Լայնածաւալ Ցոյցեր Հ.Հ. Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Շէնքին Մօտ

0 0
Read Time:59 Second

ԵՐԵՒԱՆ.- Ուրբաթ, Մայիս 31-ին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը պահանջող «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժումը քայլերթ կատարեց, որուն մեկնարկը տրուեցաւ Սուրբ Աննա եկեղեցւոյ մօտէն: Ապա, շարժման մասնակցողները անցան Գլխաւոր դատախազութեան եւ արտաքին գործոց նախարարութեան շէնքերու մօտ, ուր ոստիկանական մեծաթիւ ուժեր տեղակայուած էին:

Գլխաւոր դատախազութեան շէնքին դիմաց շարժումի ղեկավար Բագրատ արք. Գալստանեան յայտարարեց, որ այս կառոյցը «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան «ծառայութիւն մատուցող ծառայութիւն է»:

Սրբազանը ընդգծեց, որ մինչեւ այսօր որեւէ գործ, սկսած շարժման մասնակիցները գործակալներ պիտակաւորելէն մինչեւ «Հայաքուէ»-ի կողմէ ապօրինի սահմանազատման հետ կապուած հաղորդումը, Գլխաւոր դատախազութիւնը չէ յարուցած:

Արտաքին գործոց նախարարութեան դիմաց` ոստիկանական պատին առջեւ կանգնելով` Բագրատ արք. Գալստանեանը յիշեցուց Ատրպէյճանի նախագահին յայտարարութիւնները` ըսելով, որ անոնք կը նուաստացնեն հայ ժողովուրդը: Ան մեղադրեց իշխանութիւնները անոնց համարժէք պատասխան չտալու յանցանքով:

Բագրատ սրբազանը արտաքին գործոց նախարարութեան աշխատակիցներուն յորդորեց ներկայանալ եւ պատասխան տալ բոլոր նուաստացումներուն համար, հակառակ պարագային, պնդեց, անոնք «Ատրպէյճանի ու Թուրքիոյ գործակալներ են»:

Բագրատ սրբազանը կոչով դիմեց ներքին գործոց նախարար Վահէ Ղազարեանին` պահանջելով չարգիլել իրենց մուտքը արտաքին գործոց նախարարութիւն:

Ոստիկանութենէն յայտնեցին, որ արտաքին գործոց նախարարութիւնը անցագրային դրութեան համակարգով գործող կառոյց է եւ որեւէ մէկը իրաւունք չունի հոն բարձրանալու: Արտաքին գործոց նախարարութեան շէնքին առջեւ լարուած իրավիճակը աւելի եւս սրեցաւ: Ոստիկանութեան գործողութիւններուն հետեւանքով  բերման ենթարկուած է բողոքի ցոյցի 29 մասնակից:

 

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles