Տիթրոյթի Հ.Օ.Մ.-ի Զաւարեան Միօրեայ Վարժարանի Ամավերջի Հանդէս

0 0
Read Time:1 Minute, 29 Second

Տիթրոյթի Հ․Օ․Մ․-ի Զաւարեան միօրեայ վարժարանի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ Մայիս 19-ի յետ-միջօրէին, Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ Լիլիան Առաքելեան սրահէն ներս։

Հանդիսութեան բացումը կատարեցին վարժարանի աշակերտները Հայաստանի Հանրապետութեան օրհներգով։ Տնօրէնուհի Լենա Նազարեան բարի գալուստի մաղթանքէն ետք, անդրադարձաւ ուսումնական տարեշրջանի կատարուած աշխատանքին, ձեռքբերումներուն եւ մարտահրաւէրնեուն, բարձր գնահատեց ծնողներուն գիտակից վերաբերումն ու Հ․Օ․Մ․-ի միջ-վարչութեան անսակարկ զօրակցութիւնը։ Այնուհետեւ ներկայացուց հանդիսութեան թեման՝ հայրենի հողն ու մայրենի լեզուն եւ եզրափակեց Վ. Շուշանեանի «Հայոց լեզու» արձակ բանաստեղծութենէն մէջբերումով.- «Հաւատարմութիւնը, որ կը զգամ քեզի հանդէպ՝ աւելի զօրաւոր է, քան մեր այս եղկելի կեանքը, կ՚ուզէի քեզ սորվիլ մինչեւ վերջին վայրկեանը, քու յետին շեշտերդ ու քու յետին բառերդ, քու ներքին երաժշտութիւնդ ու քու գծած ճամբադ՝ պատմութեան մէջ։ Դուն, որ մեր աղօթքն ես ու մեր հաճոյքը,- հայո՜ց լեզու, կը սիրե՛մ քեզ»։

   Հանդիսութեան գեղարուեստական բաժնով առանձին եւ խմբային ասմունքներով հանդէս եկան Բ. եւ Գ. կարգի աշակերտները. Ընտրուած կտորները ձօնուած էին մեր հայրենիքին ու լեզուին՝ «Հայրենի դրօշ», «Մայրենի լեզու», «Իմ հեռաւոր հայրենիք»…Խմբերգներու ծաղկաքաղը եւս կը փառաբանէր մեր գերագոյն արժէքները՝ հողը, լեզուն եւ սրբազան պայքարը։ Վարակիչ խանդավառութեամբ մատուցուեցան «Կիլիկիա», «Ազգ Փառապանծ», «Մեր լեզուն», «Սարդարապատ», «Հայորդիք»…

Ա. կարգի երեխաները նոյնպէս իրենց բաժինը ունեցան այս հանդիսութեան, ներկայացնելով մանկական երգերու շարք մը՝ «Ճուտիկի երգ», «Հինգ բադիկներ», «Շաբթուան օրերը» եւ վերջապէս՝ Կոմիտասի  «Կաքաւիկ»-ն ու «Հայր մեր»-ը։

Հանդիսութեան գեղարուեստական բաժինը վերջ գտաւ ազգագրական «Ծաղկաձորի» շուրջպարով։

Հ․Օ․Մ․-ի միջ- վարչութեան խօսքը փոխանցեց Լարա Ներսէսեան, որ շեշտեց սփիւռքեան պայմաններուն մէջ արեւմտահայերէնի պահպանման անհրաժեշտութիւնն ու հայ դպրոցի էական դերակատարութիւնը։ Ընդգծեց Հ․Օ․Մ․-ի առաքելութիւնը հայ մշակոյթին զօրավիգ կանգնելու եւ հայեցի դաստիարակութեան սատարելու գործընթացին մէջ։

Վկայագրերու բաշխումը տեղի ունեցաւ ձեռամբ Սիրվարդ Թէլպէրեանի։

Արժանապատիւ տէր Հրանդ քհնյ. Գէորգեան օրհնութեան խօսքով շեշտադրեց «Աստուծոյ հետ խօսելու լեզու» համարուող հայերէնը արժեւորելու, սորվելու եւ անով հաղորդակցելու անհրաժեշտութիւնը։ Տէր հօր պահպանիչով փակուեցաւ հանդիսութիւնն ու ուսումնական տարեշրջանը։

Թղթակից

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles