ՏԻԹՐՈՅԹԻ ՄԷՋ.- ԴՈԿՏ. ՀՐԱՆԴ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆԻ ԳԻՐՔԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄԸ՝ ՆԱՀԱՏԱԿՈՒԱԾ ՀԱՅ ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ
Կիրակի, Մարտ 8-ին, “Համազգային“ Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Տիթրոյթի մասնաճիւղի նախաձեռնութեամբ, Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ յարակից “Լիլիըն Առաքելեան“ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Դոկտ. Հրանդ Մարգարեանի կողմէ 1915-1922 Մեծ Եղեռնին նահատակուած հայ մտաւորական փաղանգէն՝ 13 գրողներու գործերէն առնուած հատուածներու անգլերէնի թարգմանուած գրքի ներկայացումը:
Հանդիսութեան ներկայ էր Սուրբ Սարգիս Հայաստանեաց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժպ. Տէր Հրանդ Քհնյ. Գէորգեան, Ամերիկայի Արեւելեան շրջանի Հ.Յ.Դաշնակցութեան Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Հայկ Օշական, Տիթրոյթի “Ազատամարտ“ կոմիտէութեան եւ քոյր միութիւններու ընկ.-ընկերուհիներ եւ կոկիկ թիւով գրասէր հասարակութիւն մը:
Յայտագրի սկզբնաւորութեան, նախապէս արձանագրուած տեսաներիզի վրայ խօսք առած է Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան: Որմէ ետք Դոկտ. Մարգարեան հակիրճ կերպով անդրադարձաւ 13 նահատակ հայ գրողներու գործերուն, որոնց ստեղծագործութենէն հատուածներու անգլերէնի թարգմանութեան առաջադրանքի կարեւորութեան, 100-ամեակի առիթով հայ գրականութիւնը մօտէն ծանօթացնելու եւ մատչելի դարձնելու հայ թէ օտար հանրութեան:
Բացման խօսքը կատարեց Համազգային Միութեան Տիթրոյթի մասնաճիւղին ատենապետուհի Հերիմինէ Մանուկեան: Ան իր բարի գալուստի խօսքէն ետք, խնդրեց ներկաներէն որ մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգուի յիշատակը մէկ ու կէս միլիոն նահատակներու: Ապա իր խօսքը շարունակելով յարեց.- ,Ցեղասպանութեան 100 ամեակի ոգեկոչումն ու պահանջատիրութեան տէր ըլլալու հրամայականը արդարացնող ու վաւերական փաստերէն եւ թանկագիներէն մէկն է Դոկտ. Հրանդ Մարգարեանի 13 նահատակ գրողներու հոգեւոր, մտային, ազգային, փիլիսոփայական եւ փաստագրական գրութիւններէն հատուածներ անգլերէնի թարգմանուած այս գիրքը, որուն ներկայացումը ըմբոշխնելու եւ ծանօթանալու հրաւիրուած ենք այսօր: Դոկտ. Մարգարեան անգլերէնի թարգմանական այս գործը ո՛չ միայն անգլիախօս նորահաս սերունդին ծանօթացնելու, այլ նայեւ՝ օտարներուն ներկայացնելու թէ ինչ անփոխարինելի արժէքներ կորսնցուցինք Եղեռնագործութեամբե:
Անուհետեւ, ատենապետուհի Մանուկեան խօսքը ուղղելով ընկ. Դոկտ. Մարգարեանին յայտնեց.- “Վարձքդ կատար. կը հաւատանք որ առանց անցեալի կարելի չէ ապագայ կերտել, եւ դուք մեր անցեալի այս արժէքները մեզի եւ օտարներուն ներկայացնելով Սուրբ գործ մը կատարած էք“:
Ապա Մանուկեան բեմ հրաւիրեց Նայիրի Կարապետեանը, որպէսզի վարէ օրուայ հանդիսութիւնը: Յայտագրին գեղարուեստական բաժինը նուիրուած էր 13 նահատակներուն ութին գրողներու գործերէն անգլերէնի թարգմանուած հատուածներու ընթերցումներ: Կարապետեան հակիրճ գիծերու մէջ ներկայացուց Նայիրի Գայսէրեանի, Րաֆֆի Վանտէվէլտը, Լարա Ներսէսեանի, Սանան Մալգաճեանի, Կրէկըրի Կարապետեանի, Արի Սաղըրեանի, Մէրի Մանուկեանի եւ Նայիրի Թիֆէնքճեանի կենսագրութիւնները: Ութ երիտասարդ հայաշունչ տղաք ու աղջիկներ յաջորդաբար սքանչելիօրէն մեկնաբանեցին Մելքոն Կիւրճեանի “Անուան Ութօրեակ“ը, Թլկատինցիի “Թռչունի Դատաստան“ը, Գեղամ Բարսեղեանի “Պզտիկ բանուորի արկած“ը, Սիամանթոյի “Խեղդամահ“ը եւ “Պար“ը, Դանիէլ Վարուժանի “Օրհնութիւն“ը եւ “Ջարդ“ը, Ռուբէն Սեւակի “Ջարդին խենթ“ը, ինչպէս նաեւ իր գրութիւնէն “Մոմ“ը Որմէ ետք, խումբը հաւաքաբար մեկնաբանեց “Ահա Մենք Կու Գանք“ը:
Հանդիսութեան աւարտին, հանդիսավարը բեմ հրաւիրեց Արժպ. Տէր Հայրը որպէսզի կատարէ հանդիսութեան փակումը: Արժպ. Տէր Հայրը, առաջին հերթին գնահատեց Դոկտ. Հրանդ Մարգարեանը, Մեծ Եղեռնի 100-ամեակի առիթով նահատակուած հայ մտաւորական փաղանգին 13-ին, գործերէն հատուածներու անգլերէն լեզուի թարգմանութիւնը: Հայ Դատի աշխատանքներու մարզէն ներս, կարեւոր աշխատանք մըն է, Ցեղասպանութիւնը միջազգային հանրութեան ներկայացնելու: Մարգարեան լուրջ մտաւոր աշխատանք մը կատարած է հայ գրականութիւնը ծանօթացնելու միջազգային հանրութեան: Ան, իր գիրքի սկզբնաւորութեան, հակիրճ ակնարկ մը կատարած է Հայ ժողովուրդի ու անոր պատմութեան ու հայրենիքին, ընդգրկելով՝ հայ ժողովուրդին լեզուն, գրականութիւնը, կրօնքին, եւ անդրարարձած է նաեւ՝ 301 թուականին, Գրիգոր Լուսաւորչի ջանքերով, հայ ժողովուրդի Քրիստոնէութիւնը պետական կրօնք հռչակման, մշակոյթին տարբեր մարզերուն, եւ քաղաքական բնագաւառէն ներս անոր արձանագրած նուաճումներուն, սկսելով՝ Հայկ Նահապետէն, Ուրարտուի, Երուանդունիներու, Արտաշէսեան, Արշակունեաց, Բագրատունեաց, Կիլիկիոյ Ռուբինեաց իշխանութեան եւ ապա թագաւորութեան շրջաններուն: Հայաստան Օսմանեան բռնատիրութեան ներքեւ, Ռուսական եւ Եւրոպական մեծ տէրութիւններու կողմէ ի նպաստ հայութեան եղած դաշնագիրներուն, 1895ին, Համիտեան կոտորածներուն: Ապա՝ 1918-1920 Հայաստանի անկախ հանրապետութեան,1920-1991 Հայաստան Խորհրդային Միութեան ներքեւ, եւ 1991ին Հայաստանի վերանկախացումը:
Նոյնպէս գնահատական խօսք ուղղեց “Համազգային“ Հայ Մշակութային միութեան եւ վարչութեան, գաղութի ազգային կեանքին մէջ նմանօրինակ ձեռնակներուն մասնակից կը դարձնեն ամերիկածին հայ պարման-պարմանուհիները, անոնց միտքն ու հոգին կը լիցքաւորէն, նոր շունչ եւ արիւն ներարկելով ազգային իտէալներուն եւ հայ մշակոյթի գանձերուն նկատմամբ:
Տէր Հօր “Պահպանիչ“ով հանդիսութիւնը հասաւ իր աւարտին:
Դոկտ. Հրանդ Մարգարեան Միացեալ նահանգներու եւ յատկապէս Նիւ Եորքահայութեան կեանքէն ներս ճանչցուած է որպէս մտաւորական, գրող, թատերագիր, բեմադրիչ ու դերասան: Ան, իր այս եզակի գործով նոր ուղղի մը բացաւ Մեծ Եղեռնի զոհ գացած հայ գրողներու գործերը եւ Ցեղասպանութիւնը ծանօթացնելու օտար հանրութեան եւ միջազգային բեմերուն: Կը շնորհաւորենք իր կատարած աշխատանքը, եւ նորանոր յաջողութիւններ կը մաղթենք իր գրական ասպարէզին:
Հանդիսութեան աւարտին ատենապետուհիին կոչին ընդառաջելով ներկաներէն շատեր մօտեցան եւ ունեցան հեղինակին կողմէ մակագրուած գրքերը:
Ա. ԳԱՐԱՏՕԼԵԱՆ