Յօդուածներ

Հոգեգալուստի Տիեզերական Պատգամն Ու Շնագլուխ Կերպարներու Խորհրդաբանութիւնը Հայկական Պատկերագրութեան Մէջ

Ուոլթըրզի արուեստի թանգարան (Պալթիմոր), W. 539, Չորս Աւետարաններ, 1262 թ., Հոգեգալստեան մանրանկար, ծաղկող` Թորոս Ռոսլին, թղթ. 379r։

Դոկտ. Աբէլ քհնյ. Մանուկեան

«Սարսափելի հողմոյ նըման ահեղագոչ սաստիկ հընչմամբ
Երեւեցար ի Վերնատանն Հոգիդ դասուն երկոտասան,
Որք առ ի Քէն մըկըրտեցան, որպէս զոսկի հրով մաքրեցան,
Մաքրեա ի մէնջ զմէգ մեղաց եւ ըզգեցո ըզլոյս փառաց»:

(Շարական)

Հոգեգալուստը քրիստոնէա­կան եկեղեցական հիմնարար տօներէն մին է։ Այս առթիւ Եկեղեցին կը յիշատակէ Ս. Հոգիին իջնելը Յիսուս Քրիս­տոսի աշակերտներուն վրայ, ինչպէս ան կ’աւանդուի Նոր կտակարանի Գործք առա­քելոց գիրքին մէջ (Գործք 2,1–13)։ Տօնը ունի թէ՛ փրկա­գործական եւ թէ՛ եկեղեցա­բանական մեծ նշանակու­թիւն, որովհետեւ ան կը նկա­տուի Աւետարանի տիեզերա­կան քարոզչութեան սկիզբը, եւ հետեւաբար՝ «Եկեղեցւոյ տարեդարձը կամ ծննդեան օրը»։ Հոգեգալուստը միա­ժամնակ կը վկայէ Ս. Հոգիին մշտական ու աստուածային ներկայութիւնը հաւատաց­եալներու համայնքին՝ այսինքն Եկեղեցիին մէջ։

«Հոգեգալուստ» անունը կը բխի յունարէն «պենտեկոս­տէ» (πεντηκοστή) բառէն, որ կը նշանակէ «յիսներեակ» կամ «յիսուներորդ օր»։ Այս անունը կը մատնանշէ տօնին տեղը եկեղեցական օրացոյ­ցին մէջ, քանի որ Հոգեգալուստը կը տօնուի Զատիկէն յիսուն կամ Քրիստոսի համբար­ձումէն տասը օր ետք։ Այսպիսով կը բոլորուի եւ աւարտին կը հասնի զատկական տօ­նակատարութեանց շրջանը։ Նկատի ունենալով, որ այս տօնին թուականը կախեալ է Ս. Զատկի թուականէն, հետեւաբար նոյնպէս Հոգեգալուստը շարժական տօն է, եւ անոր կիրակին կրնայ հանդիպիլ մայիս 10-էն մինչեւ յունիս 13։

Նոր կտակարանի հոգեգալստեան պատմութիւնը սերտօրէն կապուած է հրէական «Շաւուոթ» կամ «Շաբաթներու տօն»-ին հետ, որ նոյնպէս կը տօնուի Պասեքէն յիսուն օր ետք։ Սկզբնական շրջանին «Շաւուոթ»-ը բերքահաւաքի տօնն էր, սակայն հետա­գային ան կապուեցաւ նաեւ Սինա լեռան վրայ «Տասնաբանեայ պատուիրաններ»-ու ստացման եւ Աստուծոյ ու Իսրայէլի ժողովուրդին միջեւ ուխտի հաստատման յիշատա­կին հետ։ Այս զուգահեռը ցոյց կու տայ, որ քրիստոնէական Հոգեգալուստը,– թէպէտ տարբեր բովանդակութեամբ,– կապ ունի հրէական սինակոկային արարողութիւններու արմատներուն հետ։ Ընդսմին քրիստոնէութիւնը, որ միանգամայն հրէութենէ սերած է, նախորդ կրօնական աւանդութիւնները վերաիմաստաւորած է Քրիստոսի իրադարձու­թեան լոյսին տակ։

Advertisement Subscribe Today

Յատկանշական երեւոյթ է, որ մինչ տարբեր քոյր եկեղեցիներու եւ լեզուներու մէջ այս տօնը «Պենտեկոստէ» անունով կը նշանաւորուի, հայերէնի մէջ «Պենտեկոստէ» անու­նին հետ շատ աւելի Հոգեգալուստ բառակապակցութիւնը կը կիրառուի, որ, իսկու­թեան մէջ, տօնին բովանդակութիւնն ու իմաստը աւելի արտայայտիչ կը դարձնէ։

Գործք առաքելոցի համաձայն՝ Յիսուսի աշակերտները բազմաթիւ ուխտաւորներու հետ Երուսաղէմ կը գտնուէին, երբ տեղի ունեցաւ «հոգեգալստեան հրաշքը»։ Անոնք, ըստ սովորութեան, մէկտեղուած էին վերնատան մէջ, երբ Ս. Հոգին յայտնուեցաւ հրե­ղէն լեզուներու կերպարանքով եւ հզօր հողմի ձայնով։ Ներկաները լեցուեցան Ս. Հո­գիով եւ սկսան խօսիլ տարբեր լեզուներով, որպէսզի Յիսուս Քրիստոսի պատգամը հասկնալի դառնայ բոլոր ժողովուրդներուն։ Լեզուներու այս հրաշքը խորհրդանշական մասնաւոր իմաստ մը ունի․ մինչ Բաբելոնի աշտարակի պատմութիւնը (Ծննդոց ԺԱ) լեզուներու խառնակութեան եւ հաղորդակցութեան պակասին պատճառով կը նկա­րագրէ մարդկութեան բաժանումը, Հոգեգալուստը կը ներկայացնէ փոխըմբռնումը, միութիւնն ու հաշտութիւնը՝ լեզուական ու մշակութային սահմաններէն անդին։

Թէպէտ Գործք առաքելոց գիրքին մէջ առաքեալներէ բացի ուրիշ անձերու ներկայու­թիւնը նշուած չէ, բայց ենթադրելի է, որ Աստուածամայրը, Մարիամ Մագթաղենացին, գուցէ եւ Իւղաբեր կանայք առաքեալներուն հետ հոն գտնուած էին, ուր սովորաբար գաղտնի կը հաւաքուէին եւ միասին կ’աղօթէին։

Աստուածաբանական իմաստով Ս. Հոգին կ’ընկալուի որպէս աստուածային զօրու­թիւն, որ հաւատք կը ներշնչէ, համայնք կը կազմէ եւ կ’օժտէ մարդը երկնաւոր շնորհ­ներով՝ Քրիստոսի հետեւելու համար։ Առաքեալները, մանաւանդ Պետրոս, ապա Պօ­ղոս, Հոգեգալուստէն ետք հրապարակաւ կը սկսին քարոզել։ Այսպիսով, քրիստոնէու­թեան պատգամը նախ կը տարածուի Միջերկրականի աւազանին շուրջ գտնուող եր­կիրներուն մէջ, հուսկ ան կը դառնայ աշխարհաքարոզ կրօն մը։ Եկեղեցին այդ պահէն ի վեր ինքզինք կը հասկնայ որպէս Ս. Հոգիով միացած համայնք, որուն առաքելութիւնն է Աւետարանի քարոզչութիւնը ամբողջ աշխարհին։ Այսպէս պատգամած էր Տէրը, երբ Ան յետ յարութեան Գալիլիոյ մէջ հանդիպած էր աշակերտներուն՝ տալով անոնց տիեզե­րական առաքելութիւն մը. «Գացէ՛ք ինծի աշակերտ դարձուցէք բոլոր ազգերը, զանոնք մկրտեցէ՛ք Հօր, Որդիին եւ Ս. Հոգիին անունով» (Մտ. ԻԸ, 19)։

Այս առումով Հոգեգալուստը մեծ նշանակութիւն ունի Եկեղեցւոյ ընկալումին համար։ Եկեղեցին նախեւառաջ հաստատութենական կառոյց մը չէ, այլ Ս. Հոգիով կազմուած հաւատացեալներու կենդանի հաղորդակցութիւն եւ հաղորդութիւն՝ Տիրոջ Մարմնի ու Արեան խորհուրդին հետ։ Ս. Հոգին եկեղեցական միութեան աղբիւրն է, բայց միաժա­մանակ անոր բազմազանութեան հիմքը։ Եկեղեցին չի կրնար ընկալուիլ իբրեւ միաձեւ ու միատեսակ իրականութիւն․ անոր կարեւորագոյն արժանիքներէն մին բազմազանու­թիւնն է։ Արդարեւ, Եկեղեցին միութիւն է բազմազանութեան մէջ, ուր կը պահպանուին իւրաքանչիւրին ինքնութիւնը եւ արժանապատուութիւնը, պատմութիւնը, աւանդու­թիւնը, մշակոյթն ու լեզուն, բայց բոլորը կը միաւորուին ի Քրիստոս՝ սիրոյ եւ հաւատքի միութեան մէջ։

Սոյնը ակնյայտ կը դառնայ հոգեգալստեան իրադարձութեամբ, երբ տարբեր ազգերէ եւ մշակոյթներէ Երուսաղէմ ժամանած մարդիկ՝ պարթեւներ, մարեր, ելամացիներ, միջա­գետքցիներ, հրէաստանցիներ, կապադովկիացիներ, պոնտացիներ, ասիացիներ, փռիգ­իացիներ եւ պամփիլիացիներ, եգիպտացիներ, Կիրենիայի շրջանէն լիպիացիներ, Հռո­մէն եկած հրեաներ եւ հրէութեան դարձած նորահաւատներ, կրետացիներ եւ արաբ­ներ, նոյն պատգամը կը լսեն՝ իւրաքանչիւրը իր լեզուով։ Հետեւաբար համընդհանրու­թիւնը եւ մշակութային բազմազանութիւնը ոչ թէ անհաշտ հակասութիւններ կը մնան, այլ մաս կը կազմեն Եկեղեցւոյ էութեան։ Արդարեւ, Ս. Հոգւոյն շնորհներով ներշնչուած առաքեալներ այնպիսի արժանահաւատ եւ հզօր համոզումներով կը վկայեն Քրիստոսի փրկագործ իրողութեան մասին, որ տարբեր լեզուներէ եւ մշակոյթներէ Երուսաղէմ ուխտի եկած մարդիկ միանգամայն կը համոզուին ու կը դառնան անդրանիկ նորա­դարձ քրիստոնեաները։

Յատկանշական է, որ Հոգեգալուստի տօնին խորհրդանիշերը նոյնպէս կը բովանդակեն աստուածաբանական ճշմարտութիւններ։ Սպիտակ աղաւնին վաղ ժամանակներէ ի վեր դարձած է Ս. Հոգիին խորհրդանիշը։ Պէտք չէ մոռնալ, որ Աւետարանի վկայութեան համաձայն՝ Յիսուսի մկրտութեան պահուն Ս. Հոգին աղաւնակերպ երեւցաւ եւ իջաւ Անոր վրայ եւ երկինքէն լսուեցաւ ձայն մը, որ կ’ըսէր. «Այս է իմ սիրելի Որդիս, որուն ես հաճեցայ» (Մտ. Գ, 16–17)։ Արդարեւ, Ս. Հոգին կը խորհրդանշէ խաղաղութիւն, սրբու­թիւն, մաքրութիւն եւ Աստուծոյ ներկայութիւն։ Նաեւ կրակը եւ հովը կը խորհրդանշեն Ս. Հոգիին կենարար ու նորոգիչ զօրութիւնը։ Այս պատկերները կը շեշտեն, որ քրիս­տո­նէական աւանդութեան եւ ընդհանրապէս Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ Ս. Հոգին շարժուն, գործուն, վերափոխող եւ հրաշագործ ներկայութիւն է։

Պատմականօրէն Հոգեգալուստը Եկեղեցւոյ կազմաւորման վաղագոյն շրջաններուն դարձաւ առանձին քրիստոնէական տօն մը։ Արդէն երկրորդ դարուն Զատիկէն յիսուն օր ետք առանձնայատուկ կը նշուէր՝ նախ Համբարձման տօնին հետ միասին։ Չորրորդ դարէն սկսեալ Հոգեգալուստը հաստատուեցաւ որպէս Ս. Հոգիին նուիրուած ինքնու­րոյն տօն։

Հին շրջաններուն, ինչու չէ որոշ եկեղեցիներու մէջ նաեւ այսօր, Հոգեգալուստը սերտ կապ ունի մկրտութեան խորհուրդին հետ։ Գործք առաքելոց գիրքին մէջ Պետրոս առաքեալ իր նշանաւոր ելոյթին ընթացքին զինք ունկնդրող ժողովուրդը կը հրաւիրէ մկրտուելու Յիսուս Քրիստոսի անունով։ Փրկութեան աւետիսը կ’ոռոգէ հազարաւոր­ներու պապակ հոգին, եւ իսկոյն, տեղւոյն վրայ, երեք հազար հոգի կ’աւելնայ Քրիստո­սի առաջին հետեւորդներու փոքր ածուին վրայ։

Ամփոփելով կարելի է ըսել, որ Հոգեգալուստը պարզապէս անցեալի պատմական դէպքի մը յիշատակութիւնը չէ։ Ան կը վկայէ Ս. Հոգիին մշտական ներկայութիւնը Եկեղեցիին ու աշխարհի մէջ։ Տօնը կը խորհրդանշէ հաւատք, հաղորդակցութիւն, միութիւն, նո­րոգութիւն եւ հոգեւոր վերածնունդ։ Աստուածաբանական տեսանկիւնէ Հոգեգալուստը կը խորհրդանշէ անցումը Քրիստոսի յարութենէն դէպի Եկեղեցւոյ աշխարհին մէջ գոր­ծուն առաքելութեան։ Հետեւաբար ան կը մնայ քրիստոնէական ինքնութեան եւ եկեղե­ցական ինքնագիտակցութեան հիմնական առանցքներէն մէկը։

Յոյժ հետաքրքրական են բիւզանդական, նաեւ հայկական պատկերագրութեան մէջ հոգեգալստեան պատմական իրադարձութիւնը ներկայացնող խորհրդանշաններն ու անձերը. աղաւնակերպ Ս. Հոգին, հրեղէն լեզուները, որոնք կը հանգչին առաքեալնե­րուն վրայ, որոնց շրջապատին մէջ յաճախ կը գտնուի նաեւ Մարիամ Աստուածամայ­րը, ապա խորանի մը ներսիդին՝ Երուսաղէմի մէջ հաւաքուած ժողովուրդի ներկայա­ցուցիչներէն պարթեւներ, մարեր եւ ելամացիներ կամ իլամացիներ։

Ելամացիք կամ եղամացիները հին ժողովուրդ մըն էին, որոնք կ’ապրէին Միջագետքէն արեւելք՝ ներկայ հարաւ-արեւմտեան Իրանի երբեմնի Ելամի (կամ Եղամի) շրջանին եւ այսօրուան Խուզեստան նահանգի տարածաշրջանին մէջ։ Անոնց մայրաքաղաքը Սու­սան էր։ Ելամացիները ունէին իրենց ինքնուրոյն լեզուն եւ մշակոյթը եւ կը նկատուէին Հին արեւելքի հնագոյն քաղաքակրթութիւններէն մէկը։ Անոնց քաղաքակրթութիւնը գոյատեւեց մօտաւորապէս Ք.ա. 3200-էն մինչեւ Ք.ա. 539 թուականները։

Տարօրինակօրէն մանրանկարի ստորին մասին կեդրոնը՝ կիսախորանի մէջ կը յայտ­նուի շնագլուխով պատկերուած անձ մը, որ շատ մը մեկնիչներ զայն ելամացիի մը կեր­պարին վերագրած են։ Անոնք դիւրիմացաբար կարծած են, թէ ելամացիներ Եթովպիոյ մօտերը ապրող վայրենաբարոյ, նոյնիսկ մարդակեր ցեղախումբէ մըն են, ուստի ծաղ­կողներ զանոնք ներկայացուցած են շնագլուխի կերպարով, իբրեւ գիշատիչ մարդա­կերներ։

Բայց հոս լուրջ հարց մը կը ծագի, թէ մարդակեր ելամացի մը ինչո՞ւ Երուսաղէմ պիտի գար՝ հրէական սփիւռքէն ժամանած միւս հրեաներուն հետ տօնելու համար «Շա­ւուոթ»-ը կամ «Շաբաթներու տօն»-ը։ Արդարեւ, շնագլուխ մարդոց նմանող այդ կեր­պարները, որոնց կարելի է հանդիպիլ յունական դիցաբանութեան մէջ, կը վերաբերին այսպէս կոչ­ուած «քինոքեֆալ»-ներուն (յուն.՝ κυνοκέφαλοι շնագլուխներ)։

Այսպէս, ուրեմն, շնագլուխներու պատկերացման ծագումը կը գտնուի հին յունահռո­մէա­կան ազգագրական պատկերացումներուն եւ երեւակայական մտայղացումներուն մէջ, մինչ անոր հետագայ զարգացումը ստացած է քրիստոնէական խորհրդաբանական իմաստ՝ արտայայտելով Աւետարանի աշխարհաքարոզ բնոյթն ու բոլոր ազգերուն ուղ­ղուած համընդհանրութիւնը։

Քրիստոնէական մանրանկարչութեան մէջ ներկայացուած շնագլուխները, փաստօրէն, ժամանակակից իմաստով «հրէշներ» չեն, այլ միջնադարեան խորհրդանշական պատ­կերագրութեան մաս կը կազմեն եւ ունին տարբեր իմաստներ.

ա) Աշխարհի հեռաւոր ժողովուրդները

Հին եւ միջնադարեան աշխարհագրական պատկերացումներուն համաձայն՝ աշ­խարհի հեռաւոր ծայրամասերուն մէջ կ’ապրէին տարօրինակ եւ անծանօթ ժողո­վուրդներ, որոնց շարքին նաեւ՝ շնագլուխները։ Օրինակ՝ Պլինիոս Աւագի նման հե­ղինակներ իրենց ստեղծագործութիւններուն մէջ անոնց բազմիցս անդրադարձած են։ Քրիստոնէական պատկերագրութեան մէջ, սակայն, անոնք պարզապէս կը խոր­հրդանշեն աշխարհի ամենահեռաւոր եւ անծանօթ ազգերը։

բ) Աւետարանի համընդհանրութիւնը

Գործ առաքելոց գիրքի Բ. գլուխին մէջ կը պատմուի, թէ Հոգեգալուստին բազմաթիւ ազգերէ մարդիկ Երուսաղէմ գտնուելով՝ Պետրոս առաքեալին խօսքը իրենց լեզու­ներով լսեցին եւ ընբռնեցին Քրիստոսով մարդկութեան շնորհուած փրկութեան ա­ւետիսը։ Շնագլուխ կերպարներու պատկերումը կը նշանակէ, որ Քրիստոսի Աւե­տարանը հասանելի է բոլոր ժողովուրդներուն, նոյնիսկ աշխարհի ամենահե­ռաւոր ցամաքամասերուն մէջ բնակող օտար ազգերուն։

գ) «Օտարին» կերպարանափոխութիւնը

Հայկական եւ բիւզանդական պատկերագրութեան մէջ աւանդուող այս շնագլուխ կերպար­ները կը խորհրդանշեն նաեւ «վայրենի» կամ «բարբարոս» համարուած մարդուն փոխակերպումը Քրիստոսի միջոցով։ Քրիստոնէութիւնը կը յաղթահարէ ցեղի, գոյնի, սեռի եւ մշակոյթի վերաբերեալ բոլոր բաժանումները, կը գնահատէ մարդը իր աստուածնմանութեան արժէքով եւ զայն կը բարձրացնէ մարդկային իրաւունքի ու արժանապատուութեան պատուանդանին։ Մարդը, անկախ իր ունե­ցած ցե­ղային եւ մշակութային բազմատեսակ տարբերութիւններուն, կոչուած է Քրիս­տոսի միջոցով զԱստուած ճանչնալու եւ փրկութեան արժանանալու։

Արդ, հայկական պատկերագրական աւանդութեան մէջ այս խորհրդանշանները կ’ար­տայայտեն նաեւ տիեզերական եւ համամարդկային իմաստ մը. Հոգեգալուստը կը ներ­կայացուի իբրեւ ամբողջ մարդկութեան ուղղուած իրադարձութիւն, ուր բոլոր ազգերն ու լեզուները միացած են Ս. Հոգիին պարգեւած շնորհներով։ Հետեւաբար շնագլուխ կերպարները պէտք չէ մեկնաբանել որպէս մարդակեր դիւային էակներ։ Հայկական պատկերագրական աւանդութեան մէջ անոնք կը խորհրդանշեն աշխարհի հեռաւոր եւ օտար ժողովուրդները՝ ընդգծելով Քրիստոսի պատգամին համամարդկային եւ տիե­զերական բնոյթը։

Ժընեւ, 24 Մայիս 2026

Տօն գալստեան Հոգւոյն Սրբոյ՝ Հոգեգալուստ

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button