկեան

Ամէնքս ալ երբեմն կը քննադատենք եւ երբեմն ալ կը քննադատուինք: Կարգ մը քննադատութիւններ շինիչ են, ուրիշներ՝ քանդիչ: Ընդհանրապէս, մարդիկ չեն սիրեր քննադատուիլ, մանաւանդ երբ քննադատութիւնները ոչ միայն անտեղի են, այլ նաեւ անարդար: Քննադատութիւնները աւելի ցաւ կը պատճառեն երբ անոնք կուգան հարազատներէ, ընտանեկան պարագաներէ եւ բարեկամներէ:

Քննադատութիւններ կան, որ արդար եւ տեղին են: Կան նաեւ անտեղի եւ անարդար քննադատութիւններ: Երբ ոեւէ անձ մը, երեւոյթ մը, կամ կազմակերպութիւն մը կը քննադատենք անհրաժեշտ է ընել հետեւեալ կարեւոր հարցումները.-

      Առաջին. Երբ կը քննադատենք հարց տալու ենք թէ՝ իրազե՞կ ենք մեր քննադատութեան առարկայ եղող անձին կամ նիւթին բոլոր փուլերուն: 

      Ունի՞նք բոլոր տուուեալները, թէ կէս-կատար տեղեկութիւններու վրայ յենած ենք: Մեր ծանօթութիւնն ու տեղեկութիւնները առարկայակա՞ն են եւ ճշգրիտ, թէ թէական եւ անստոյգ:

Ասկէ քանի մը տարի առաջ, երբ խումբ մը նորնտիր ծերակուտականներ (senators) իրենց «Հաւատարմութեան Ուխտը» կ’առնէին Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի Տան մէջ: Յաջորդ օրը ընթերցող մը «Նիւ Եորք Թայմզ օրաթերթի մէջ կը քննադատէր Հավայի նահանգի ծերակուտականը, որ ուխտի ատեն փոխանակ իր աջ ձեռքը վերցնելու իր ձախ ձեռքը վերցուցած էր: Քննադատ ընթերցողը հարց կուտար, թէ արդեօք Ծերակուտական  Ինուէ սովորութիւնը չէր գիտեր, թէ նման պաշտօնական առիթներով միշտ աջ ձեռքը կը վերցուի: Պարոն քննադատը չէր գիտեր, թէ պատուարժան Ծերակուտականը Երկրորդ Համաշխարհային պատերազմի ընթացքին իր աջ ձեռքը կորսնցուցած էր:

Որեւէ քննադատութենէ առաջ, անհրաժեշտ է իրազեկ ըլլալ մեր քննադատած առարկային բոլոր ծալքերուն: Իմաստութիւն պիտի չըլլայ խօսիլ նիւթի մը, կամ անձի մը մասին եւ կարծիք յայտնել ու վճիռ արձակել երբ մարդոց կը պակսի լման տեղեկութիւնը խնդրոյ առարկայ անձին կամ նիւթին մասին:

Երկրորդ.  Երբ կը քննադտտենք որեւէ բան հարց տալու ենք թէ՝ արդեօք շահա՞ծ ենք իրաւունքը հեղինակաւոր կարծիք յայտնելու խնդրոյ առարկայ նիւթին մասին:  Քննադատը հեղինակաւոր կարծիք ունեցող մէկը ըլլալու է այն անձին եւ նիւթին մասին, որու նկատմամբ կ’արտայայտուի:

Հին դարերէն մեզի հասած ասացուածք մը կայ որ մեծ իմաստութիւն կը պարփակէ. «Կօշկակար, կօշիկէդ վեր մի’ ելլեր»: Այս խօսքին ետեւ կեցող պատմութիւնը այն է, որ նշանաւոր արձանագործ մը մեծ մարզիկի մը արձանը կը քանդակէ եւ կը հրաւիրէ իր քաղաքացիները իրենց կարծիքը յայտնելու: Շատերու կարգին, կօշկակար մը իր կարծիքը կը յայտնէ՝ քննադատելով մարզիկին կօշիկը: Արուեստագէտ-արձանագործը քաղաքավարօրէն իր շնորհակալութիւնը կը յայտնէ: Կօշկակարը, սակայն, իր դիտողութիւնով չի գոհանար, կը շարունակէ իր քննադատութիւնը արձանի այլ մասերու նկատմամբ: Յանկարծ, արձանագործը արդար զայրոյթով մը կը լռեցնէ զինք ըսելով. »Կօշկակար, կօշիկէդ վեր մի’ ելլեր»:

Երբ մարդիկ կը քննադատեն բաներ, որոնց մասին քաջատեղեակ չեն, ցոյց կուտան իրենց տգիտութիւնն ու ողորմելի վիճակը: Անոնք շատ տարբեր չեն քան Փարիզի Լուվր Թանգարանը այցելող զբօսաշրջիկէն, որ քմծիծաղով եւ դժգոհութեամբ կը գանգատէր. «Ի՞նչ հմայք կայ արուեստի այս գործերուն մէջ, որ մարդիկ ժամեր եւ օրեր կ’անցնեն այդ թանգարանին մէջ»: Թանգարանի վերակացուն երբ լսեց այդ մարդուն գանգատը, իրեն ըսաւ. «Պարո’ն, այստեղ մենք չենք դատեր այս գլուխ գործոց արուեստի գործերը. իրականութեան մէջ, անոնք են որ մեզ կը դատեն»: Իմաստութիւն է լուռ մնալ երբ չենք շահած իրաւունքը հեղինակաւոր կարծիք յայտնելու մեր քննադատած անձին կամ իրին մասին:

Երրորդ.  Երբ կը քննադտտենք հարց տալու ենք, թէ մեր «եղբօրը աչքին շիւղը տեսած ատեն, արդեօք մեր աչքին գերանը կը տեսնե՞նք»:  Փորձութիւնը այն է, որ մարդիկ ուրիշներուն մեղքերը, յանցանքները, զանցառութիւնները, թերութիւններն ու տկարութիւնները խոշորացոյցով կը դիտեն, իսկ իրենցը՝ մանրադիտակով: Ուրիշներ դատած եւ դատապարտած ատեն կը մոռնան թէ իրենք ալ մեղաւոր են, իրենք ալ արժանի են դատուելու եւ դատապարտուելու:

Երբ Փարիսեցիներ ու դպիրներ շնութեան մեղքի մէջ բռնուած կինը Յիսուսի բերին, ուզեցին գիտնալ թէ՝ Յիսուսի դիրքը ի՞նչ պիտի ըլլար այդ կնոջ մեղքին մասին: Յիսուսի դիրքը այն էր որ այդ կինը ամբաստանող եւ դատապարտող մարդիկ նոյնչափ մեղաւոր էին: Այդ պատճառով էր որ Յիսուս ըսաւ. «Ձեզմէ ով որ անմեղ է թող ան առաջին քարը նետէ անոր վրայ» (Յովհ. 8.7): Անոնք օրէնքի տառին յարած՝ կ’ուզէին միայն դատապարտել ուրիշին մեղքը՝ մոռնալով իրենց խոցելի եւ դատապարտելի մեղքերը:

Չորրորդ.  Երբ կը քննադատենք հարց կուտա՞նք մենք մեզի,  թէ՝ ինչ է մեր շարժառիթը:  Մեր քննադատութիւնը շինի՞չ է, թէ քանդիչ: Վերջին հաշուով, ի՞նչ է մեր նպատակը. օգտակա՞ր ըլլալ է քննադատութեան առարկային, թէ վարկաբեկել է զայն: Ամենուրեք կան բարեացակամ եւ վեհանձն քննադատներ. կան նաեւ անբարեացակամ եւ նենգամիտ քննադատներ: Առաջինները միշտ սատարած են ուրիշներու վերելքին եւ օրհնութեան աղբիւր մը դարձած են իրենց նմաններուն: Իսկ վերջինները՝ միայն նսեմացուցած են ուրիշները եւ վնասակար դեր խաղցած են անոնց կեանքին մէջ:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles